Մուսա Լերան Տոհմիկ Երեկոյ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին ուրբաթ, 14 սեպտեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Մուսա լերան տոհմիկ երեկոյ, որ իր տեսակին մէջ իւրայատուկ էր:

Գիւղի հոգեւոր պետերուն, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեանին, 100-ամեակի կեդրոնական մարմինի պատուոյ նախագահ տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեանին, տէր եւ տիկին տոքթ. Յարութ Նիկոլեանին, Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի մարմինի արտերկրի ներկայացուցիչներուն, հայրենի պատմաբան Աշոտ Ներսիսեանին, Այնճարի քաղաքապետութեան, «Կարմիր Լեռ» կոմիտէութեան ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ շուրջ 1200 հայորդիներու ներկայութեամբ կատարուեցաւ ձեռնարկին բացումը:

Ողջոյնի խօսքը արտասանեց ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ատենապետ Մատլեն Խօշեան, որ շեշտը դրաւ հիմնական երկու երեւոյթներու վրայ, որոնք հանդիսացած են Այնճարի ժողովուրդի փառքն ու պատիւը: Նախ անդրադարձաւ այս ժողովուրդի նուիրեալ անձնաւորութիւններուն, ինչպէս` կեդրոնին անունը կրող ազգային գործիչ, մտաւորական ու յեղափոխական ականաւոր դէմք Սարգիս Զէյթլեանին, ապա Մուսա լերան հերոսամարտի տօնախմբութիւններուն իր մասնակցութիւնը բերող ԼՕԽ-ական տիկիններուն, որոնց զոհաբերութեան յատկութիւնները կը ցոլան այսպիսի ձեռնարկներու ընթացքին:

«Այս անձնուրաց տիկինները բարձր գիտակցութեամբ նուիրուած են, որպէսզի գոյատեւեն հայ մշակոյթն ու աւանդութիւնները, որպէսզի մեր զաւակները քաջածանօթ ըլլան իրենց պատկանելիութեան ամբողջականութեան` պահպանելով Մուսա լերան հերոսներուն արժանիքներն ու յաւերժացնելով անոնց անմահական ոգին»:

Ապա «Կարմիր լեռ» կոմիտէութեան խօսքը կարդաց Ռիթա Քիւսպեկեան, որ հաստատեց գիւղի կուսակցական կազմակերպութեան ներդրումը` իրագործուող բոլոր աշխատանքներու արդիւնաւորման ու յաջողութեան մէջ: Ան յիշեց, որ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն միշտ սատար հանդիսացած է գիւղի միութիւններուն եւ զանոնք պահած իր ապահով հովանիին տակ:

Ապա ան անդրադարձաւ ԼՕԽ-ական տիկիններուն զոհաբերումին` շեշտելով հետեւեալ գաղափարը. «Միայն առողջ շրջանակներու մէջ է, որ կինը կրնայ ունենալ ազատ եւ յաջող գործունէութիւն»: Այդ գործունէութիւնը յաջողութիւններ կ՛արձանագրէ շնորհիւ 225 անդամուհիներու, որոնք տոհմիկ երեկոյին համար պատրաստած էին Մուսա լերան աւանդական «Պենրը հուցը» (Պանիրով հաց), «Ձիթը Բիկիղը» (Ձէթով հաց), «Պուրման» (Ընկոյզով անուշեղէն):

Ռիթա Քիւսպեկեան «Ժողովուրդէն` ժողովուրդին համար» կարգախօսով աւարտեց իր խօսքը եւ հերթաբար բեմ հրաւիրեց օրուան մթնոլորտը խանդավառող երգիչ-երգչուհիները` Սեւան Մեթլեան, Ժանօ Քոզեան, Սեւան Ադամեան, Վրէժ Հաճեան եւ խոստմնալից փոքրիկներ Լիլիթ Աբրահամեան եւ Պօղոս Տօնիկեան:

Յատկանշական երեւոյթ էր Ազգային «Յառաջ-Գալուստ Կիւլպենկեան» վարժարանի 11-րդ եւ 12-րդ դասարանի աշակերտներուն պատրաստած Այնճարի բարբառով ներկայացումը:

Ներկաները աւելի քան երեք ժամ խանդավառ մթնոլորտի մէջ վերապրեցան Մուսա լերան անցեալի աւանդութիւններով` ճաշակելով նաեւ աւանդական ճաշատեսակները:

Խանդավառ երեկոյին եզրափակումը կատարուեցաւ աւանդական տհոլ զուռնայի ուրախ մթնոլորտով: