ՄԱԿԻ ԽԱՉԵՐԵԱՆ Մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիքիս, տան մէջ թէ բարեկամական-միութենական շրջանակին մէջ, շատ լսած էի օգնութեան խաչի մասին ու «Օգնութեան խաչի, դարմանատուն» ցուցատախտակը ամէն առաւօտ դպրոցի ճամբուս վրայ կարդացած սակայն ԼՕԽ-ի մէջ գործելս առաջինը պիտի ըլլար: Արդարեւ, 1970-ական թուականներու սկիզբը, համալսարանէն նոր շրջանաւարտ, «Զաւարեան» ուսանողական միութեան վարչական, գաղափարը ունեցայ ԶՈՄ-ի մէջ ԼՕԽ-ին օժանդակող…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 4 դեկտեմբեր 2013-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արեան քննութեան անհրաժեշտութիւնը» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց տարրալուծարանի մասնագէտ Շաքէ Բարմաքսզեան: Առողջապահական յանձնախումբին…
ԱւելինՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ «Ինչե՜ր ասես, որ չեն արել էս ձեռքերը» Պ. ՍԵՒԱԿ Նոր տարուան մեր առաջին «հիւրը» ժպտուն կը մտնէ ներս, զայն կը բազմեցնենք տան յարմարագոյն «աթոռին» վրայ, որ երբեմն կը նմանի պատի կամ սեղանի: Այս «հիւրերը» ներս կը մտնեն խումբով, իւրաքանչիւրը կը գտնէ իր տեղը, կը խօսին անցեալի յիշատակներէն, ուրախ եւ տխուր օրերէն, կը խօսին ներկայի անցուդար-երէն, բայց նոյն ատեն Նոր տարուան յուսաբեր օրերու ցնծութիւնը կը փառաւորեն: «Հիւրերը»…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղին վարչութիւնը իր ընկերային առաջին հանդիպումը կազմակերպեց երեքշաբթի, 22 հոկտեմբեր 2013-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին նորակառոյց սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Մարինա Նորամանեանի: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք ատենապետ Մարօ Թազեան բացուած յայտարարեց ձեռնարկը` ողջունելով բոլորը եւ ներկաներէն խնդրեց մէկ…
ԱւելինՀայկական ասեղնագործութեան եւ ձեռարուեստի պահպանումը հանդիսացած է ԼՕԽ-ի հիմնական առաքելութիւններէն մէկը, փոքր նախաձեռնութեամբ սկսած աշխատանքը այսօր բաւական ընդարձակուած եւ զարգացած է: Բայց այսօր արդեօք նոր սերունդը տակաւին հետաքրքրուա՞ծ է այս արուեստով, արդեօք այս արժէքներն ու անոր պահպանման հմտութիւնները նոր սերունդին փոխանցելու իմաստով անհրաժեշտ աշխատանք կը տարուի՞, իսկ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին հայկական…
ԱւելինՏարեկան իր ձեռնարկներու ծիրին մէջ ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» (Քարանթինա-Մար Մխայէլ) մասնաճիւղի վարչութիւնը իր ընկերային հանդիպումը կազմակերպեց հինգշաբթի, 24 հոկտեմբեր 2013-ի շրջանի ՀՅԴ «Տիգրան Ծամհուր» ակումբի սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի նախկին թէ ներկայ վարչականներու, հրաւիրեալներու եւ ԼՕԽ-ի բարեկամ հայուհիներու: ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ կազմակերպուած եւ կազմակերպական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Սօսի Արամեանի…
ԱւելինԱյսօր, Շաբաթ՝ 30 Նոյեմբեր 2013ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի կազմակերպած Կաղանդի տօնավաճառին բացումը: Լիբանանեան, Հայաստանեան եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, տօնավաճառին բացումը կատարեցին ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ Ընկհ. Մատլէն խօշեանը եւ տօնավաճառի հովանաւոր՝ ընկհ. Ցօղիկ Մանճեանը…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբի կազմակերպած դասախօսական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2013-ի կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին ՝ «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ հոծ բազմութեան մը: Օրուան դասախօսուհին էր երիցուհի՝ Գայանէ Թիւմպէրեան-Մըսըրլեանը, իսկ նիւթը՝ «լաւ յարաբերութիւն մշակելու գաղտնիքը»: Ձեռնարկին բացումը կատարեց ընկերուհի Լիզա Թիւմպէրեան…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի յանձնախումբին, հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, նախագահութեամբ Թալին Խաչատուրեանի, երէկ` ուրբաթ, 29 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Ժել Էլ Տիպի քաղաքապետարանի հանրային պարտէզին ապակեայ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի աւանդութիւններուն մաս կազմող եւ յատկանշական նախաձեռնութիւն հանդիսացող հայկական ձեռագործներու ցուցահանդէսին բացումը: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 27 նոյեմբեր 2013-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Անքնութիւն. պատճառները եւ բարելաւման միջոցները» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմինի բժիշկ տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան: Առողջապահական յանձնախումբին կողմէ…
ԱւելինԱնցնող շաբաթավերջին խանդավառ մթնոլորտ մը կը տիրէր Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջապատը, որովհետեւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնն էր, եւ այդ առիթով` նախաձեռնութեամբ եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէի, տեղի ունեցաւ ժողովրդային փառատօն: Արդարեւ, 23 Նոյեմբեր 2013-ի առաւօտեան կանուխ ժամերէն եկեղեցւոյ շրջապատը զետեղուեցան կրպակներ, որոնք կը ներկայացնէին Բալուի եւ Մարաշի հայրենակցական…
ԱւելինԱնցնող շաբաթավերջին խանդավառ մթնոլորտ մը կը տիրէր Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջապատը, որովհետեւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնն էր, եւ այդ առիթով` նախաձեռնութեամբ եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէի, տեղի ունեցաւ ժողովրդային փառատօն: Արդարեւ, 23 Նոյեմբեր 2013-ի առաւօտեան կանուխ ժամերէն եկեղեցւոյ շրջապատը զետեղուեցան կրպակներ, որոնք կը ներկայացնէին Բալուի եւ Մարաշի հայրենակցական…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 20 նոյեմբեր 2013-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կինը եւ սրտի տագնապները» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց հիւանդապահ Նուր Ապի Զահըր: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան, որ նշեց…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, 12-18 Նոյեմբեր 2013-ին՝ տեղի ունեցաւ նախնական դարմանումի դասընթացք մը հիւանապահուհի Տիկ. Մարի-Ֆլօր Արուշեանի ղեկավարութեամբ: Քանի մը օրերու ընթացքին, 20 տիկիններ եւ օրիորդներ հետեւեցան այրուածքի, բարձր ջերմութեան, վախի, դիւրազգացութեան եւ վիրաւորներ դարմանելու մասնագիտական դասերու՝ զոր սիրայօժար կերպով եւ բծախնդրութեամբ ներկայացուց Տիկ. Մարի-Ֆլօր Արուշեանը…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ՝ չորեքշաբթի, 13 նոյեմբեր 2013-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Միզային ուղիներու եւ լեղուցքի քարեր» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց ուռուցկաբան վիրաբուժ տոքթ. Յակոբ Միսիսեան։ Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը…
Աւելին1930, 1987, 2003 եւ նման թուականներ կը ներկայացնեն անկիւնադարձային հանգրուաններ, ԼՕԽ-ի եւ անոր հովանիին տակ գործող «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի պատմութեան եւ գործունէութեան մէջ` քայլ առ քայլ ծաղկելով ու բարձրանալով եւ իրեն հետ բարձրացնելով ՀՕՄ-ի ու հայութեան վարկը, յաչս հանրային կարծիքին: Նշեալ թուականներու ոսկիէ շղթային մէջ նոր օղակ մը աւելցաւ երէկ` չորեքշաբթի, 6 նոյեմբեր 2013-ին: Նախագահութեամբ կենսոլորտի…
ԱւելինՀինգշաբթի, 31 հոկտեմբեր 2013-ին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին: Շնորհաւորական եւ յաջողութեան բարեմաղթութիւններ յայտնելէ ետք, Շրջանային վարչութիւնը սրբազան հօր ներկայացուց ԼՕԽ-ի յառաջիկայ ամիսներու ծրագիրները, ինչպէս նաեւ Հայ օգնութեան միութեան լայնածաւալ գործունէութիւնը: Ապա սրբազան հայրը իր օրհնութիւնը տալով շեշտեց ըսելով, թէ ԼՕԽ-ը…
ԱւելինՀինգշաբթի, 31 հոկտեմբեր 2013-ին տեղի ունեցաւ «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի նախաճաշի ձեռնարկը, «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Ազատուհի Սարգիսեանի, մասնաճիւղի եւ քոյր մասնաճիւղերու անդամներու, հիւրերու եւ բարեկամուհիներու: Բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ Արաքսի Գըլըճեան, որ լուսարձակի տակ առաւ ԼՕԽ-ին տարած բազմաբնոյթ ծառայութիւնները, նուիրումն ու…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղը (Ամանոս) 29 հոկտեմբեր 2013-ին, կազմակերպած էր ընկերային հաւաքոյթ մը` «Սողոմոն Թեհլիրեան» ակումբին մէջ, համախմբելով շրջանի ԼՕԽ-ականները եւ համակիրները (թիւով 90 հոգի): ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք մասնաճիւղի ատենապետ Ժանեթ Հաւաթեան անդրադարձաւ հայ մօր պարտականութիւններուն, որոնք հակառակ ծանր ըլլալնուն` հայ դպրոցին, հայ եկեղեցիին, մեր միութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն օգնութեամբ կը…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղին վարչութիւնը, որպէս 2013-2014 տարեշրջանի առաջին ձեռնարկ, ուզեց սովորականէն տարբեր բան մը յաջողցնել: Ուստի ծրագրեց, աշխատեցաւ եւ ի գին դժուարութիւններու կրցաւ իրականացնել խորովածի երեկոյ մը, Ժտէյտէի քաղաքապետութեան հանրային պարտէզին մէջ,19 հոկտեմբեր 2013-ին: Ներկայ եղան շուրջ 70 անձեր` կոմիտէութենէն, «Անի» ակումբի վարչութենէն, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութենէն, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան յանձնախումբերէն…
ԱւելինԼՕԽ-ի Մար Եուսեֆի «Անահիտ» մասնաճիւղը ձեռնարկած էր ընկերային հանդիպումի մը, որ տեղի ունեցաւ 22 հոկտեմբերին, «Աշնանային ճաշկերոյթ» անուան տակ, շրջանի ակումբի «Սարգիս եւ Արշալոյս Ներսէսեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սիրուն Վարդապետեանի, բարերարներու, քաջալերող շուրջ 65 անդամներու եւ համակիրներու: Ձեռնարկի բացումը կատարեց Աստղիկ Կէտիկեան: Օրուան բանախօս Սիրուն Վարդապետեան լսատեսողական երիզի…
Աւելին2 մայիս 1985-ին տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին հիմնարկէքը` բարերարութեամբ Պուլղուրճեան եղբայրներու, Ալեք Մանուկեանի, «Bread For The World»-ի, տէր եւ տիկին Յակոբ Էսմերեանի, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, ԼՕԽ-ի «Մեղրի» եւ «Նայիրի» մասնաճիւղերուն եւ Թնճուկեան ընտանիքին: 1987-ին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին, ուր փոխադրուեցան ԼՕԽ-ի նախկին…
Աւելին2001-ին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը հայուհիին կարողականութիւնը զօրացնելու եւ անոր գործի կարելիութիւններ ստեղծելու մտադրութեամբ ձեռնարկեց ճաշ եփելու արուեստը սորվեցնող դպրոցի մը կազմակերպումին: Այդ նպատակով դիմում կատարեց «Էմ. Ի. Սի. Սի.»-ին` ներկայացնելով իր ծրագիրը, որ որդեգրուեցաւ, եւ կառոյցը տրամադրեց յատուկ պիւտճէ մը: ԼՕԽ-ը կազմակերպեց նախնական խոհանոց մը, հրաւիրեց խոհանոցային արուեստին տիրապետող ականաւոր, կամաւոր…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան ու ներկայութեամբ լիբանանահայ մամուլի մշակներու, մտաւորականներու, մշակութային թէ միութենական ներկայացուցիչներու , գրասէր ազգայիններու, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան եւ մասնաճիւղերու ընկերուհիներու, երէկ` հինգշաբթի, 3 հոկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, դեսպանատան մէջ կայացաւ հայ մամուլի վաստակաշատ մշակներէն Շահանդուխտի (Սանդուխտ Պերթիզլեան) եւ դոկտ. Նորա…
Աւելին






















