ԱԶՆԻՒ Գ. ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Թէ պիտի տաս Տուր աղօթքի պէս պատարագի Բաշխուելով հոգեզմայլ . . . . . . . . . . . . . .Հոգիներու հաւատքի: Թէ պիտի գաս Քարափներուն տուայտանքի Լեցուն բուռով Սերմանէ այնտեղ ուրախութիւնն օրհնաբեր: Թէ պիտի երթաս Հանդերն ցնծութեան ու պիտի թնդաս Լուռ տառապող հոգիներու Կաթիլ մը ձէթը չմոռնաս: Կամաւորի անսակարկ ոգիով Մենք միասին աշխատինք ԼՕԽ-ի առաքելութեան ի խնդիր Թէկուզ այրի կնոջ լումայով: Մարտ, 2013
ԱւելինԼՕԽ-ի հանգանակութեան օրուան առիթով լիբանանահայ տարբեր անձնաւորութիւններու ուղղուեցան հետեւեալ հարցումները, որոնց պատասխանները կը հրատարակենք այս սիւնակներով: 1.- ԼՕԽ-ի նախաձեռնած «Պնակ մը կերակուր» նախաձեռնութիւնը ինչպէ՞ս կը գնահատէք, մանաւանդ` անոր ստեղծման հանգրուանին, երբ նոր յարութիւն առնող հայութիւնը կարիք ունէր այդ «կերակուր»-ին: 2.- ԼՕԽ-ի գործունէութեան զուգահեռ, հանգանակութիւնը կարեւոր կը նկատէ՞ք, մանաւանդ եթէ նկատի…
Աւելին[ԼՕԽ-ը] Հայ կիներու ուխտեալ բանակ մըն է` ինքզինք նուիրած ՔՈՒ փրկութեան գործին եւ տասնամեակներէ ի վեր եղած է քու չարչարանքներու խաչակիրը, որպէսզի դուն, հայ ժողովուրդ, դաժան ճակատագրին առաջ ծունկ չչոքես: Ստացար հաց, ջուր, զգեստ, ապաստան, դեղ, դրամ, անցագիր, գործ: Չմնացիր որբ, չմնացիր անտէր, չմնացիր անճար, չմնացիր անծածկ, չմնացիր անգրագէտ, չմնացիր անլեզու, չմնացիր անզէն, չմնացիր անգորով: Այս ամէնը ստացար դուն առանց…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ՝ առողջապահական յանձնախումբին եւ Ա. Պուլղուրճեան Ընկերաբժշկական Կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, արեան խմբաւորման ցանկագրումի արշաւը որ ընթացք առած էր 21 Ապրիլ 2013-ին, իր վերջին հանգրուանին հասաւ Ուրբաթ 31 Մայիս 2013-ին, յետմիջօրէի ժամը 4-9, Ամանոսի «Սողոմոն Թէհլիրեան» ակումբէն ներս, գործակցութեամբ շրջանի եւ «Նիկոլ Դուման» ակումբի պատկան մարմիններուն, եւ ԼՕԽ-ի…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 10 ապրիլ 2013-ին կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Առողջութեան նպաստող բժշկական գիւտեր» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց տարրալուծարանի մասնագէտ Շաքէ Բարմաքսզեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 3 ապրիլ 2013-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մարսողական խանգարումներ» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց վիրաբուժ տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ…
ԱւելինՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՇԱԲԱԹ Պատերազմական թէ խաղաղ օրերուն, ԼՕԽ-ը միշտ իր ներդրումը կ՛ունենայ տնտեսական, շինարարական, կրթական, ընկերային եւ առողջապահական բնագաւառներու մէջ: Միացէ՛ք այդ առաքելութեան: Թերեւս ԼՕԽ-ը չունի աւելի շողշողուն կազմակերպութեանց նիւթական հարստութիւնը, սակայն ունի ուրիշ տեսակի անփոխարինելի գանձ մը, որ յարգանք ու ակնածանք պիտի պարգեւէր մնացեալներուն: Այդ գանձը իր դրօշին տակ…
Աւելին«Գարնան առաջին օրը` 21 մարտը, նուիրուած է կեանքի ամէնէն գեղեցիկ հրաշալիքին, որ մայրն է: Յաջորդ օրն իսկ Արաբական լիկային կողմէ հռչակուած է «Մանուկներու օր», այն տրամաբանութեամբ, որ մայրը, մայրութիւնը կ՛արժեւորուի մանուկներու ծնունդով, մանուկներու ներկայութեամբ. զիրար ամբողջացնող, զիրար արժեւորող մէկ անբաժանելի միութիւն: Ահաւասիկ այսօր ԼՕԽ-ի կազմակերպած ձեռնարկին նպատակը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ լուսարձակի տակ առնել Լիբանանի մէջ…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «ՆԱՐՕՏ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ» Մանկապատանեկան Գրադարանի յանձնախումբին,փոքրիկները տօնեցին Ս. ԶատիկըՈւրբաթ 22 Մարտ կ.ե. ժամը 4:00-ին Արագածի Ժողովրդային տան մէջ ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութենէն ընկերուհիներու, հիւրերու, ծնողներու եւ շուրջ 75 փոքրիկներու: Յայտագիրը ընդգրկեց 3 բաժին զոր վարեցին յանձնախումբի ընկերուհիները:Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց գրադարանի…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` հինգշաբթի, 21 մարտ 2013-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մտային խանգարումներ` ընկճուածութիւն եւ այլ հիւանդութիւններ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց հոգեբուժ տոքթ. Ժան Քլոտ Եազպեք: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը…
ԱւելինԼՕԽ -ի "Սօսէ'' մասնաճիւղը , Ժպէյլ , կազմակերպեց Միջինքի ձեռնարկ մը 13-3-2013-ին առաւօտեան ժամը 11-էն սկսեալ Ժպէյլի ակումբէն ներս , ներկայութեամբ 80 ԼՕԽ- ական ընկերուհիներու եւ համակիրներու : Ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատերապետուհին` ընկհ. Լուսին Պէզճեան : Ներկաները հիւրասիրուեցան հայկական տոհմիկ ճաշերով, երգեցին եւ պարեցին հայկական երգեր ու պարեր: Հեռակայ այդ շրջանին մէջ իսկապէս ուրախութիւն է տեսնել…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 13 մարտ 2013-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Շնչառական գործարաններու հիւանդութիւններ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց քիթի, ականջի եւ կոկորդի մասնագէտ տոքթ. Խաչիկ Փանոսեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման…
ԱւելինԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբը, գիտակից իր պարտաւորութիւններուն, այս տարի եւս երկուշաբթի, 11 մարտ 2013-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ արժանավայել ձեւով նշեց Կիներու միջազգային օրը գեղարուեստական յայտագիրով, որուն ներկայ եղաւ Կորիւն արք. Պապեան: Բացման խօսքէն առաջ Յասմիկ Գէորգեան հրաւիրեց ներկաները, որ մէկ վայրկեան յոտընկայս յարգեն յիշատակը Ծաղիկ Մկրտիչեանին…
ԱւելինՄեր Խօսքը 1993-2013 Այսօր «Նարօտ Արտալճեան» մանկական գրադարանը 20 տարեկան է: ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնը եւ հոգածութիւնը վայելող «Նարօտ Արտալճեան» մանկական գրադարանը արդէն իսկ բոլորած է իր 20 տարին: Քսան տարիներ եւ արդէն իսկ ան կը գործէ մեծ կազմով` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը, յանձնախումբ եւ պատասխանատու: Այս սիրելի օճախին առաքելութիւնը, պարտականութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը շատ մեծ է. տարիներէ ի վեր առած է…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի Դաստիարակչական յանձնախումբի կազմակերպած Կանանց Միջազգային Տօնի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 8 Մարտ 2013-ին,կէսօրէ առաջ ժամը 11:00ին, «Գ.Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ : Օրուան պատգամախօսն էր Տիկ. Սօսի Պալեան: Սոյն ձեռնարկին ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Սանդուխտ Հերկելեան, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ տիկիններ եւօրիորդներ: Հանդիսութեան բացման խօսքը…
ԱւելինՀինգշաբթի, 7 մարտ 2013-ին, հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ «Զուարթնոց» մասնաճիւղին (Հազմիէ), հովանաւորութեամբ Շրջանային վարչութեան, տեղի ունեցաւ կէսօրուան ճաշկերոյթ, «Ուայթ թաուըր» պանդոկի սրահին մէջ: Ներկայ էին մասնաճիւղին անդամները, նաեւ այլ մասնաճիւղերէ ընկերուհիներ, ինչպէս նաեւ` ԼՕԽ-ի համակիրներ: Ժամը 10:30-ին վարչութեան ատենապետը իր բացման խօսքով հրաւիրեց ներկաները` յոտնկայս ունկնդրելու…
ԱւելինՀինգշաբթի 7 Մարտ 2013ին ԼՕԽ-ի «ՆԱՐՕՏ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ» Մանկապատանեկան Գրադարանը նշեց Ուսուցչաց Տօնը Գրադարանէն ներս,ներկայութեամբ յանձնախումբի ատենապետուհի՝ Ընկհ. Մանուշակ Գիզիրեանի, պատասխանատու ուսուցչուհի՝ Ընկհ.Արփի Շարլաքեանի եւ այդ օրուայ ներկայ աշակերտներուն: Ուրախ մթնոլորտի մէջ, աշակերտները իրենց ուսուցչուհիին նուիրեցին փունջ մը ծաղիկ. ապա խօսք առաւ Ընկհ. Մանուշակ Գիզիրեան բացատրելով աշակերտներուն Հայ ուսուցիչին ծառայութեան…
ԱւելինԼՕԽ-ի ննջեցեալ բոլոր հիմնադիրներուն, բարերարներուն եւ ընկերուհիներուն հոգիներուն համար հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 3 մարտ 2013-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի: ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ԱւելինԼՕԽ -ի "Սօսէ'' մասնաճիւղը , Ժպէյլ , կազմակերպեց Միջինքի ձեռնարկ մը 13-3-2013-ին առաւօտեան ժամը 11-էն սկսեալ Ժպէյլի ակումբէն ներս , ներկայութեամբ 80 ԼՕԽ- ական ընկերուհիներու եւ համակիրներու : Ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատերապետուհին` ընկհ. Լուսին Պէզճեան : Ներկանները հիւրասիրուեցան հայկական տոհմիկ ճաշերով, երգեցին եւ պարեցին հայկական երգեր ու պարեր Հեռակայ այդ շրջանին մէջ իսկապէս ուրախութիւն է տեսնել…
ԱւելինՀինգշաբթի, 28 Փետրուար 2013-ին, առաւօտեան ժամը 10:30ին ,ԼՕԽ-ի «Ֆիլհանէսեան» կեդրոնին մէջ ( Այնճար), տեղի ունեցաւ «Աղթամար» մասնաճիւղի Դարմանատան յանձնախումբին կազմակերպած «Ոսկրափտում»ի մասին դասախօսութիւնը: Օրուան Դասախօսն էր՝ 10 տարիներէ ի վեր կամաւորաբար ԼՕԽ-ին ծառայող բժիշկներէն՝ Տոքթ. Ռիմոն Մասաատը, որ շուրջ մէկ ժամուան տեւողութեամբ մանրամասն օգտաշատ բացատրութիւններ տուաւ ներկաներուն: Վարձքը կատար յանձնախումբին եւ…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 27 փետրուար 2013-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Յանկարծամահութիւն» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց սրտաբան` տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Շաքէ Բարմաքսզեան: Ան…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ » մասնաճիւղի վարչութեան, հինգշաբթի, 21 փետրուարի 2013-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Սարգիս Ազնաւորեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծ պահքի հաւաքոյթ-ճաշ: Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի` Պերճուհի Գասպարեանը: Ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց վարչութեան եւ ընկերային յանձնախումբի…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 20 փետրուար 2013-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Աղիքային հիւանդութիւններ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց մարսողական համակարգի մասնագէտ տոքթ. Կարօ Յովսէփեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց…
ԱւելինՀայ ժողովուրդի զաւակներուն մէջ ներկայ է միշտ բարեպաշտ հաւատացեալ ու աւանդապահ հայը, որ կը սիրէ իր պապերէն ժառանգած աւանդութիւնները պահել: Մեծ պահքին նախորդող կիրակին կը կոչուի Բուն բարեկենդան, ժողովրդական լեզուով կը նշանակէ երջանիկ կեանք, վերակենդանացում, ուրախութիւն, խրախճանք եւ ճոխ ուտելիքներ: Մեր նախնիները Բարեկենդանը կը տօնէին մեծահանդէս տօնակատարութիւններով, աղօթքներու մրմունջներու կողքին, կը զուարճանային նաեւ ուտելով…
Աւելին

















