Դասախօսութիւն` «Կենսանիւթերու Եւ Հանքային Աղերու Կարեւորութիւնը» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 17 ապրիլ 2013-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կենսանիւթերու եւ հանքային աղերու կարեւորութիւնը» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան: Ան ծանօթացնելէ ետք դասախօսը նշեց, թէ կենսանիւթերն ու հանքային աղերը անհատի մարմինը չ՛արտադրեր, այլ անոնք կը հայթայթուին սնունդին միջոցով: Առողջ կենսակերպ մը ունենալու համար հաւասարակշռուած սնունդ ունենալը անհրաժեշտ է եւ անիկա կը ներառէ բոլոր տեսակի ուտելիքները (բանջարեղէն, կաթնեղէն, ընդեղէն եւ այլն):

Տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան դասախօսութեան սկսաւ նշելով, որ կան այնպիսի հիւանդութիւններ, որոնք արդիւնք են նիւթափոխանակման համակարգին խանգարման: Բանախօս բժիշկը  բացատրեց նիւթափոխանակման գործունէութեան ընթացքը անհատին  մարմինին մէջ:

Նիւթափոխանակութիւնը մեր մարմնին մէջ կը կարգաւորուի կենսանիւթերու եւ հանքային աղերու միջոցով: Կենսանիւթերը յայտնաբերուած են տարիներու ընթացքին աստիճանաբար, անոնք թիւով 13 են:

Տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան յաջորդաբար նշեց կենսանիւթերը, որոնք հիմնականօրէն բաժնուած են երկու խումբերու:

ա.- Ճարպալոյծ կենսանիւթեր ( Ա, Տէ, Էօ, Քա)
բ.- Ջրալոյծ կենսանիւթեր (Պէ եւ իր խումբերը եւ Սէ)

1.- Կենսանիւթ  Ա: Այս կենսանիւթը կը գտնուի այն մրգեղէններուն մէջ, որոնք դեղին գոյնը եւ դեղինի ընտանիքի այլ գոյները ունին, օրինակ (նարինջը, ստեպղինը, սեխը եւ այլն): Այս կենսանիւթին ոչ բաւարար քանակը մեր մարմնին մէջ կը պատճառէ հաւկուրութիւն կամ գիշերային կուրութիւն:

2.- Կենսանիւթ  Էօ-ն կը կոչուի մարզիկներու կենսանիւթ: Այս կենսանիւթը կը գտնուի ցորենի հատիկներուն, հաւկիթի դեղնուցին եւ կաղինին մէջ:

3.- Կենսանիւթ Քա-ն անհրաժեշտ դեր ունի արեան մակարդելիութեան մէջ: Այս կենսանիւթը կը գտնուի հաւկիթի դեղնուցին, պանիրին, կանաչ տերեւ պարունակող բանջարեղէններու մէջ:

4.- Կենսանիւթ Տէ-ն գլխաւորաբար առնչուած է ոսկորներու կազմութեան եւ յատկապէս քալսիոմի եւ ֆոսֆորի ներծծման ու նիւթափոխանակման: Այս կենսանիւթը կը գտնուի կիտրոնին, նարինջին, ձուկին եւ այլ ուտեստեղէններուն մէջ: Բնութեան մէջ արեւի ճառագայթները մեզի կը փոխանցեն այս կենսանիւթը:

5.- Կենսանիւթ Պէ  (եւ իր ընտանիքը)` Պէ1, Պէ2, Պէ3, Պէ5, Պէ6, Պէ9 եւ Պէ12):

Կենսանիւթ Պէ1 ընդհանրապէս կը գտնուի պանանի, կորեկի, պրոքոլիի եւ աւոքայի մէջ: Այս կենսանիւթին անբաւարարութիւնը կը պատճառէ ախորժակի անկում, դիւրագրգռութիւն, որոնք հիմնական ախտանշանները կը հանդիսանան:

Կենսանիւթ Պէ12 կը գտնուի այն ուտելիքներուն մէջ, որոնք կենդանական ծագում ունին: Այս կենսանիւթը անհրաժեշտ է արեան կարմիր գնդիկներու կազմաւորման մէջ, այս կենսանիւթի անբաւարարութիւնը կրնայ արեան տկարութիւն պատճառել:

6.- Կենսանիւթ Սէ: Այս կենսանիւթը կը գտնուի կիտրոնի, նարինջի, կաղամբի եւ այլ պտուղներու մէջ:

Այս կենսանիւթը կարեւոր դեր ունի երկաթի ներծծման մէջ, ինչպէս նաեւ մարմնի ընդհանուր պաշտպանողական համակարգի աշխուժացման մէջ:

Այս բաժինը ամբողջացնելով` դասախօսը բացատրեց կենսանիւթերու անբաւարարութեան պատճառներն ու հետեւանքները, անոնց ախտաճանաչման միջոցները, եւ վերջապէս` ինչպէ՞ս կարելի է կանխարգիլել այս բոլորը:

Երկրորդ բաժինով տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան խօսեցաւ հանքային աղերուն մասին: Անոնք անհատի մարմնին մէջ միասնաբար կ՛աշխատին կենսանիւթերուն հետ: Հանքային աղերը մարմնի արտադրութիւն չեն, այլ պէտք է իբրեւ սնունդ ստանանք:

Հանքային աղերը կարելի է բաժնել երկու խումբերու` նկատի առնելով անոնց քանակային անհրաժեշտութիւնը անհատին համար: Աղեր, որոնք մեծ քանակութեամբ անհրաժեշտ են` քալսիոմը, քլորայտը, մակնեզիոմը, ֆոսֆորը, փոթասիոմը, սոտիոմը  եւ այլն: Հանքային այն աղերը, որոնք փոքր քանակութեամբ անհրաժեշտ են, օրինակ քափըրը, քրոմիոմը, ֆլորայտը, այոտինը եւ այլն: Վերոնշեալ հանքային աղերուն անբաւարարութիւնը կրնայ պատճառել մարմնի առողջապահական տարբեր խանգարումներ, հիւանդութիւններ, ինչպիսին են արեան տկարութիւնը, տկար ոսկորներու կազմութիւնը, վահանագեղձի խանգարումներ եւ այլն:

Աւարտին տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն` տարբեր օրինակներով եւ բացատրութիւններով: