ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» Գրադարանի 2013- ի Ամառնային Ձեռնարկները

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Ն. Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի յանձնախումբին, ուրբաթ, 19 յուլիս 2013-ի առաւօտեան ժամը 8:30-1:00 գրադարանի 45 աշակերտները ուղղուեցան դէպի «Փլանեթ տիսքաւըրի» մանուկներու յատուկ գիտական թանգարանը: Փոքրիկները տարիքային խումբերու բաժնուած` շուրջ երեք ժամ մօտէն ծանօթացան նկարներով, արձանիկներով եւ մանրամասն բացատրութիւններով մարդկային մարմնին մասին եւ ուրիշ գիտական գիտելիքներու: Ապա հիւրասիրուեցան ճաշով եւ անուշեղէնով ու վերադարձան գրադարան:

Սոյն պտոյտը կատարուեցաւ հայ տիկիններու «Ժպիտ» համախմբուին կողմէ, որ ամէն տարի կը զուարճացնէ եւ ուրախութեամբ կը լեցնէ մեր փոքրիկներուն հոգիները:

Արդարեւ, 26 յուլիս 2013-ին, նոյն բարեսէր կիներուն խմբակը կրկին անգամ հրաւիրեց գրադարանի փոքրիկները` զուարճանալու «Մաքտանըլտ՛զ» ճաշարանին մէջ, ուր անոնք երգեցին, պարեցին, խաղացին, եւ բարձր տրամադրութեամբ վերադարձան իրենց տուները:

Նմանօրինակ խմբակներու հոգատարութիւնը ԼՕԽ-ի «Ն. Արտալճեան» գրադարանին նկատմամբ իսկապէս գնահատելի է, որովհետեւ փոքրիկներուն ուրախութիւն պատճառելու կողքին, այդ հոգատարութիւնը կը բազմապատկէ ուժը եւ կորովը բոլոր անոնց, որոնք կը ծառայեն եւ կը հաւատան ԼՕԽ-ի բազմածաւալ բարեսիրական, մարդասիրական գործունէութեան:

Շնորհակալութիւն «Ժպիտ»-ին եւ բոլորին վարձքը կատար: