Կազդուրման կայան այցելութիւն

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբի ծրագիրի հիմնական առանցքը Կազդուրման կայանն է: Յանձնախումբը ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէ ընկերային, առողջապական եւ սննդական հարցեր դիմագրաւող ընտանիքներուն երեխաները:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամները 15-8-2012 -ին այցելութիւն տուին ԼՕԽ-ի ընկերային յանձնախումբի Կազդուրման կայանի ծրագիրին մասնակցող պատանի-պարմանուհիներուն՝ Ազգ. Յառաջ- Գ. Կիւլպենկեան վարժարանի մէջ ։

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհին յաջողութիւն մաղթեց ընկերային յանձնախումբի անդամներուն եւ անոնց կազմակերպած ծրագիրներուն, որոնք կը միտին ուրախացնել ընկերային ծանր պայմաններ ապրող պատանիները՝ զանոնք դուրս հանելով իրենց ապրած նեղ պայմաններէն, ծրագրելով յաջող պտոյտներ եւ այցելութիւններ Կազդուրման կայանի ծրագիրին ծիրին մէջ։

պատանիներուն մաղթեց լաւ օրեր եւ ուրախ ժամանց, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ ԼՕԽ-ի գործունէութեան մասին եւ անոնց ներկայացուց օրինակներ՝ կամաւոր ԼՕԽ-ականներու աշխատանքին մասին։

Ծրագիրին մասնակցող պատանիները ներկայացուցին կիրակի օրուան իրենց հանդէսի պատրաստութենէն բաժին մը։
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամները փոքրիկներուն հետ միատեղ ճաշելով ուրախացուցին զանոնք……
Վարչութիւնը այցելեց նաեւ նոր կարուցուող Կազդուրման Կայանի շէնքը որուն աշխատանքը ընթացքի մէջ է: