ԼՕխ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբի եւ նախազգուշական բաժանմունքի կազմակերպած արեան խմբաւորման ցանկագրումի արշաւը շարունակուեցաւ 17 Մայիս 2013 –ին էշրէֆիէյի “Ազատամարտ “ ակումբէն ներս գործակցութեամբ շրջանի պատկան մարմնին եւ ԼՕԽ-ի “Կարս’’ եւ ‘’Հայաշէն ‘’մասնաճիւղերուն իսկ ՄարՄխայել ‘’Տիգրան Ծամհուր ‘’ակումբէն ներս դարձեալ պատկան մարմնի գործակցութեամբ եւ ԼՕԽ-ի ‘’Մեղրի’’ ‘’Զուարթնոց ‘’ եւ’’ Աստղիկ ‘’ մասնաճիւղերու:Ինչպէս նաեւ 24 Մայիս 2013 ին Սիս -ի ‘’Ազիրեան ‘’ եւ Արագածի շրջանի ‘’Արագած’’ ակումբներէն ներս գործակցութեամբ երկու շրջաններու պատկան մարմիններուն եւ ԼՕԽի ‘’Ազիրեան’’ եւ ‘’Արագած’’ մասնաճիւղերուն:
Վարձքը կատար բոլոր անոնց որոնք քաջալերեցին սոյն արշաւը::






