ԼՕԽ-ի ‘’Կարինէ ‘’ մասնաճիւղի վարչութիւնը իր մասնակցութիւնը բեռաւ ՀՅԴ ‘’Սողոմոն Թէհլիրեան ‘’Կոմիտէի կազմակերպած ‘’Տոհմիկ Օր’’ ձեռնարկին կիրակի 23 Յուլիս 2013-ին, առաւօտեան ժամը 10- էն մինչեւ երեկոյան ճամը10 –ը:
Մի քանի օր առաջ ԼՕԽի վարչութիւնը եւ շրջանի խաչուհիները ձեռք ձեռքի տալով սկսած էին պատրաստել համադամ ‘’սարմա’’, ‘’հայկական մանթը ‘’, ‘’պրեոշ’’ եւ պտուղի աղձան:
Կիրակի օր Թեհլիրեան ակումբին փողոցը եռուզեռ մը կար….. ժողովուրդը եկած էր քաջալերելու ԼՕԽ-ի, ԼԵՄ-ի , ՀՄԸՄի եւ Պատանեկան միութեան տաղաւարները…… համտեսելու եւ գնելու անոնց պատրաստած ճաշերը , օշարակները , կորեկը , սուրճը , ‘’համպրկրը’’, տեսակաւոր կարկանդակները եւ ձեռային աշխատանքները……ինչպէս նաեւ մասնակցելու կազմակերպուած խաղերուն ուր յաղթողները կ՛ստանային արժէքաւոր նուէրներ տրամադրուած Հայ վաճառատուներու կողմէ:
Հայկական երաժշտութիւը եւ գեղարուեստական յայտագիրը ուրախ մթնոլորտ ստեղծած էր…….
Վարձքը կատար Կոմիտէին եւ բոլոր անոնց որոնք քաջալերեցին սոյն ձեռնարկը:






















