17-18 Սեպտեմբեր 2013-ին ,Պէյրութի մէջ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի «Ծառայութիւն եւ ընկերային արդարութիւն» միաւորին կազմակերպութեամբ ,տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը՝ «21-րդ դարու ընկերային ծառայութեան Աստուծաբանութիւնը » նիւթով: Հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ընկերուհիներէն՝ Ցոլինէ Խաչատուրեան եւ Ազատուհի Սարգիսեան: Հանդիպումին քննարկուեցան ընկերային ծառայութեան դիմագրաւած…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղին վերջին ընդհանուր ժողովին ներկաներէն ոմանք առաջարկեցին ունենալ պարբերական անդամական հանդիպումներ` աշխուժացնելու համար մասնաճիւղին ընկերային գործունէութիւնը, խանդավառութիւն ստեղծելու շարքերուն մէջ: Այս ծրագրին առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ 10 սեպտեմբեր 2013-ին, «Երեւանեան» ժողովրդային տան սրահին մէջ, ներկայութեամբ մեծ թիւով անդամուհիներու: Օրուան յայտագիրը պիտի ընդգրկէր ընդհանրապէս ՔԱՐԱՕՔԷ…
ԱւելինՓոքր տարիքէս` 5 տարեկանէս կը յաճախեմ ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանը: Անիկա իմ երկրորդ տունս է, ուր կը սորվիմ կարդալ ու զանազան գիտելիքներ կը ստանամ: Հոն նաեւ սորված եմ օգնել ուրիշներուն, ինչպէս նաեւ ինձմէ փոքրերուն, որպէսզի իրենք ալ կարենան զիրար սիրելով օգնել իրարու եւ հաճելի ժամեր անցընել գրադարանին մէջ: ԱՆԱՀԻՏ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ, 13 տարեկան (Շամլեան-Թաթիկեան) 12 տարեկան եմ, շատ կը սիրեմ «Նարօտ Արտալճեան»…
ԱւելինՄուսա լերան հերոսամարտի 98-ամեակի ձեռնարկներու շարքին հինգերորդը տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր` Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ: Աւելի քան 1100 հայրենակիցներ ընդառաջած էին ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի հրաւէրին: Ձեռնարկին ներկայ էր ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը իբրեւ հովանաւոր. ձեռնարկին նախագահութիւնը ստանձնած էր Այնճարի քաղաքապետութիւնը: Ներկայ էին Այնճարի հոգեւոր պետերը, Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ»…
ԱւելինԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Լիբանանահայ գաղութի կազմաւորման եւ հիմնաւորման մէջ իր կարեւոր դերը ունի Լիբանանահայ օգնութեան խաչը, որ շնորհիւ իր կամաւորներու բանակին` աւելի քան ութ տասնամեակներ շարունակ նեցուկ կանգնած է սերունդներուն թէ՛ ֆիզիքական առողջութեան եւ թէ՛ մտային զարգացման, ինչպէս նաեւ ընծայած է այլազան ծառայութիւններ: Այս ծիրին մէջ կ՛իյնայ ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանը: Պուրճ Համուտի հայահոծ թաղերէն մէկուն…
ԱւելինԼՕԽ-ի մանկապատանեկան գրադարանը ծնունդ առաւ Պուրճ Համուտի մէջ, 27 փետրուար 1993-ին, լոնտոնաբնակ լիբանանցիներու «Give a child a toy» ծրագրին շնորհիւ, ապա Րաֆֆի Արտալճեան ամոլին ազնիւ նուիրատուութեամբ բարեզարդուեցաւ եւ իրենց վաղամեռիկ դստեր անունով կոչուեցաւ` «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարան: Ահա՛ այս գրադարանին մէջ է, որ մեր փոքրիկները կը համախմբուին կարդալու, սորվելու կամ սերտողութիւն կատարելու: Այլազան ձեռնարկներու…
Աւելին20-ամեակի հանդէս ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան Գրադարանի:
ԱւելինԼ.Օ.Խ.-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարան (Power Point). Download Power Point file
ԱւելինԿազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղի վարչութեան հինգշաբթի 12 սեպտեմբեր 2013-ի առաւօտեան Արագածի ժողովրդային տան «Սարգիս Գալայճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընկերային հանդիպում մը, ներկայութեամբ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան Մասիս Ծ. վրդ. Զոպույեանի, մասնաճիւղի մօտ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչին, քոյր մասնաճիւղերու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն ու հիւրերու: Ձեռնարկին բացման` ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն…
ԱւելինՊատրաստեց` Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ Այնճար հայաւանի հանդարտ եւ բնութեան բարիքներով շրջապատուած թաղամասի մը մէջ քեզ կ՛ողջունէ Լիբանանի օգնութեան խաչի նորակառոյց «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայանին շէնքը, ուրկէ լսուող մանուկներուն եւ պատանիներուն զիրար խաչաձեւող խօսակցութիւնները, ուրախ բացագանչութիւնները, իրենց պատասխանատուներուն ուղղուած գանգատներն ու պահանջները, խաղերու ընթացքին զիրար քաջալերող խօսքերը, յաղթանակի ճիչերը…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբին՝ Ուրբաթ, 23 Օգոստոսի կ.ե. ժամը 5:00ին, ճաշարան «Brothers’ Café»-ի մէջ տեղի ունեցաւ նախընթրիք: Նախընթրիքին ներկայ էին Լօխական ընկերուհիներ եւ համակիր տիկիններ ու օրիորդներ: Հաւաքոյթին թամատան էր օրդ. Սեւան Ադամեանը, որ հետաքրքրական գիտելիքներով եւ հաճելի հանելուկներով ճոխացուց մթնոլորտը: Ներկաները ուրախ ժամեր անցուցին նաեւ պարելով հայկական պարեր:
ԱւելինԼՕԽ-ի ‘’Կարինէ’’ մասնաճիւղի վարչութիւնը (Ամանոս ) , 24 Օգոստոս 2013-ին, այցելեց Այնճարի ԼՕԽ-ի նորակառոյց «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայանի փոքրիկները, եւ անոնց հիւրասիրեց վարչութեան պատրաստած հայկական ,աւանդական համեղ մածունով թօփիկները, ինչպէս նաեւ նուէրներ, ձեռային պատրաստուած ծաղիկներ ,վրան գրուած մասնաճիւղին անունը ‘’ ԿԱՐԻՆԷ’’: Փոքրիկին ուրախացնելը հոգեկան մեծ գոհունակութիւն եւ ուրախութիւն կը պարգեւէ…
Աւելին6 Օգոստոս 2013ի, Կ.Ա. ժամը 11:00-ին, ԼՕԽ-ի «Ֆիլհանէսեան» կեդրոնէն ներս, հրամցուեցաւ այժմ կարեւոր նկատուող, առողջութեան նպաստող նիւթ մը՝ «կենսանիւթերու եւ հանքային աղերու կարեւորութիւնը», զոր ներկայացուց բժշկուհի ընկերուհի Սիրուն Վարդապետեանը: 40-է աւելի տիկիններ, յատկապէս երիտասարդներ, հետաքրքրութեամբ հետեւեցան բժշկուհիին լաւապէս խնամուած ու հրամցուած դասախօսութեան, որ կը շեշտէր բնական սնունդով առողջութիւնը պահելու եւ…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի վարչութեան, 20 օգոստոսին տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի տարեկան դաշտագնացութիւնը: Աւելի քան 170 հայուհիներ, ԼՕԽ-ականներ իրենց մասնակցութիւնը բերին սոյն պտոյտին: Այս տարի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի պտոյտը կը ներառէր այցելութիւն դէպի Մար Ապտա ուխտատեղին, Ժէհիթա քարայրը եւ Հարիսա: Ճաշի ընթացքին խօսք առաւ «Շուշանիկ» մասնաճիւղի ատենապետ Պերճուհի…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ լօխ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի տարեցներու յանձնախումբին, երեքշաբթի,13 օգոստոսի կ.Ե. Ժամը 5:00-ին, «Green Garden» ճաշարանին մէջ, հաւաքուեցան այնճարի տարեցները որոնք հիւրասիրուեցան պաղպաղակով եւ հայկական «պրիոշ»ով: հիւրասիրութիւնը նուէր էր ճաշարանի սեփականատէր՝ տիկ. Ալիս հանտեանի կողմէ: Տարեցներու յանձնախումբի անունով տիկ. Զապել հաճեան արտասանեց բացման խօսքը: իսկ իր սրտին խօսքը փոխանցեց քոյր թէոպիստէ պետրոսեանը…
ԱւելինՏարիներու աւանդութիւն դարձած ԼՕԽ-ի կազդուրման կայանի ամրան ծրագիրը այս տարի եւս ընթացք առաւ կիրակի, 11 օգոստոս 2013-ին, Այնճարի շրջանի ԼՕԽ-ի նորակառոյց «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայանի շէնքին մէջ: Նորակառոյց կազդուրման կայանը երազ ըլլալէ դադրած է եւ այսօր դարձած է իրականութիւն. անոր հովանիին ներքեւ աւելի քան 60 փոքրիկներ համախմբուած են իրենց պատասխանատուին եւ օգնականներուն հետ, միասնաբար երեք շաբաթներու յատուկ…
ԱւելինԸնդառաջելով ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առաջարկին` ԼՕԽ-ի ձեռարուեստի յանձնախումբը սիրայօժար մասնակցեցաւ «Մախզումի» հաստատութեան կազմակերպած տարեկան մեծ ցուցահանդէսին` «Ռամատանիյէթ Պէյրութիա» անուան տակ: Ռամատանի տօնին առիթով կազմակերպուած ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ 29, 30, 31 յուլիս եւ 1 օգոստոս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 9:00-12:00, «Պիէլ»-ի մեծ ցուցասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյմանի: Սոյն…
ԱւելինՅուլիս 10-28 Յունաստանի Խալքիտիքի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի կազմակերպած տարեկան ամառնային ճամբարը, որուն այս տարի կը մասնակցէին Յունաստանէն եւ Լիբանանէն հաւաքուած տղաք եւ աղջիկներ: Լաւ առիթ էր, որպէսզի պատանիները քով-քովի գան եւ ճանչնան սփիւռքի տարբեր հայկական գաղութներէ եկած իրենց նման պարման-պարմանուհիներ: Ամէնօրեայ յայտագիրը կ՛ընդգրկէր տարբեր տեսակի նախաձեռնութիւններ եւ խաղեր, հայեցի դաստիարակութիւն, ինչպէս նաեւ`…
ԱւելինՀինգշաբթի, 18 յուլիսի առաւօտեան ժամը 8:00-ին, ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղին անդամները եւ համակիրներ ուղղուեցան Քաֆար Տուպիան գիւղը, որ կը գտնուի Քեսրուանի բարձունքներուն` Պէյրութէն 44 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ եւ կը նկատուի զբօսաշրջութեան կարեւոր վայրերէն մէկը: Առաջին առիթով պտոյտին մասնակիցները այցելեցին Ժայիթայի «Սուրբ Էլի» վանքը, որուն մատրան մէջ աղօթքով ու մոմավառուութեամբ ապրեցան խորհրդածութեան պահեր, ապա…
Աւելին6 Օգոստոս 2013ի, Կ.Ա. ժամը 11:00-ին, ԼՕԽ-ի «Ֆիլհանէսեան» կեդրոնէն ներս, հրամցուեցաւ այժմ կարեւոր նկատուող, առողջութեան նպաստող նիւթ մը՝ «կենսանիւթերու եւ հանքային աղերու կարեւորութիւնը», զոր ներկայացուց բժշկուհի ընկերուհի Սիրուն Վարդապետեանը: 40-է աւելի տիկիններ, յատկապէս երիտասարդներ, հետաքրքրութեամբ հետեւեցան բժշկուհիին լաւապէս խնամուած ու հրամցուած դասախօսութեան, որ կը շեշտէր բնական սնունդով առողջութիւնը պահելու եւ…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Ն. Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի յանձնախումբին, ուրբաթ, 19 յուլիս 2013-ի առաւօտեան ժամը 8:30-1:00 գրադարանի 45 աշակերտները ուղղուեցան դէպի «Փլանեթ տիսքաւըրի» մանուկներու յատուկ գիտական թանգարանը: Փոքրիկները տարիքային խումբերու բաժնուած` շուրջ երեք ժամ մօտէն ծանօթացան նկարներով, արձանիկներով եւ մանրամասն բացատրութիւններով մարդկային մարմնին մասին եւ…
ԱւելինՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ Լիբանանահայ գաղութը եւ մասնաւորաբար Լիբանանահայ օգնութեան խաչի բազմանդամ ընտանիքը ցնծութեան եւ գոհունակութեան օրեր ապրեցան ի լուր եւ ի տես ԼՕԽ-ի «Ալեքսան եւ Արաքսի Գըլպաշեան կազդուրման կայան»-ի նորակառոյց շէնքին: Տարիներու երազուած ծրագրի մը իրականացումն էր այս, որ յաջողեցաւ շօշափելի իրագործում դառնալ` շնորհիւ Գըլպաշեան ազնուազարմ ընտանիքի իշխանական նուիրատուութեան: «Ազդակ»-ի 6 յուլիս 2013-ի համարի էջերուն մէջ…
ԱւելինՆախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի ընկերային յանձնախումբին, երէկ` կիրակի, 7 յուլիսին, կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին, Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի նորակառոյց «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայանի բացման հանդիսութիւնը: Հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, գիւղի հոգեւոր հայրերը, Պուրճ…
ԱւելինԼՕԽ-ԱԿԱՆ «Ալեքսան եւ Արաքսի Գըլպաշեան» կազդուրման կայանի սեփական շէնքին բացումը առիթ կու տայ ԼՕԽ-ականներուս` վայրկեան մը թափ տալու մեր յիշողութեան եւ ակնարկ մը նետելով դէպի անցեալը` անդրադառնալու մեր կազմակերպութեան կեանքի ընթացքին: Որքա՜ն շարունակականութիւն եւ հետեւողականութիւն կայ հոն, որքա՜ն իրար ագուցուած են անոր ընթացքի բոլոր հանգրուանները եւ ուրախութեամբ, նոյնիսկ երբեմն հպարտութեամբ կ՛անդրադառնաս, որ դուն անձնապէս…
Աւելին





















