Հինգշաբթի, 31 հոկտեմբեր 2013-ին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին: Շնորհաւորական եւ յաջողութեան բարեմաղթութիւններ յայտնելէ ետք, Շրջանային վարչութիւնը սրբազան հօր ներկայացուց ԼՕԽ-ի յառաջիկայ ամիսներու ծրագիրները, ինչպէս նաեւ Հայ օգնութեան միութեան լայնածաւալ գործունէութիւնը:
Ապա սրբազան հայրը իր օրհնութիւնը տալով շեշտեց ըսելով, թէ ԼՕԽ-ը մօր մը պէս իր ուսերուն առած է հայ ժողովուրդին յանձնառու դառնալու մեծ պարտաւորութիւն մը: Քաջալերելով տարիներու գործունէութիւնն ու յառաջիկայի ծրագիրները սրբազան հայրը իր զօրակցութիւնը յայտնեց եւ յաջողութիւն մաղթեց Լիբանանահայ օգնութեան խաչին:
ԼՕԽ-Ի
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

