Հովանաւորութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ՝ առողջապահական յանձնախումբին եւ Ա. Պուլղուրճեան Ընկերաբժշկական Կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, արեան խմբաւորման ցանկագրումի արշաւը որ ընթացք առած էր 21 Ապրիլ 2013-ին, իր վերջին հանգրուանին հասաւ Ուրբաթ 31 Մայիս 2013-ին, յետմիջօրէի ժամը 4-9, Ամանոսի «Սողոմոն Թէհլիրեան» ակումբէն ներս, գործակցութեամբ շրջանի եւ «Նիկոլ Դուման» ակումբի պատկան մարմիններուն, եւ ԼՕԽ-ի «Կարինէ» , «Անահիտ» եւ «Շուշանիկ» մասնաճիւղերու։
Արշաւի ընթացքին ակումբ ներկայացան երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, հայրենակիցներ, ընկեր- ընկերուհիներ ,ցանկագրուելու համար, իսկ անոնք որոնք չունէին արեան խմբաւորման հաստատագիր, ստացան անվճար արեան քննութիւն եւ համապատասխան հաստատագիր։
Հաւաքական այս աշխատանքը, անգամ մը եւս ցոյց տուաւ մեր ժողովուրդին պատրաստակամութիւնը եւ գիտակցութիւնը միմյանց օգնելու , այս պարագային իրենց արիւնով։
«Այսօր արիւն տուողը օր մը ինք ստացողը կրնայ ըլլալ»
Վարձքը կատար բոլոր անոնք որոնք օժանդակեցին սոյն արշաւի հեզասահ ընթացքին համար։








