Ս. Պ. Աւանդութեան պահպանումը ազգային պարտաւորութիւն է: Կարելի է ըսել, որ հայոց ազգային պատմութեան բաղկացուցիչ մէկ տարրն է` ժողովրդային մթնոլորտով շաղուած: Եթէ մեր աւանդութիւնը սերունդէ սերունդ չփոխանցենք, կը դադրինք ինքնուրոյն ազգ մը ըլլալէ, կը նմանինք ուրիշին եւ ոչ` մենք մեզի: Բարեկենդանը հայկական աւանդութիւններու մէջ ունի իր իւրայատուկ գրաւչութիւնը երկու իմաստով. եկեղեցական թէ ժողովրդային: Քրիստոնեայ եկեղեցին կը պահէ…
ԱւելինԼՕԽ -ի "Աղաւնի Փափազեան'' մասնաճիւղը , Զալքա, կազմակերպած էր ճաշի պազար մը բարեկենդանի առթիւ, 9-2-2013-ին առաւօտեան ժամը 10-ին Գարեգին Նժդեհ ակումբին մէջ:
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 6 փետրուար 2013-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Շաքարախտը եւ անոր ժխտական ազդեցութիւնը մարմնի տարբեր օրկաններուն վրայ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց շաքարախտի եւ գեղձերու մասնագէտ տոքթ. Սերժ Տուլեան: Առողջապահական…
Աւելին6 դեկտեմբերին, Անթիլիասի «Սֆրըթ հանա» ճաշարանին մէջ կայացաւ ԼՕԽ-ի «Գայեանէ» մասնաճիւղի վարչութեան 35-ամեակի հանդիսութիւն, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներուն եւ աւելի քան 150 ԼՕԽ-ականներու եւ բարեկամներու, որոնք եկած էին միասնաբար նշելու մասնաճիւղի հիմնադրութիւնը: Քայլերգի ունկնդրութենէն ետք բարի գալուստի խօսք արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ Սօսի Մանուէլեան, որ անդրադարձաւ մասնաճիւղի 35-ամեայ երթին եւ…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ Ս. Սարգիսի ձեռնարկը տեղիունեցաւ ուրբաթ, 1 փետրուար 2013-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Ռուբէն»ակումբի սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեաններկայացուցիչ Սօսի Քէօյլեանի եւ կազմակերպական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Շաքէ եագուպեանի: Ներկայ էին 54 հրաւիրեալներ եւ ԼՕԽ-ականներ: Շրջանիծխատէր քահանան` Գուրգէն Յովհաննէսեանը ներկաներուն փոխանցեց Բուն Բարեկենդանի խորհուրդը…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 30 նոյեմբեր 2013-ին կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Լեարդը եւ փանքրէասը» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց ուռուցքաբան վիրաբուժ տոքթ. Յակոբ Միսիսեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Շաքէ…
ԱւելինՆերկայ ժամանակաշրջանի հիմնական հարցերէն մէկը տնտեսական տագնապն է, որ իր բացասական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ մարդոց ընկերային ու կենցաղային պայմաններուն վրայ: Երկար շունչի վրայ այս տագնապը նաեւ անդրադարձ կ՛ունենայ երեխաներուն եւ պատանիներուն վրայ` անոնց կազմաւորման հոլովոյթին ընդմէջէն: Ահաւասիկ այս կարեւոր հարցը առիթ ընձեռեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին երկուշաբթի, 21 յունուար 2013-ին, առաւօտեան ժամը…
ԱւելինԿիրակի, 27 յունուար 2013-ին, բացումը կատարուեցաւ ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան Մար Եուսեֆի վերանորոգուած ակումբին: Հայաստանի, ՀՅ Դաշնակցութեան եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Մանօ Մարտիրոսեան արտասանեց կոմիտէութեան խօսքը: Այնուհետեւ ԼՕԽ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղի ատենապետ Աստղիկ Կիտիկեան խօսք առնելով ներկայացուց մասնաճիւղի պատմութիւնը: Անիկա հիմնուած է 1966-ին եւ…
ԱւելինԼՕԽի Շրջանային վարչութեան Առողջապահական յանձնախումբը եւ Ա. Պուլղուրճեան Ընկերա-Բժշկական Կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքը միասնաբար կազմակերպեցին շտապ օգնութեան դասընթացք գործակցաբար Լիբանանեան Կարմիր Խաչի շտապ օգնութեան բաժանմունքին հետ, որուն կը մասնակցին գաղութիս մէջ գործող զանազան կազմակերպութիւններու անդամներ, հայկական վարժարաններու ուսուցչուհիներ/ աշակերտներ, ԼՕԽական ընկերուհիներ եւ այլ անհատներ։ Առաջին խմբակը աւարտեց…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 23 յունուար 2013-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Գերզգայնութիւնը» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց սննդագէտ Մարիա Թէքէեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան: Ան ծանօթացնելէ ետք…
ԱւելինԼիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը կազմակերպած էր հանդիսութիւն մը « صحتك بالدني »թեմայով, որ տեղի ունեցաւ ուրբաթ 18 Յունուար 2013-ին,առաւօտեան ժամը 10:15-աց Իւնոսքոյի սրահին մէջ։ Սոյն հանդիսութեան ընթացքին տեղի ունեցաւԼիբանանի մէջ գործող առողջապահական կեդրոններու պարգեւատրում, որոնց շարքին էր ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ- կեդրոնը։
ԱւելինԵրէկ` ուրբաթ, 18 յունուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:15¬ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ¬ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած եւ յատկապէս լիբանանեան դարմանատուներուն մէջ առողջապահութեան ու մատուցուած ծառայութիւններու մակարդակի բարձրացման նուիրուած ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին 25 առողջապահական կեդրոններ, որոնց կարգին ԼՕԽ¬ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը պարգեւատրուեցան` միջազգային մակարդակով…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 16 յունուար 2013-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Նախամուսնական արեան քննութիւններու կարեւորութիւնը» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմինի բժիշկ` տոքթ. Էլի Թաշճեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 9 յունուար 2013-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Դրական մտածողութիւնը եւ առողջութիւնը» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան…
ԱւելինԱմանորի առիթով, մեր պապիկներն ու մամիկները տօնական օրերու ուրախ մթնոլորտէն անմասն չձգելու նպատակով, ԼՕԽ-ի Անթիլիասի «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութիւնը ՔԱՀԼ-ի ծերանոց այցելեց: Յունուար 9-ին մասնաճիւղի երկու ընկերուհիներու կողմէ տրամադրուած հարիւր անձեռոցները, անուշեղէնը եւ սուրճը առնելով` վարչութիւնը անձամբ ներկայացաւ մեր սիրելի ծերունիներուն ու անոնց յանձնեց նուէրները: Մենք ուրախացուցինք զիրենք ու նուազագոյն պարտականութիւն մը…
ԱւելինՈւրախութիւն եւ նոյն ատեն յուզում առթող է տեսնել ալեհեր, տարիներու բեռան տակ կքած ու քիչ մը ամօթխած ծերունի մամիկներուն ու պապիկներուն մուտքը ԼՕԽ-ի Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական կեդրոնի Թնճուկեան սրահ, ուր երեքշաբթի, 27 դեկտեմբերի կէսօրուան ժամը 11:30-ին, անոնք հրաւիրուած էին միասնաբար ճաշելու եւ տօնական ուրախ ժամեր անցընելու: Հոգեթով եւ սրտագրաւ է ԼՕԽ-ականներուն մօտեցումը իւրաքանչիւր ծերունիի կամ պարագայի, անոնց մեղմ ու…
ԱւելինՍտորեւ կը ներկայացնենք ԼՕԽ-ի կազմակերպած մանուկներու ամանորեան խրախճանքին մասնակցած սուրիահայ երեխաներու կարգ մը տպաւորութիւններ: ԼՕԽ-ի Կազդուրման կայանի եւ սուրիահայ պզտիկներու Նոր տարուան տօնը շատ գեղեցիկ եւ հաճելի էր: Փոքրիկները շատ լաւ ժամանակ անցուցին թզուկներուն, ձիւնեմարդուն եւ Կաղանդ պապուկին հետ. համտեսեցինք նաեւ համեղ կարկանդակներ: Կաղանդ պապուկը նուէրներ բաշխեց բոլորին: Սուրիահայ աշակերտներուն անունով…
ԱւելինՀայ ծերունիին ուրախացնելը ԼՕԽ-ի առաքելութիւներէն մէկն է: Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան,կազմակերպութեամբ խոհանոցի յանձնախումբին ,ներկայութեամբ 120 ծերերու,տեղի ունեցաւ կաղանդի ձեռնարկ 27-12-2012-ին Պուլղուրճեան կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: վարձքը կատար յանձնախումբի ընկերուհիներուն:
ԱւելինԼՕԽ-ի Շրջանային քարոզչական յանձնախումբին հետ գործակցաբար, «Ազդակ» կը սկսի հրատարակել ԼՕԽ-ի էջ` ամսական հերթականութեամբ: ԼՕԽ-ի գործունէութեան վերաբերող օրին կատարուող լրատուութիւններուն եւ թղթակցութիւններուն առընթեր ամսական էջով պիտի ներկայացուի համադրումը ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, քարոզչական յանձնախումբին եւ ընդհանրապէս ԼՕԽ-ի մասնաճիւղային գործունէութեան…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին եւ հովանաւորութեամբ Այնճարի քաղաքապետութեան, շաբաթ, 22 դեկտեմբեր 2012-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Այնճարի Ս.Պօղոս եկեղեցւոյ «Գ.Կիւլպենկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կաղանդի տօնավաճառի բացումը: Ժապաւէնը կտրեցին Ս.Պօղոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Աշոտ քհնյ. Գարագաշեանն ու քաղաքապետ` Կարօ Փամպուքեանը: Քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, ԼՕԽ-ի «Աղթամար»…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ գրադարանի յանձնախումբին, ուրբաթ, 21 դեկտեմբեր 2012-ին, «Արագած» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ «Կաղանդ»-ի յատուկ ձեռնարկ: Ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սիրուն Վարդապետեան, յանձնախումբի ընկերուհիներ, հիւրեր, ծնողներ եւ շուրջ 100 մանուկներ: Յայտագրին սկիզբը բարի գալուստի խօսք արտասանեց գրադարանի պատասխանատուն եւ շնորհաւորեց ներկաները` մաղթելով, որ…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Հ. Փափազեան» մասնաճիւղին վարչութիւնը կազմակերպեց նոր տարուանընկերային խրախճանք մը, 20 դեկտեմբեր 2012-ին, Ռաուտայի ակումբի սրահին մէջ: Մասնաճիւղի ատենապետ Սօսի Յակոբեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւփոխանցեց, թէ տարիներու աւանդութիւն դարձած մանուկներու Կաղանդիձեռնարկին զուգահեռ, այս տարի եւս վարչութիւնը ամանորեայ հաւաքներկազմակերպած է: Ձեռնարկի ճաշերը պատրաստած եւ նուիրած էին վարչական ընկերուհիները:
ԱւելինՀՅԴ 122-ամեակին առիթով, ՀՅԴ Պանթէոնին դիմաց նահատակուած եւ մահացած դաշնակցական գործիչներու յիշատակին հոգեհանգիստ (ԼՕԽ-ի ծաղկեպսակի զետեղում)
ԱւելինԱմէն տարի ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբը Կաղանդը նախորդող շաբաթներուն ընթացքին Նոր տարուան աւանդութեան վերածուած հաւաքոյթ կը կազմակերպէ Կազդուրման կայանի փոքրիկներուն համար: Այս տարի հաւաքոյթը իւրայատուկ կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ, որովհետեւ Կազդուրման կայանի փոքրիկներէն բացի ԼՕԽ-ը նախաձեռնած էր հաւաքոյթին մասնակից դարձնել նաեւ լիբանանահայ վարժարաններու սուրիահայ աշակերտները` 6-11 տարեկան: Արդարեւ, երէկ`…
Աւելին



















