Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղին (Նոր Ամանոս), հինգշաբթի, 20 սեպտեմբեր 2012-ին տեղի ունեցաւ վարչութեան առաջին ձեռնարկը` դաշտագնացութիւն դէպի Զըքրիթի Մար Ապտա ուխտատեղիի եկեղեցին եւ Լիբանանի գեղատեսիլ վայրերը, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջ. վարչութեան ներկայացուցիչ Սիրուն Վարդապետեանի, հրաւիրեալներու, համակիրներու եւ 90 ԼՕԽ-ականներու: Իսկ Ժըհիթայի պատմական քարայրին մէջ անոնք նաւակով շրջեցան տեսարժան վայրին մէջ:
Կէսօրուան ճաշի դադարը տեղի ունեցաւ քարայրին ճաշարանին մէջ, ուր բարի գալուստի խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ Անի Թիմիճեան: Ապա մասնակիցները այցելեցին Զմմառու վանք, անոր գինետունը եւ թանգարանը` առաջնորդութեամբ Մաշտոց վրդ. Զահթերեանի: Հաղորդուելէ ետք, ներկաներուն բացատրութիւն տրուեցաւ թանգարանի եւ գինետան մասին: Պտոյտի վերջին հանգրուանն էր Հարիսայի եկեղեցին, ուր ընկերուհիները իրենց ուխտերը կատարելէ ետք, բարձր տրամադրութեամբ եւ գնահատական խօսքերով վերադարձան իրենց տուները` վարչութեան մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ:













