շտապ օգնութեան դասընթացք

ԼՕԽի Շրջանային վարչութեան Առողջապահական յանձնախումբը եւ Ա. Պուլղուրճեան Ընկերա-Բժշկական Կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքը միասնաբար կազմակերպեցին շտապ օգնութեան դասընթացք գործակցաբար Լիբանանեան Կարմիր Խաչի շտապ օգնութեան բաժանմունքին հետ, որուն կը մասնակցին գաղութիս մէջ գործող զանազան կազմակերպութիւններու անդամներ, հայկական վարժարաններու ուսուցչուհիներ/ աշակերտներ, ԼՕԽական ընկերուհիներ եւ այլ անհատներ։
Առաջին խմբակը աւարտեց իր դասընթացքը 24 Յունուար 2013ին, որ տեղի ունեցաւ ԼՕԽի Կեդրոնի Թնճուկեան սրահէն ներս , 16 անհատներով։
Բոլոր մասնակցողները ստացան համապատասխան վկայագիրներ Լիբ. Կարմիր խաչի կողմէ։
Յաջորդաբար յառաջիկայ ամիսներու ընթացքին կը շարունակուի այս աշխատանքը
Մասնակցիլ փափաքողները կրնան դիմել ԼՕԽ-Ի գրասենեակ, հեռ.01265359