Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին երէկ` չորեքշաբթի, 7 նոյեմբեր 2012-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կուրծքի քաղցկեղ»-ը նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց վիրաբուժ տոքթ. Յակոբ Միսիսեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Շաքէ Բարմաքսզեան: Ան…
ԱւելինԵրկուշաբթի, 12 նոյեմբեր 2012-ին, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին, շուրջ 100 ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ այցելեցին Պիքֆայայի «Զարեհեան» դպրեվանքը: Մուտքին ընկերուհիներուն դիմաւորեց դպրեվանքի տեսուչ Նարեկ արք. Ալեէմեզեան: Միասնաբար ուղղուեցան դպրեվանքի «Բրաբիոն Տումանեան» սրահ: Տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն, որուն ընդմէջէն ընկերուհիները աւելի մօտէն ծանօթացան դպրեվանքին գործունէութեան…
Աւելին5 նոյեմբեր 2012-ին տեղի ունեցաւ ընկերային հանդիպում-դասախօսութիւն մը` Նոր Ամանոսի «Ս. Թեհլիրեան» ակումբին վերանորոգուած սրահին մէջ` հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջ. վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղին վարչութեան: Մասնաճիւղի ատենապետ Անի Թիմիճեանի բացման խօսքէն ետք, խօսք առաւ օրուան դասախօս տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան, որ խօսեցաւ «Մեր զաւակներուն սպառնացող վտանգներ» խորագրեալ նիւթին շուրջ: Դասախօսը նախ…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին երէկ` չորեքշաբթի, 31 հոկտեմբեր 2012-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կենսոլորտի պահպանում եւ առողջութիւն. հարցեր եւ լուծումներ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց Կարօ Յարութիւնեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց…
ԱւելինԵրեքշաբթի, 27 հոկտեմբեր 2012-ին, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի աւելի քան ութսուն անդամներու, «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղին նոր տարեշրջանի առաջին ձեռնարկը` ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Ազատուհի Սարգիսեանի: ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը կատարեց վարչութեան ատենապետուհի Արաքսի Գըլըճեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն` հակիրճ…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 24 հոկտեմբեր 2012-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` «Առողջութեան պահպանում եւ բարելաւում կեանքի տեւողութեան ընթացքին» նիւթով, զոր ներկայացուց Մէյրի Արեւեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը…
ԱւելինԼիբանանահայ օգնութեան խաչի մեծ ընտանիքը կիրակի, 7 հոկտեմբերին կորսնցուց Պէյրութի « Մեղրի » մասնաճիւղի վաստակաշատ անդամուհիներէն Եոլանտ Քերոբեան-Ճոմպալաքեանը, որ բովանդակ կեանքը ԼՕԽ-ի ճամբով իր ժողովուրդի ծառայութեան տրամադրելէ ետք, յետ մահու ծառայութեան օրինակ մըն ալ տուաւ, երբ իր ամբողջ ունեցուածքը կտակեց մարդասիրական մեր կազմակերպութեան՝ զայն տրամադրելու համար ծերերու, հիւանդներու, անօգնական պարագաներու եւ հայութեան…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ 2 հոկտեմբեր 2012, ուրբաթ կ. ա. ժամը 11:00-ին, մասնաճիւղի կեդրոնին մէջ: Օրուան դասախօսն էր դեղագործ Գալէ Տէր Գալուստեան, որ խօսեցաւ «Դեղերու ճշգրիտ գործածութիւնը եւ դեղերու տարբերակները» նիւթին շուրջ: Յարգելի դասախօսը ներկայացուց դեղերու ճշգրիտ օգտագործման կերպերը, սխալ օգտագործումի ժխտական հետեւանքը, դեղերու փոխազդեցութիւնը…
Աւելինիբանանահայ օգնութեան խաչի «Աշխէն» մասնաճիւղը տարեկան իր ծրագրին մէջ արձանագրած էր այցելութիւն մը` Ազունիէի Ազգային բուժարան: Ուզեցինք պահել մեր աւանդութիւնը, նախորդ տարիներուն նման կատարեցինք մեր այցելութիւնը: Վարչութեան եւ ընկերային յանձնախումբի անդամներով նախօրօք պատրաստեցին հայկական ճաշ` մածունով քիւֆթէ, որուն պատրաստութիւնը կը պահանջէ ժամանակ եւ բծախնդիր աշխատանք: Այս առիթով ունեցանք բարեկամներ, որոնք դիւրացուցին մեր…
ԱւելինԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հոգածութիւնը վայելող Նարօտ Արտալճեան մանկապատանեկան գրադարանի աշակերտները անցուցին հարուստ եւ ճոխ յայտագիրով ամառ մը: Երեք ամիս տեւողութեամբ, օրական դրութեամբ, անոնց համար նախապէս պատրաստուած եւ ծրագրուած յայտագիրը յանձնախումբի անդամներուն եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Նազելի Աւագեանի եւ գրադարանի պատասխանատուին կողմէ իրագործուեցաւ շատ յաջող կերպով: Առաջին հերթին հայ գիրքը…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղին (Նոր Ամանոս), հինգշաբթի, 20 սեպտեմբեր 2012-ին տեղի ունեցաւ վարչութեան առաջին ձեռնարկը` դաշտագնացութիւն դէպի Զըքրիթի Մար Ապտա ուխտատեղիի եկեղեցին եւ Լիբանանի գեղատեսիլ վայրերը, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջ. վարչութեան ներկայացուցիչ Սիրուն Վարդապետեանի, հրաւիրեալներու, համակիրներու եւ 90 ԼՕԽ-ականներու: Իսկ Ժըհիթայի պատմական քարայրին մէջ անոնք…
ԱւելինՉորեքշաբթի, 19 սեպտեմբեր 2012-ին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի: Այցելութեան ընթացքին Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարալ Յովհաննէսեան սրբազան հօր ներկայացուց նորընտիր Շրջանային վարչութեան յառաջիկայ երկամեակի ծրագիրը, ինչպէս նաեւ արծարծուեցան գաղութին դիմագրաւած ընկերային թէ տնտեսական հարցերը եւ անոնց անմիջական լուծումներ գտնելու միտքեր: Սրբազան հայրը…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէին, երէկ` ուրբաթ, 28 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ամանոսի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ վերանորոգուած ակումբի բացումը: Բացման խօսքը արտասանեց Սեդա Գրիգորեան: Ան նկատել տուաւ, որ «Սողոմոն Թեհլիրեան» ակումբը 1969-էն ի վեր կը շարունակէ իր առաքելութիւնը` իբրեւ շառաւիղը իր անուանատիրոջ դաւանած սկզբունքներուն եւ հաւատամքին: «Թեհլիրեան» ակումբը այսօր կը ներկայանայ ֆիզիքապէս նորոգ…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին ուրբաթ, 14 սեպտեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Մուսա լերան տոհմիկ երեկոյ, որ իր տեսակին մէջ իւրայատուկ էր: Գիւղի հոգեւոր պետերուն, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեանին, 100-ամեակի կեդրոնական մարմինի պատուոյ նախագահ տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեանին, տէր եւ տիկին…
ԱւելինԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հոգածութիւնը վայելող «Ն. Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի աշակերտները անցուցին հարուստ եւ ճոխ յայտագրով ամառնային շրջան մը: Յանձնախումբի ատենապետին եւ գրադարանի պատասխանատուին կողմէ անոնց համար նախապէս պատրաստուած եւ ծրագրուած յայտագիրը իրագործուեցաւ շատ յաջող կերպով, ամէնօրեայ դրութեամբ: Եռամսեայ այդ յայտագիրը կ՛ընդգրկէր արժեւորել հայ գիրքը, սիրցնել ընթերցանութիւնը, ամառնային դասեր, ընդհանուր…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի վարչութեան, երեքշաբթի, 11 սեպտեմբեր 2012-ին տեղի ունեցաւ դաշտագնացութիւն դէպի Պաթրուն: Աւելի քան 100 ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ եւ համակիրներ առաւօտեան կանուխ ժամերուն մեծ խանդավառութեամբ ուղղուեցան դէպի Քաղաքապետարանի դաշտ, ուր իրենց կը սպասէին հանրաշարժները: Դաշտագնացութիւնը սկսաւ սրբավայրերու այցելութեամբ: Խումբը այցելեց Ռաֆաա սրբատեղին…
ԱւելինԼՕԽ-ի Շրջանային քարոզչական յանձնախումբին հետ գործակցաբար, «Ազդակ» կը սկսի հրատարակել ԼՕԽ-ի էջ` ամսական հերթականութեամբ: ԼՕԽ-ի գործունէութեան վերաբերող օրին կատարուող լրատուութիւններուն եւ թղթակցութիւններուն առընթեր ամսական էջով պիտի ներկայացուի համադրումը ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, քարոզչական յանձնախումբին եւ ընդհանրապէս ԼՕԽ-ի մասնաճիւղային գործունէութեան…
ԱւելինՆերկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, ԼՕԽ-ի ընկերային յանձնախումբի անդամներուն եւ ծնողներուն, կիրակի, 22 օգոստոս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Այնճարի Ազգային Յառաջ Գ. Կիւլպենկեան երկրորդական վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի ընկերային յանձնախումբի գլխաւոր ծրագիրներէն «Կազդուրման կայան»ի փակման հանդիսութիւնը: Շուրջ 1 ժամուան ընթացքին 43 պատանիներ եւ պարմանուհիներ իբրեւ նիւթ ներկայացուցին հայ ազգային-ազատագրական…
ԱւելինԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնն ու հոգածութիւնը վայելող «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի աշակերտները այս ամառ ունեցան ճոխ յայտագրով օժտուած հարուստ գործունէութիւն: Արդարեւ, յատուկ մանուկներու համար ծրագրուած ու պատրաստուած ամառնային երկամսեայ յայտագիրը յաջողութեամբ կիրարկուեցաւ ամէնօրեայ դրութեամբ: Ամառնային այդ յայտագիրը նախ եւ առաջ կ՛ընդգրկէր հայ գիրքի արժեւորումը` անոնց սիրցնելով ընթերցանութիւնը…
ԱւելինԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամները չորեքշաբթի, 17 օգոստոսին այցելութիւն մը տուին Ազգային Յառաջ – Գ. Կիւլպենկեան վարժարան, ուր կ՛իրագործուի ԼՕԽ-ի ընկերային յանձնախումբի աւանդութիւն դարձած գլխաւոր նախաձեռնութիւնը` Կազդուրման կայանը: Նկատի ունենալով, որ 2011 թուականը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ յայտարարուեցաւ Հայ մանուկի տարի, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբը` գործակցաբար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ…
ԱւելինՀինգշաբթի, 16 օգոստոս 2012-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի վանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Նոր Շրջանային վարչութիւնը` իր լրիւ կազմով: Շրջանային վարչութիւնը վեհափառ հայրապետին պարզեց յառաջիկայ շրջանի իր ծրագիրները, որոնց մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն կրթական նպաստը հայ վարժարաններու աշակերտներուն, կարիքաւոր ընտանիքներու օգնութիւնը, ծերերու խնամքը, ինչպէս նաեւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի…
ԱւելինԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբի ծրագիրի հիմնական առանցքը Կազդուրման կայանն է: Յանձնախումբը ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէ ընկերային, առողջապական եւ սննդական հարցեր դիմագրաւող ընտանիքներուն երեխաները: 15-8-2012-ին ,ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամները այցելութիւն մը տուին ԼՕԽ-ի ընկերային յանձնախումբի Կազդուրման կայանի ծրագիրին մասնակցող պատանի-պարմանուհիներուն՝ Ազգ. Յառաջ- Գ. Կիւլպենկեան վարժարանի մէջ…
ԱւելինԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբի ծրագիրի հիմնական առանցքը Կազդուրման կայանն է: Յանձնախումբը ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէ ընկերային, առողջապական եւ սննդական հարցեր դիմագրաւող ընտանիքներուն երեխաները: ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամները 15-8-2012 -ին այցելութիւն տուին ԼՕԽ-ի ընկերային յանձնախումբի Կազդուրման կայանի ծրագիրին մասնակցող պատանի-պարմանուհիներուն՝ Ազգ. Յառաջ- Գ. Կիւլպենկեան վարժարանի մէջ ։ ԼՕԽ-ի…
ԱւելինԱմառնային այս եղանակին Լիբանանահայ օգնութեան խաչի մասնաճիւղերը կազմակերպեցին դաշտագնացութեան ձեռնարկներ` դէպի Լիբանանի լեռնային եւ դաշտային շրջանները, Մեթնէն Քեսրուան, Շուֆէն մինչեւ Պեքաա: ԼՕԽ-ի Արշալոյս Ազիրեան մասնաճիւղի վարչութիւնը իր անդամները հրաւիրեց դաշտագնացութեան` Մեթնի հովասուն վայրերէն Մրուժ-Զաարուր շրջանը, 11 օգոստոս 2011-ին: Պտոյտին առաջին հանգրուանը եղաւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքը, ուր կը կատարուէին…
Աւելին

















