17-18 Սեպտեմբեր 2013-ին ,Պէյրութի մէջ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի «Ծառայութիւն եւ ընկերային արդարութիւն» միաւորին կազմակերպութեամբ ,տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը՝ «21-րդ դարու ընկերային ծառայութեան Աստուծաբանութիւնը » նիւթով: Հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ընկերուհիներէն՝ Ցոլինէ Խաչատուրեան եւ Ազատուհի Սարգիսեան:
Հանդիպումին քննարկուեցան ընկերային ծառայութեան դիմագրաւած ծառայութիւնները: Ժողովականները այցելեցին կարգ մը ընկերային ծառայութիւն մատուցող հաստատութիւններ՝ որոնցմէ ԼՕԽ-ի « Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը :Յետ այցելութեան Հայր` Մարդէն Տէրմօդ դրուատեց կեդրոնի մատուցած ծառայութիւնները , իր հիացմունքը յայտնելով ԼՕԽ-ի տարած լուրջ ու բծախնդիր աշխատանքին՝ ի խնդիր շրջանի ժողովուրդին առողջութեան ու բարօրութեան պահպանման:




