5 նոյեմբեր 2012-ին տեղի ունեցաւ ընկերային հանդիպում-դասախօսութիւն մը` Նոր Ամանոսի «Ս. Թեհլիրեան» ակումբին վերանորոգուած սրահին մէջ` հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջ. վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղին վարչութեան:
Մասնաճիւղի ատենապետ Անի Թիմիճեանի բացման խօսքէն ետք, խօսք առաւ օրուան դասախօս տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան, որ խօսեցաւ «Մեր զաւակներուն սպառնացող վտանգներ» խորագրեալ նիւթին շուրջ: Դասախօսը նախ անդրադարձաւ հայ մօր եւ յատկապէս հայ խաչուհիի որոշ առաքելութիւններուն մասին` հաստատելով, որ մեր զաւակները մեր ապագան են: «Այսօրուան երիտասարդութենէն կախեալ է, թէ ի՛նչ ձեւի սերունդ պիտի ունենանք ապագային»: Ան վտանգները բաժնեց գլխաւոր երեք տեսակներու. վտանգներ` առնչուած արկածի, արհեստագիտութեան եւ ընկերային միջավայրի հետ: Արկածներու պարագային, ան շեշտը դրաւ ինքնաշարժի արկածներուն վրայ, որոնց պատճառով դժբախտաբար վերջերս արձանագրուած զոհերու կարգին հայ երիտասարդներ եւս մահացան:
Արհեստագիտութեան զարգացման պատճառով համացանցի եւ բջիջային հեռախօսի վտանգներուն անդրադառնալով` ան թուեց ճնշուածութիւնը, անքնութիւնը, մեկուսացած, անշարժ նստելու պատճառով գիրութիւնը, գլխացաւ եւ այլն... Տոքթ. Ս. Վարդապետեան ծնողներէն խնդրեց հսկել ու սահմանափակել իրենց զաւակներու համակարգիչի եւ բջիջային հեռախօսի գործածութեան ժամերը:
Ընկերային միջավայրի վտանգներուն մասին ան մանրամասն բացատրեց ծխախոտի, ալքոհոլի, թմրեցուցիչի, ինչպէս նաեւ խառն ամուսնութիւններու, միասեռականութեան հետեւանքները, որոնք պատճառ կը դառնան հեռանալու հայկական վարք ու բարքէն, աւանդութիւններէն եւ մեր արժէքները պահպանելու պարտաւորութիւններէն:
Ձեռնարկին ընթացքին տեղի ունեցաւ նուիրատուութիւն եւ վիճակաձգութիւն, ինչպէս նաեւ ներկայացուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը:
Վարձքը կատար «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութեան:








