Լուրեր

«Շուշանիկ» Մասնաճիւղի Ամանորի Հաւաքոյթ

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղին, 5 դեկտեմբեր 2013-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին Նիկոլ Դուման ակումբի «Սարգիս Ազնաւորեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ` ներկայութեամբ աւելի քան 100 անձերու: Ձեռնարկի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Պերճուհի Գասպարեան: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց ներկաներուն, որոնք միշտ կը քաջալերեն մասնաճիւղի ձեռնարկները: Գասպարեան նկատել տուաւ, որ ազգը ոտքի պահողը իր…

Աւելին
Հայկական Ձեռագործներուն Նուիրուած Հաւաքոյթ

ԼՕԽ-ի Հայաշէն մասնաճիւղի վարչութիւնը, 21 նոյեմբեր 2013-ին առաւօտեան ժամը 10:30-ին կազմակերպեց նախաճաշ մը` ակումբին վերանորոգուած «Սեդրակ Աճէմեան» սրահին մէջ: Ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչը եւ հրաւիրեալներ: Բարի գալուստի խօսքը փոխանցելէ ետք մասնաճիւղի ատենապետ Շաքէ Պաղտասարեան ըսաւ, թէ նկատի ունենալով, որ ձեռնարկի կայացման թուականը մօտ է ԼՕԽ-ի ձեռարուեստի…

Աւելին
Ծերերու Կաղանդի Հաւաք

ԼՕԽ-ի «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, հինգշաբթի, 26 դեկտեմբեր 2013-ին` կէսօրուան ժամը 12:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ 180 ծերունիներու Ամանորի ձեռնարկ: Ծերունիները հրաւիրուած էին միասնաբար ճաշելու եւ ուրախ ժամեր անցընելու. անոնք այն պարագաներն են, որոնք խոհանոցէն շաբաթը երկու անգամ կը ստանան տաք ճաշ: Ձեռնարկին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարանը Տօնեց Ամանորը

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ գրադարանի յանձնախումբին, շաբաթ, 21 դեկտեմբեր 2013-ին, «Արագած» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Կաղանդի ձեռնարկ` ներկայութեամբ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամներու, յանձնախումբի անդամներու, հիւրերու, ծնողներու եւ 120 մանուկներու: Բարի գալուստի խօսք արտասանեց գրադարանի պատասխանատու Արփի Շարլագեան եւ շնորհաւորեց ներկաները` մաղթելով, որ Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը առողջ եւ…

Աւելին
ԼՕԽ-ի Դաստիարակչական Յանձնախումբի Այցելութիւնը Պէյրութի Ազգային Թանգարան

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբը նախանձախնդիր է իր առաքելութեան, օգտակարը եւ շահեկանը իրար միացնելով կը կազմակերպէ ձեռնարկներ: Այս ծիրին մէջ երեքշաբթի, 3 դեկտեմբեր, 2013-ին յանձնախումբը կազմակերպած էր այցելութիւն մը` Պէյրութի ազգային թանգարան: Հակառակ օդի աննպաստ պայմաններուն, աւելի քան հարիւր ԼՕԽ-ականներ երեք փոխադրակառքերով ուղղուեցան թանգարան, ԼՕԽ-ականներ եկան նոյնիսկ հեռաւոր Այնճարէն: Անոնց…

Աւելին
Արամ Ա. կաթողիկոսը այցելեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Երեքշաբթի, 23 դեկտեմբեր 2013-ի առաւօտուն, Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներու սեմին վեհափառ հայրապետը այցելեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը, ուր դիմաւորուեցաւ Շրջանային վարչութեան, տնօրէնութեան ու ԼՕԽ-ականներու կողմէ: տնօրէնութեան ու ԼՕԽ-ականներու կողմէ: Լիբանանեան, հայկական ու ԼՕԽ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութենէն Նազելի Աւագեան բարի գալուստ մաղթեց եւ ողջունեց ներկաները…

Աւելին
Հաղորդագրութիւն

Երեքշաբթի, 24 դեկտեմբեր 2013-ի առաւօտեան Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոսը եզակի այցելութիւն մը տուաւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն: Այցելուներու շարքին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ` Շահէ եպս. Փանոսեան, հոգեշնորհ եւ քահանայ հայրեր, պետական երեսփոխան եւ նախարարներ, «Պուլղուրճեան» կեդրոնի բարերարներ, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ ԼՕԽ-ականներ: Վեհափառ հայրը…

Աւելին
ԼՕԽ-ի Կազդուրման Կայանի Եւ Սուրիահայ Փոքրիկներուն Ամանորը (2013)

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ընկերային յանձնախումբին, ուրբաթ, 20 դեկտեմբեր 2013-ի կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կազդուրման կայանի փոքրիկներուն եւ լիբանանահայ վարժարաններու նախակրթարանի սուրիահայ աշակերտներուն Ամանորի աւանդական խրախճանքը: 120 փոքրիկներ 2 ժամուան ընթացքին կազդուրման կայանի օգնական…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի Կազմակերպած Կաղանդի Խրախճանքը

Ուրբաթ, 20 Դեկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 2:30 էն սկսեալ, տեղի ունեցաւ Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի կազմակերպած Կաղանդի խրախճանքը, ճաշարան «Արեւ»-ի մէջ: Խրախճանքին բացումը կատարեց մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ Տիկ. Մատլէն Խօշեան, որմէ ետք բեմ հրաւիրուեցաւ օրուայ թամատա՝ Օրդ. Լուսիկ Տէր Գալուստեան. Ճոխ մթնոլորտի մէջ ներկաներուն փոխանցուեցաւ նոր տարուայ աւանդութիւններու մասին գիտելիքներ, նաեւ անոնք զուարճացան խաղերով…

Աւելին
Բարի Տարի Ըլլայ Բոլորին Եւ ԼՕԽ-ին

ՀԵՐԱ ՆԱՃԱՐԵԱՆ Ազգային արժէքներով հարուստ տասներկու էջեր այս օրերուն կը մտնեն ամէն հայու տուն: Հպարտօրէ՛ն: Գունագեղ էջեր կը տողանցեն: Կը տողանցեն մե՛ր հայկական ձեռագործները, մեր մանրանկարչութիւնը, մե՛ր զարդերը, մե՛ր սքանչելի գորգերը, մե՛ր երաժշտական գործիքները, մե՛ր դրամները, մե՛ր ոսկեղինիկը, մե՛ր տարազները, մե՛ր հնատիպ իրերը, մե՛ր խաչքարերը… Ցուրտ ամիսները կ՛անցնին` տեղի տալով տաք ամիսներուն, ջերմացնելով մե՛ր սրտերը: Պզտիկ…

Աւելին
«Մոլութիւններ, Թմրեցուցիչ, Ալքոլ Եւ Ծխախոտ» Նիւթով Դասախօսութիւն

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 18 դեկտեմբեր 2013-ի առաւօտեան տեղի ունեցաւ «Մոլութիւններ` թմրեցուցիչ, ալքոլ, ծխախոտ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց մանկավարժութեան եւ հոգեբանութեան դասախօս Շաղիկ Խիւտավերտեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան, որ նշեց…

Աւելին
«Ասեղնակիտումը» Նիւթով Դասախօսութիւն

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 11 դեկտեմբեր 2013-ի, առաւօտեան տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն «Ասեղնակիտումը» նիւթով զոր ներկայացուց մարձումի մասնագէտ Ռազմիկ Պէօճեքեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան, որ յիշեց, թէ ասեղնակիտումը շատ հին, ծայրագոյն արեւելեան…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի Ամանորի ձեռնարկները

Տարեցներու Հաւաքոյթ Չորեքշաբթի, 11 Դեկտեմբեր 2013-ին՝ Այնճարի տարեց հայրենակիցները հրաւիրուած էին Ճաշարան «Նապաա Այնճար»ի մէջ, ուր Կաղանդի հաւաքոյթ մը կազմակերպուած էր ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի տարեցներու յանձնախումբին կողմէ: Բացման խօսքը արտասանեց Օրուայ թամատայ՝ ընկհ. Անի Քերքէզեան: Ան մեծապէս գնահատեց տարեցներուն ունեցած վաստակը նշելով թէ նոր սերունդը կը գոյատեւէ այդ վաստակին պատճառավ: Ան Ճոխացուց մթնոլորտը, ներկաներուն…

Աւելին
«Սրտով Աշխատինք, Սիրտ Մաշեցնենք, Սիրտ Տանք Գործին, Որպէսզի Թափ Եւ Թռիչք Առնէ Անիկա» Ըսաւ Յակոբ Լատոյեան

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին, շաբաթ, 7 դեկտեմբեր 2013-ին` առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ արժանաւոր կերպով նշուեցաւ Կամաւորներու օրը: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը 25 տարի առաջ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին պատճառով…

Աւելին
Նահատակուած Եւ Մահացած Դաշնակցականներու Յիշատակին Հոգեհանգստեան Արարողութիւն

ՀՅ Դաշնակցութեան 123-ամեակին առիթով, երէկ` կիրակի, 8 դեկտեմբեր 2013-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան ՀՅԴ պանթէոնին դիմաց տեղի ունեցաւ դաշնակցական նահատակուած եւ մահացած նուիրեալներու, հերոսներու, գործիչներու եւ մտաւորականներու յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն: Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան շեփորախումբին կատարողութեամբ նուագուեցան Լիբանանի եւ Հայաստանի…

Աւելին
Անձնուրաց ԼՕԽ-ականներ

ՆԱՆԻԿ ԳԱՅԹԱՆՃԵԱՆ ԼՕԽ-ի կամաւորներու անձնուրաց աշխատանքը հիացում եւ հմայք կը պատճառէ արտաքին աշխարհին եւ ազգիս: Կը հոգայ մեր ժողովուրդին կարիքները, կը պահպանէ սովորութիւնները, ինչպէս նաեւ կը ջանայ զարգացնել ժողովուրդի մէջ մեր մշակոյթի դաստիարակութիւնը, որ շնորհակալ աշխատանք մըն է: Կը գնահատենք բոլոր կամաւորները, որոնք հոգւով եւ սրտով կ՛աշխատին եւ մեծ յարգանքի արժանի են: Կը մնանք հաստատ այն տեսակէտին վրայ, թէ կամաւոր աշխատանքը…

Աւելին
Նուիրեալ Փաղանգն Այս

ԱԶՆԻՒ Գ. ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Գոհունակութեան դոյզն ապրումով Պատրաստ է նուիրական աշխատանքի, Իր խիղճին ձայնին անսալով` Հովասուն հանգստութիւն, խանդն է անկարին: Հոգետանջ նայուածքներու հառաչող Յուսատու փարոսն է ծիածան Ներդրումն իր կու տայ յօժարակամ Կարկաչող երջանկութիւն տկարին: Ծառայութեան դաշտերը անսակարկ Քաղցրանուագ բերկրանքով մեղրածոր Սրբազան աշխատանքն է կամաւոր Պատարագուող հոգիներու սեղանին: Նուիրական էակներու փաղանգն այս Գուրգուրացող…

Աւելին
ԼՕԽ-ի Դեղատոմս. ԼՕԽ-ի Օրագրէն

ՇԱՔԷ ԳԱՐԱՅԵԱՆ Լիբանանի պատերազմի ամէնէն ծանր օրերուն զինուորագրուեցայ այս կնոջական բանակին: Ընտանեկան կացութիւնս` «նորաստեղծ ընտանիք», որ չէր արտօներ ինծի ներկայ գտնուելու միութենական ժողով-հաւաքներուն: Երբ զաւակներս հասած էին դպրոցական տարիքի, որոշեցի, որպէս ԼՕԽ-ական` ներկայ գտնուելու մասնաճիւղիս ընդհանուր ժողովին. հաստատ քայլերով մուտք գործեցի այս լուսաշող երկնակամարէն ներս ու հոն տեսայ բարի, ծառայող, գուրգուրոտ հայ կինը…

Աւելին
Նորածին Շուշանիկ Ապրեցաւ Շնորհիւ Կամաւոր Եւ Խիզախ Հայուհիներու

ՍՕՍԷ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ 1992 յունիս ամիսն է, Երեւանի մեր տան պատուհանէն կը դիտեմ մեր դիմաց գտնուող Նորքի բլուրը: Ուրախ եւ տխուր զգացումներ կը պատեն հոգիս: Ուրախ` Շուշիի յաղթանակով, տխուր, թէ դարձեալ գաղթականներ կրնան հասնիլ այս անգամ Շահումեանէն: Տակաւին Գետաշէնի գաղթականները իրենք զիրենք չեն գտած, եւ բոլոր նորածինները մահացած էին: Շուշիի ազատագրումը շատ խանդավառած էր մեզ, այլեւս Ստեփանակերտը պիտի չռմբակոծուէր, այս մեծ յաղթանակը մեզի…

Աւելին
Կամաւոր Ծառայութեան Օր

ԱՐԱՔՍԻ ՇԱՀԻՆԵԱՆ Երբ ինծի առաջարկուեցաւ «Կամաւոր ծառայութեան օրուան» առիթով այս նիւթին մասին գրել, առանց մտածելու` «այո» ըսի: Յետոյ, երբ որ ուզեցի միտքերս ժողվել ու գործի անցնիլ, կամայ թ ակամայ անցեալէն ներկայ միտքով տարօրինակը «ճամբորդութիւն» մը ըրի: Այն ատեն մտածեցի տեսական հիմքէ մը մեկնիլ եւ բառարան բացի: Ստեփան Մալխասեանցի «Հայերէն բացատրական բառարան»-ին մէջ «Կամաւոր» բառին դիմաց կը կարդանք. «…1. «Ինչ որ լինում է իւր…

Աւելին
«Կամաւորներու Օր»-ուան Առիթով

ՍՕՍԻ ՓՕԼԱՏԵԱՆ Համաշխարհային ըմբռնումով, կամաւոր գործի գաղափարը, ժողովուրդներու մէջ սկսած է կարիքի եւ պահանջի ընդմէջէն: Պատերազմներէ ետք սովորաբար աղքատութիւն, հիւանդութիւն եւ անգործութիւն կը տիրէ: Ուստի մարդիկ կարիքը կը զգան, անձամբ կամ խմբային աշխատանքով, օգտակար դառնալու հիւանդին, աղքատին, կարիքաւորին եւ կամ վերաշինելու քանդուած եւ կործանած քաղաքները: Կամաւոր աշխատանքը կ՛ըլլայ զանազան մարզերու մէջ, յատկապէս` ընտանեկան…

Աւելին
Կամաւորներու Օր

ՅԱՍՄԻԿ ՄԿՐԵԱՆ «Հսկայ նուիրման տորմիղ հըրաթեւ Կամաւոր բանակ, Յառա՜ջ անսասան, յառա՜ջ անդեդեւ Դէպի յաղթանակ» Գ. ԿԱՌՎԱՐԵՆՑ Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի բարեսէր ընկերուհիներու բանակն է այդ, կամաւոր բանակը` տարիներու խորէն եկած եւ ուռճացած, դէպի ապագայ Գացող: Հիմնադիր ընկերուհիներու միակ տեսլականն էր ծառայել անշահախնդրօրէն հայուն բարօրութեան ու վերելքին համար` փոխարէնը ստանալով «Ուրախութիւնն անանձնական»: Կամաւոր ծառայութեան…

Աւելին
«Արծուիկները` Հպարտ Ոգիով Ցեղին…»

ՅԱՍՄԻԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ-ԳԷՈՐԳԵԱՆ «ԼՕԽ-ը առանձնայատուկ ոգի եւ նկարագիր ունեցող կազմակերպութիւն մըն է, որուն նմանը ուրիշ ազգերու մէջ չկայ: Ան ստեղծուած է բացարձակապէս զոհաբերութեան հիմամբ ազգային գոյութեան եւ գոյատեւումին համար»: Ս. ՎՐԱՑԵԱՆ 1998-ի փետրուար 10-ին ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութիւնը բարեկենդանի տօնին առթիւ իր կազմակերպած ձեռնարկին առիթը ընծայեց համախմբելու Լիբանան գտնուող նախկին արծուիկներն ու վարիչները`…

Աւելին
Կամաւորն Ու Իր Գործունէութիւնը

Տ. Թ. Ամէն տարի «Կամաւորներու օր»-ուան նշումը դարձաւ մեր ընկերութեան աւանդական ձեռնարկներէն մէկը. ընդհանրապէս առանց մտածելու եւ խորանալու, ներկայ կը գտնուինք նշումի ձեռնարկի մը ու գոհանալով արծարծուած մտքերէն, անոնցմէ բխող գոհաբանական զգացումներէն, կը վերադառնանք մեր առօրեային` մինչեւ յաջորդ տարուան նշումը: Եթէ պահ մը կանգ առնենք եւ մտածենք, թէ իսկապէս ի՞նչ կը նշանակէ կամաւոր եւ կամաւոր գործունէութիւն, պիտի նշմարենք, թէ ան…

Աւելին