Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ մեծ է դերը Լիբանանահայ օգնութեան խաչին, որ իր թեւերը լայն բացած կը բժշկէ հայ ժողովուրդի կարիքաւորները` թէ՛ մարմնական առողջութիւն պարգեւելով, եւ թէ հոգեպէս ուրախացնելով զանոնք, իրականացնելով անոնց գրեթէ բոլոր երազները: Ահա այս գիտակցութեամբ է, որ ԼՕԽ-ը հիմը դրած է Կազդուրման կայանին, որպէսզի առողջ մթնոլորտի մը մէջ ուրախութիւն պարգեւէ հայ կարիքաւոր փոքրիկներուն, որոնք կու գան տարբեր շրջանակներէ եւ…
ԱւելինՄԱՆՈՒՇԱԿ ԳԻԶԻՐԵԱՆ ԼՕԽ-ի Կազդուրման կայանին կարեւորութիւնը կը կայանայ ոչ միայն մարմնակրթութեան մէջ, այլ նաեւ` հոգեկանի: Երեխային ֆիզիքական առողջութիւնը անհրաժեշտ է այնքան, որքան` հոգեկանի խաղաղութիւնը: 1993 եւ 1994 թուականներուն տեղի ունեցած Կազդուրման կայանը Այնճարի մէջ, որ կը վայելէր ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնը, մեծին եւ փոքրիկին մտքին, հոգիին մէջ շատ գեղեցիկ տպաւորութիւն ձգած էր, ինչպէս նաեւ` Այնճարի…
ԱւելինԻՐՄԱ ՃԷՐԷՃԵԱՆ Սովորական մեր գիտցած դպրո՞ցն է: - Ո՛չ, իւրայատուկ դպրոց մըն է: Ամառնային խաղավայր-դպրո՞ց է: - Ո՛չ, ամառնային ծրագիր մըն է, սակայն սովորական ամառնային խաղավայր մը չէ: Սկաուտական կամ պատանեկան բանակո՞ւմ է: - Ո՛չ, ո՛չ, ո՛չ, այդ ալ չէ: Հապա ի՞նչ է ԼՕԽ-ի Կազդուրման կայանը, որ տասնեակ տարիներէ ի վեր կը գործադրուի: - ԼՕԽ-ի Կազդուրման կայանը այն ծրագիրն է, որ իր հովանիին տակ կը համախմբէ 60-ի շուրջ պատանիներ` զանազան…
ԱւելինԳԱՐՈԼԻՆ ՓՈՒՇԵԱՆ-ԹԵՐԶԵԱՆ Որբ եւ կարիքաւոր երեխաներուն հետ գործունէութիւն ծառայելը ե՛ւ մարդասիրական ե՛ւ անհատականութեան կազմաւորման իմաստով ունին իրենց կարեւոր նշանակութիւնն ու արժէքը: 15 տարիներ առաջ ստանձնեցի ԼՕԽ-ի Կազդուրման կայանի պատասխանատուութիւնը` երեք շաբաթներու ընթացքին ապրելով երեխաներուն հետ ու բաժնելով անոնց ուրախութիւններն ու ցաւերը: 60 երեխաներուն ու պատանիներուն հետ ունեցայ ջերմ կապուածութիւն: Անոնցմէ շատեր…
ԱւելինՇՈՂԱԿ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ Ահաւասիկ հինգ տարիները անցան հինգ օրերու նման, Կազդուրման կայանը եղաւ սիրոյ ու գուրգուրանքի կեդրոն: Բազմաթիւ մանուկներ եւ մենք դարձանք մէկ ընտանիք: Մենք հոն չէինք միայն սորվեցնելու, այլ նաեւ` սորվելու: Ոչ միայն տալու, այլ նաեւ` ստանալու: Սորվեցանք նուիրել մօր մը գուրգուրանքը, սորվեցուցինք յարգանք ու ընկերասիրութիւն, տուինք խրատներ, համեստութեան, կենցաղավարութեան եւ մարդասիրութեան: Ա՛յս է Կազդուրման…
ԱւելինՄՈՎՍԷՍ Թ. ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ Ազգերը կը յարատեւեն, երբ կարենան առողջ սերունդ պատրաստել: Հայ ազգային դաստիարակութեան հիմնական սկզբունքներէն մէկն է երեխաները խնամելու առաքինի պարտականութիւնը: Երբ մենք ազգովին կը գիտակցինք երեխաներու հոգատարութեան անհրաժեշտութեան, արդէն իսկ մեր ազգին յարատեւութեան երաշխիքը ապահոված կ՛ըլլանք: Այս վեհ նպատակէն մեկնելով` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը տասնամեակներէ ի վեր կը կազմակերպէ երեխաներու յատուկ…
ԱւելինՏ. Թ. 19-րդ դարու կէսերուն Կիւրինի մէջ ծնած ու գործած գործարանատէր Յակոբ Գըլպաշեանի որդին` Ալեքսան Գըլպաշեանը, ճաշակելով օսմանեան Թուրքիոյ կազմակերպած ջարդերուն ու Եղեռնի դառնութիւնը, մասնակցելով Մարաշի դիմադրական կռիւներուն եւ յանուն Մարաշի հայ բնակչութեան փրկութեան, արիօրէն կատարելով ֆրանսական հրամանատարութեան կողմէ իրեն վստահուած վտանգաւոր առաքելութիւնը, արժանանալէ եւ ապա մերժելէ ետք իր այդ առաքելութեան համար Ֆրանսական…
Աւելին1951 թուականին Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութիւնը իր սեփական միջոցներով Շթորայի մէջ հիմը կը դնէր «Նիկոլ Աղբալեան» դպրոցին, ընդարձակ սրահ մը, իր յարակից սենեակներով: Սրահին մէջ տեղի կ՛ունենային եկեղեցական արարողութիւնները, իսկ ամառը` ԼՕԽ-ի կողմէ կը վերածուէր ամառնային կազդուրման կայանի: Կազդուրման կայանը հիմնուեցաւ հիւղաւաններու տաք եւ ոչ առողջապահական կլիմային մէջ ապրող չքաւոր ընտանիքներու տկարակազմ…
ԱւելինԼիբանանահայ օգնութեան խաչի գործունէութեան 83-ամեայ երթը լաւագոյն վկան է հայ կնոջ, սփիւռքահայ կնոջ, մօր գիտակից զոհողութեան, անսակարկ ծառայութեան, ստեղծագործ մտքին, բարոյական արժէքներուն ու հայութեան գոյատեւումին նկատմամբ նախանձախնդրութեան աւելի եւս կազմակերպուած հաւաքականութիւն դառնալուն, հզօրացումին հաւատացող ու անոր համար գործող անխոնջ ու հպարտ հայուհին: Բազմաճիւղ գործունէութեամբ հարուստ Լիբանանահայ օգնութեան խաչը այսօր իր…
ԱւելինԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնը եւ հոգածութիւնը վայելող «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանը արդէն սկսած է իր ամառնային շրջանին, որ պիտի երկարի մինչեւ սեպտեմբեր 13: Երկուշաբթի, 1 յուլիս 2013-ին, վերանորոգուած գրադարանը, գոյնզգոյն սենեակներով, ներդաշնակ աթոռ-սեղաններով, նոր խաղալիքներով եւ համակարգիչներով, իր դռները բացաւ 45-50 փոքրիկներու` 4-13 տարեկան: Գրադարանին նպատակն է փրկել հայ մանուկները փողոցի…
ԱւելինԼՕԽ-ի ‘’Կարինէ ‘’ մասնաճիւղի վարչութիւնը իր մասնակցութիւնը բեռաւ ՀՅԴ ‘’Սողոմոն Թէհլիրեան ‘’Կոմիտէի կազմակերպած ‘’Տոհմիկ Օր’’ ձեռնարկին կիրակի 23 Յուլիս 2013-ին, առաւօտեան ժամը 10- էն մինչեւ երեկոյան ճամը10 –ը: Մի քանի օր առաջ ԼՕԽի վարչութիւնը եւ շրջանի խաչուհիները ձեռք ձեռքի տալով սկսած էին պատրաստել համադամ ‘’սարմա’’, ‘’հայկական մանթը ‘’, ‘’պրեոշ’’ եւ պտուղի աղձան: Կիրակի օր Թեհլիրեան ակումբին փողոցը եռուզեռ մը կար……
ԱւելինԼիբանանահայ օգնութեան խաչի տարիներու երազը իրականութիւն դարձաւ, Այնճար հայաւանին մէջ կազդուրման կայանի շէնքին շինարարական աշխատանքներուն լրումով: Շէնքը իր գեղատեսիլ տեսքով, արդիական շինարարութեամբ, այսօր ուշադրութիւնը կը գրաւէ գիւղի այցելուներուն: Սիրտ ուրախացնող, հպարտութիւն առթող այս կառոյցը շուտով կը դառնայ հայու զաւակներուն ֆիզիքական եւ բարոյական կազդուրման կայանը: Արդարեւ` «Արաքսի եւ Ալեքսան Գլպաշեան» նորակառոյց…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ՝ առողջապահական յանձնախումբին եւ Ա. Պուլղուրճեան Ընկերաբժշկական Կեդրոնի նախազգուշականբաժանմունքին, արեան խմբաւորման ցանկագրումի արշաւը որ ընթացք առած էր 21 Ապրիլ 2013-ին, իր վերջին հանգրուանին հասաւ Ուրբաթ 31 Մայիս 2013-ին, յետմիջօրէի ժամը 4-9, Ամանոսի«Սողոմոն Թէհլիրեան» ակումբէն ներս, գործակցութեամբ շրջանի եւ «Նիկոլ Դուման» ակումբի պատկան մարմիններուն, եւ ԼՕԽ-ի…
ԱւելինԱմէն տարի կը տօնուին եկեղեցական եւ ազգային տօներ, ինչպէս որ մայրերու օրը կը տօնեն բազմաթիւ կազմակերպութիւններ, մասնաւորապէս` կնոջական միութիւններ, յատուկ հանդիսութեամբ, յարգանքի, երախտագիտութեան եւ մաղթանքներուն միացնելով նուէր մը, փունջ մը ծաղիկ: Հինգշաբթի, 30 մայիս 2013-ին, ԼՕԽ-ի «Ջ. Շանթ» մասնաճիւղը Տըքուէնիի շրջանի կեդրոնին մէջ կազմակերպած էր ձեռնարկ մը` մայրերու օրուան առթիւ: Ներկայ էին շրջանի մայրերն ու մեծ մայրերը…
ԱւելինԼՕԽի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական Յանձնախումբը եւ ԱՊԸԲ կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքը, յաճախ կը կազմակերպեն շտապ Օգնութեան դասընթացքներ,Լիբանանի Կարմիր խաչի հետ գործակցաբար, գաղութիս տարբեր երիտասարդական կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու, ինչպէս նաեւ հայկական վարժարաններու աշակերտութեանց համար։ 29 Մայիս 2013ին , կէսօրուան ժամը 1-ին , «Թնճուկեան» սրահ հրաւիրուած էին Լեւոն եւ ՍոՖիա Յակոբեան վարժարանէն 40…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 29 մայիս 2013-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մարզանքի դրական ազդեցութիւնը առողջութեան վրայ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց մարձումի մասնագէտ Ռազմիկ Պէօճեքեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց…
Աւելին28 Մայիս 2013-ին, ԼՕԽ-ի “Անի” մասնաճիւղի (Ժտէյտի) դաշտագնացութիւնը սկսաւ առաւօտեան ժամը 8-ին: Ներկայ էին Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհին եւ “Անի” մասնաճիւղի մօտ Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկերուհիները: Լօխ-ի տարբեր մասնաճիւղերէ ընկերուհիներ, մասնաճիւղի վարչութիւնը, շրջանի ընկերուհիները եւ հիւրեր... Ընդամէնը 55 հոգի: Առաջին հանգրուանը ՛Հարիսա՛ Աստուածամօր ուխտավայրն էր, ուր եկեղեցին աղօթք կատարուեցաւ: 2-րդ այցելութիւնը…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանը երկուշաբթի, 27 մայիս 2013-ին կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին հիւրընկալեց մանկական գիրքերու հեղինակ Սալբի Պուլղուրճեան-Սիմիթեանը` ընկերակցութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան գրադարանի ներկայացուցիչ Սիրուն Վարդապետեանի եւ Ցոլինէ Խաչատուրեանի, ներկայութեամբ յանձնախումբի ընկերուհիներուն: Յանձնախումբի ատենապետ Մանուշակ Գիզիրեան բարի գալուստ մաղթելով` փոքրիկներուն ներկայացուց օրուան հիւրը…
ԱւելինԼիբանանահայ օգնութեան խաչի մասնաճիւղերը ամէն տարի տարեկան իրենց ծրագրին մէջ անպայման յատուկ ձեռնարկ մը կը կազմակերպեն` նուիրուած հայ մօր: Այդ մասնաճիւղերէն մէկն էր Ամանոսի շրջանին մէջ գործող «Կարինէ» մասնաճիւղը, որ 23 մայիս 2013-ին Զալքայի «Պուզըր» ճաշարանին մէջ համախմբած էր շրջանի մայրերն ու մեծ մայրերը: Ներկայ էին նաեւ Շրջանային վարչութենէն ընկերուհիներ: Մուտքին ներկաները դիմաւորուեցան վարչական ընկերուհիներու կողմէ…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 22 մայիս 2013-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հերաթափութիւնը եւ անոր պատճառները» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց մորթի մասնագէտ տոքթ. Մարի Գասապեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ…
ԱւելինՀՕՄէն ստացուած նամակի մը առաջարկով ԼՕԽի Շրջանային Վարչութիւնը Չորեքշաբթի 22 Մայիս 2013-ի յետմիջօրէին ԱՊԸԲ կեդրոնէն ներս ընդունեց ՄԱԿի Կանանց Իրաւանց յանձնախումբի ատենապետ՝ Տիկ. Սուն Եանկ Եունը որ 5օրեայ այցելութեամբ մը կը գտնուէր Լիբանան։ Ան շուրջ երկու ժամ տրամադրեց Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչին։ Տիկ. Եունի հետ հանդիպման ներկայ էր Լիբանանցի Կանանց Իրաւանց Ազգային Մարմնի անդամ՝ ընկհ. Սօսի Փօլատեան։ Ընդհանուր ծանօթացումէ ետք…
ԱւելինԵրեքշաբթի, 21 մայիս 2013-ին, ԼՕԽ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղը այս տարի եւս նշեց Հայ մօր տօնը, սակայն այս անգամ` վերանորոգուած ակումբի մէջ: Մասնաճիւղի վարչութեան անդամները ճիգ չէին խնայած ձեռնարկը ճոխ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ անցընելու համար: Մուտքին բաժնուեցան համեստ նուէրներ. բարի գալուստի խօսք ուղղեց ատենապետ Աստղիկ Կէտիկեան, իսկ յայտագիրը շարունակեց Սեւան Կարապետեան-Ադամեան` որպէս օրուան հանդիսավար: Ներկայ էին Շրջանային…
ԱւելինԼՕԽ-ի Թրիփոլիի «Այծեմնիկ» մասնաճիւղը տօնեց Համբարձումը Աշքութի ճաշարաններէն մէկուն մէջ` մասնակցութեամբ ԼՕԽ-ականներու, անոնց զաւակներուն եւ թոռնիկներուն: Թէեւ Համբարձումը տեղի ունեցած է Ձիթենեաց լերան վրայ, սակայն մենք հաւաքուեցանք գարնանային մշտադալար ծառերուն տակ: Այս առիթով ժողովրդային հայկական աւանդութիւններ պահպանելու միտումով պատրաստուած էին քառեակներ, որոնց ընթերցումը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց: Անկէ ետք չափահասներն ու…
ԱւելինԼՕխ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբի եւ նախազգուշական բաժանմունքի կազմակերպած արեան խմբաւորման ցանկագրումի արշաւը շարունակուեցաւ 17 Մայիս 2013 –ին էշրէֆիէյի “Ազատամարտ “ ակումբէն ներս գործակցութեամբ շրջանի պատկան մարմնին եւ ԼՕԽ-ի “Կարս’’ եւ ‘’Հայաշէն ‘’մասնաճիւղերուն իսկ ՄարՄխայել ‘’Տիգրան Ծամհուր ‘’ակումբէն ներս դարձեալ պատկան մարմնի գործակցութեամբ եւ ԼՕԽ-ի ‘’Մեղրի’’ ‘’Զուարթնոց ‘’ եւ’’ Աստղիկ ‘’…
Աւելին






















