Կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան ու ներկայութեամբ լիբանանահայ մամուլի մշակներու, մտաւորականներու, մշակութային թէ միութենական ներկայացուցիչներու , գրասէր ազգայիններու, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան եւ մասնաճիւղերու ընկերուհիներու, երէկ` հինգշաբթի, 3 հոկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, դեսպանատան մէջ կայացաւ հայ մամուլի վաստակաշատ մշակներէն Շահանդուխտի (Սանդուխտ Պերթիզլեան) եւ դոկտ. Նորա Արիսեանի պարգեւատրումը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով:
Պարգեւատրեալ ընկհ.ի Շահանդուխտ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին ու ղեկավարութեան` այս նախաձեռնութեան համար, որ «աւելի հանդիսութեան վերածուած էր, քան սոսկ պարգեւատրումի արարողութիւն»: Խոստանալով շարունակել մամուլի իր առաքելութիւնը` Շահանդուխտ իր շքանշանը նուիրեց հայ մամուլի մշակներուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ «Ազդակ» թերթի տնօրէնութեան եւ դեսպանատան հիւպատոս` Կարէն Մաթեւոսեանին:





