Տիկ. Սուն Եանկ Եունի  Այցելութիւնը ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան

ՀՕՄէն ստացուած նամակի մը առաջարկով ԼՕԽի Շրջանային Վարչութիւնը Չորեքշաբթի 22 Մայիս 2013-ի յետմիջօրէին ԱՊԸԲ կեդրոնէն ներս ընդունեց ՄԱԿի Կանանց Իրաւանց յանձնախումբի ատենապետ՝ Տիկ. Սուն Եանկ Եունը որ 5օրեայ այցելութեամբ մը կը գտնուէր Լիբանան։ Ան շուրջ երկու ժամ տրամադրեց Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչին։ Տիկ. Եունի հետ հանդիպման ներկայ էր Լիբանանցի Կանանց Իրաւանց Ազգային Մարմնի անդամ՝ ընկհ. Սօսի Փօլատեան։

Ընդհանուր ծանօթացումէ ետք Տիկ. Եուն ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց ՄԱԿ NGO-CSW-ի գործունէութիւնը մանաւանդ կիներու դէմ կատարուած վայրագութեան հակազդող միջոցառումներու ի խնդիր տարուած լուրջ աշխատանքը։ Ան փոխանցեց, թէ աշխարհի տարբեր ցամաքամասերու վրայ վիրոյիշեալ աշխատանքով զբաղող յատուկ գրասենեակներ հիմնած են ՄԱԿի հովանիի ներքեւ բացի Արաբական աշխարհէն. ան յոյս յայտնեց, որ այս մէկը իրագործուի առաւելագոյնը երկու տարիէն։

Ապա ԼՕԽի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Մարալ Յովհաննէսեան ԼՕԽի հակիրճ պատմականը եւ Շրջանային Վարչութեան յանձնախումբերու եւ մասնաճիւղերու գործունէութիւնն ու ծրագիրները, ինչպէս Խոհանոցի ծերերու շաբաթական երկու անգամ տաք ճաշի ծրագիրը, ուսանողներու կրթանպաստի ապահովման համար կազմակերպուած ձեռնարկները, անտէր եւ չքաւոր պարագաներու հոգածութիւնն ու Կազդուրման Կայանի ծրագիրը ներկայացուց։

Ապա Տիկ. Եուն, ատենապետուհիին եւ ԱՊԸԲ կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքի պատասխանատու՝ Վերժին Խորշիտեանի ընկերակցութեամբ շրջագայեցաւ կեդրոնի տարբեր բաժանմունքները ան սքանչացած գործի տարրողութեամբ բարձր գնահատեց թէ՛ կեդրոնի եւ թէ՛ ամբողջ կազմակերպութեան գործունէութիւնը։

Ի պատիւ Տիկ. Եունի կատարուեցաւ հիւրասիրութիւն, միջոցին մտերմիկ խօսակցութիւն ծաւալեցաւ Տիկ. Եունի եւ Շրջանային Վարչութեան անդամներուն միջեւ, փոխանակուեցան նաեւ կարծիքներ։ Ան մեկնեցաւ բարձր տրամադրութեամբ դարձեալ տեսնուելու յոյսով։