Ս. Սարգիսի ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ Ս. Սարգիսի ձեռնարկը տեղիունեցաւ ուրբաթ, 1 փետրուար 2013-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Ռուբէն»ակումբի սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեաններկայացուցիչ Սօսի Քէօյլեանի եւ կազմակերպական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Շաքէ եագուպեանի: Ներկայ էին 54 հրաւիրեալներ եւ ԼՕԽ-ականներ: Շրջանիծխատէր քահանան` Գուրգէն Յովհաննէսեանը ներկաներուն փոխանցեց Բուն Բարեկենդանի խորհուրդը, բացատրեց տօնին իմաստը, մեր կեանքին մէջ անոր,ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս հայ տօներուն կարեւորութիւնը` շեշտելով այս բոլորընոր սերունդներուն փոխանցելու կարեւորութիւնը: