Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 18 դեկտեմբեր 2013-ի առաւօտեան տեղի ունեցաւ «Մոլութիւններ` թմրեցուցիչ, ալքոլ, ծխախոտ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց մանկավարժութեան եւ հոգեբանութեան դասախօս Շաղիկ Խիւտավերտեան:
Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան, որ նշեց, թէ կան տեսակաւոր մոլութիւններ, որոնց շարքին նաեւ խաղամոլութիւնը, ուտելը եւ այլն: Այս բոլորին սանձարձակ գործածութեամբ, ենթական չի կրնար հրաժարիլ անոնցմէ եւ զոհելով ամէն ինչ կը շարունակէ մոլութեան ընթացքը:
Շաղիկ Խիւտավերտեան դասախօսութեան սկսաւ բացատրելով մոլութիւնը, որ ֆիզիքական-հոգեբանական կախուածութեան իրավիճակ մըն է, որուն ընթացքին անհատը ամբողջովին յանձնուած կ՛ըլլայ սովորութեան մը, ամբողջութեամբ կը կառավարուի անով եւ յարատեւօրէն մտասեւեռում կ՛ունենայ այդ սովորութիւնը կիրարկելու: Այլ խօսքով` մոլութիւնը կը դառնայ անհատին կեանքին առանցքը:
Ի՞նչ կ՛ընդգրկէ մոլութիւնը
Մոլութիւնը կ՛ընդգրկէ առարկայ մը, նիւթ մը կամ սովորութիւն մը, գործունէութիւն մը, վարուելակերպ մը, անհատը շարունակաբար կ՛ուզէ ունենալ անոր փորձառութիւնը, որուն հետեւանքը ընդհանրապէս գոհունակութեան եւ հաճելի զգացում մը կը յառաջացնէ, անհատը հանգիստ կը զգայ միայն այն ատեն, երբ տուեալ վարուելակերպը իբրեւ մոլութիւն կիրարկէ: Վերջապէս, մոլութիւնը իր ամբողջական հակակշիռին տակ կ՛առնէ անհատը:
Շաղիկ Խիւտավերտեան բացատրեց, թէ ինչպիսի՞ վարուելակերպ կը յառաջացնէ մոլութիւնը: Մոլութիւնը անհատին տրամադրութիւնը կը բարձրացնէ կամ տխուր հոգեվիճակը կը բարելաւէ: Մոլութիւնը կիրարկելու համար անհատը ճիգ, ժամանակ եւ աղբիւրներ չի խնայեր, կը զոհէ ամէն ինչ մոլութեան համար: Մոլի անձը յանձնառութիւններ չի վերցներ, պատասխանատու կեցուածքներ չ՛որդեգրեր: Ան ընկերային օտարացումէ կը տառապի, ընկերներէն կը հեռանայ, մարդիկ զինք չեն հետաքրքրեր:
Մոլութեան հանգրուանները
ա.- Փորձարկում-հետաքրքրութենէ մղուած
բ.- Ակնկալուած հաճոյք
գ.- Կեանքի դժուարութիւնները դիմագրաւելու եւ պայմաններուն յարմարելու միջոց
դ.- Գոյատեւելու միջոց
Մոլութիւն յառաջացնող ազդակներ
ա.- Ծինային, ժառանգական ազդակներ, նաեւ միջավայրի ազդեցութիւն
բ.- Ընտանեկան պարագաներու մօտ նախընթացներ
գ.- Ուրիշներու կողմէ «քաջալերանք» եւ մոլի վարուելակերպի «ընդունում»
դ.- Ինքնահամարումի զգացումի վատառողջ վիճակ եւ ինքնավստահութեան զգացումի թերի կազմաւորում
ե.- Գերճնշուածութիւն եւ գերլարուածութիւն
Երկրորդ բաժինով դասախօսը ներկայացուց երեք տարբեր մոլութիւններ եւ բացատրութիւններով խօսեցաւ անոնց մասին:
Ա.- Թմրեցուցիչներ (մարիխուանա, քոքային, հերոյին եւ այլ թմրեցուցիչներ)
Վերոնշեալ թմրեցուցիչներու գործածութեան հետեւանքները տարբեր մակարդակներու են, անոնք անհատին մօտ ժամանակի ընթացքին կը յառաջացնեն բուռն պահանջ եւ կախուածութիւն: Այս թմրեցուցիչներու ժխտական հետեւանքներուն բազմանալով, դժուար կ՛ըլլայ անհատին ձերբազատիլը անոնցմէ: Անհատը ֆիզիքական հարցերու կողքին կ՛ունենայ նաեւ հոգեբանական հարցեր:
Բ.. Ալքոլ
Հաւանաբար ալքոլի գործածութիւնը ընկերային տարբեր շրջանակներու մէջ ընդունուած, երբեմն նոյնիսկ քաջալերուած է: Ալքոլը հանգստացնող նիւթ մըն է, որ կը ճնշէ, կը դանդաղեցնէ ջղային դրութեան աշխատանքը: Ալքոլի գործածութիւնը ունի տարբեր հետեւանքներ, որոնք կարճատեւ են, օրինակ.
ա.- Խօսակցութեան դժուարութիւն
բ.- Քալելու կամ ոտքի կենալու դժուարութիւն
գ.- Կեդրոնացումի եւ դատողութեան դժուարութիւն
դ.- Քունի խանգարում
Գ.- Ծխախոտ
Շատ ընդհանրացած երեւոյթ, որ շատ արագ կրնայ մոլութեան վերածուիլ` ունենալով իր հետեւանքները: Նիքոթինը խթանիչ է, նոյն ատեն հանգստացնող եւ ախորժակը սանձող: Ծխախոտը ուղղակի կամ անուղղակի կերպով կ՛ազդէ տարբեր հիւանդութիւններու զարգացման ու բարդացման վրայ եւ վերջապէս կը դառնայ մահուան պատճառ:
Աւարտին դասախօսը պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն` ներկայացնելով տարբեր օրինակներ ու վիճակներ:

