ԼՕԽի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական Յանձնախումբը եւ ԱՊԸԲ կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքը, յաճախ կը կազմակերպեն շտապ Օգնութեան դասընթացքներ,Լիբանանի Կարմիր խաչի հետ գործակցաբար, գաղութիս տարբեր երիտասարդական կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու, ինչպէս նաեւ հայկական վարժարաններու աշակերտութեանց համար։
29 Մայիս 2013ին , կէսօրուան ժամը 1-ին , «Թնճուկեան» սրահ հրաւիրուած էին Լեւոն եւ ՍոՖիա Յակոբեան վարժարանէն 40 աշակերտներ, ընկերակցութեամբ իրենց ընկերային ծառայող՝ տիկին Զեփիւր Պէրպէրեանի, ստանալու համար համապատասխան հաստատագիրներ՝
1- Լիբանանի Կարմիր Խաչի կողմէ հաստատագիր մը իրենց մասնակցութիւնը բերած ըլլալով ԼՕԽի շտապ օգնութեան դասընթացքներուն։
2- Յանձնախումբի կողմէ կազմակերպուած արեան խմբաւորման ցանկագրումի արշաւին նոյնպէս իրենց մասնակցութիւնը բերելնուն համար։
ԼՕԽի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբի ներկայացուցիչ ընկհի Սիրուն Վարդապետեան , նախ շնորհակալութիւն յայտնեց աշակերտներուն իրենց մասնակցութեան համար, յատուկ շնորհակալութիւն տիկին Զեփիւրին որ կազմակերպուած ձեւով կ՛ընկերակցի աշակերտներուն եւ ուղղութիւններ կուտայ անոնց, իսկ շնորհակալութեան մեծ բաժինը յայտնեց Լ. եւ Ս. Յակոբեան վարժարանի տնօրէն՝ Պրն. Վիգէն Աւագեանին, անոր ունեցած հոգատար վերաբերմունքին ԼՕԽի նկատմամբ, միշտ քաջալերելով ԼՕԽի աշխատանքները եւ արշաւները, ինչպէս նաեւ սերտ գործակցութեան համար ոչ միայն ԼՕԽի շրջանային վարչութեան այլեւ յանձնախումբերուն եւ մասնաճիւղերու վարչութիւններուն հետ։
Մեր գաղութէն ներս նոյնանման գործակցութիւններ մեզ կը զօրացնեն, եւ կը քաջալերեն շարունակելու մեր ազգանուէր առաքելութիւնը։







