Հայ օգնութեան միութեան միջազգային երրորդ նաւապտոյտը տեղի ունեցաւ յունիս 30-էն յուլիս 14-ի միջեւ, մասնակցութեամբ աւելի քան 210 ՀՕՄ-ականներու եւ հայ թէ օտար համակիրներու: ՀՕՄ-ի այս երրորդ նաւապտոյտը ներառեց եւրոպական զանազան ոստաններ: Անոր մասնակիցները հաւաքուեցան Մեծն Բրիտանիա, ուր ՀՕՄ-ի մասնաճիւղը կազմակերպած էր թէ՛ գեղատեսիլ վայրերու շրջագայութիւններ, թէ՛ յատուկ ընդունելութիւն մը, որուն ընթացքին նաւապտոյտի մասնակիցներն ու…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի 25-ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 29 յունիսի առաւօտեան յատուկ հանդիսութեամբ բացումը կատարուեցաւ բժշկական նոր բաժանմունքներու: Ճափոնի դեսպանատան օժանդակութեամբ կատարուած այս ձեռնարկին Ճափոնի դեսպանին կողքին ներկայ էին առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւններուն, նորութիւններուն եւ յառաջիկայի ծրագիրներու ընդհանուր պատկերը ներկայացնելու նպատակով կեդրոնի տնօրէն Սօսի Սաղըրեանի հետ կատարուած հարցազրոյցին ընթացքին ան լայնօրէն անդրադարձաւ կեդրոնը միշտ բարելաւման ու զարգացման ընթացքին մէջ պահելու երեւոյթին, ինչպէս նաեւ կեդրոնին մէջ նորանոր բաժանմունքներու հաստատման մասին: ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան»…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի, երէկ` երեքշաբթի, 12 յունիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան Ձեռարուեստի յանձնախումբի հայկական ասեղնագործութեան ցուցահանդէսի բացման հանդիսութիւնը` գործակցութեամբ Հայկազեան համալսարանի արուեստից կեդրոնին: Ներկայ էր ընկերային հարցերու նախարարի ներկայացուցիչ Հաֆեզ Պու Լթէյֆ, Լիբանանի հայոց…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, ներկայութեամբ Այնճարի քաղաքապետութեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու ու յանձնախումբերու անդամներուն եւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն, կիրակի, 3 յունիսին Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայանի հիմնարկէքը: Այսպիսով, ԼՕԽ-ը պիտի ունենայ մնայուն եւ յարմար կեդրոն մը` իր բազմաճիւղ գործունէութեան մաս…
ԱւելինՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ Երկար տարիներու բաղձանքին եւ պահանջին իրագործման օրն է այս: 3 յունիս 2012-ին կատարուեցաւ հիմնարկէքի արարողութիւնը Լիբանանահայ օգնութեան խաչի աշխատանքային ծրագիրին անբաժան Կազդուրման կայանին, որ ամառնային օդափոխութեան եւ կազդուրման վերաբերեալ օգտաշատ է մեր կարիքաւոր եւ բնական բարիքներէ զրկեալ մանուկներուն եւ պատանիներուն համար: Ծանօթ այս ծրագիրին մասին մանրամասնութիւններ ներկայացնելը աւելորդ կը նկատենք, որովհետեւ…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, ներկայութեամբ Այնճարի քաղաքապետութեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու ու յանձնախումբերու անդամներուն եւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն, կիրակի, 3 յունիսին Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայանի հիմնարկէքը: Այսպիսով, ԼՕԽ-ը պիտի ունենայ մնայուն եւ յարմար կեդրոն մը` իր բազմաճիւղ գործունէութեան մաս…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկրաբժշկական կեդրոնի հիմնադրութեան 25-ամեակի ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 1 յուլիս 2012-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, երաժշտական երեկոյ մը կազմակերպուեցաւ Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ: Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ու նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Մելքոն եւ Անահիտ Պուլղուրճեաններու, ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքը եւ լիբանանահայ երաժշտասէր ազգայինները վայելեցին…
ԱւելինԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին երկամեայ ծրագրին մէջ կ՛իյնար արժէքները պահող վայրերու այցելութիւն: Առաջին այցելութիւնը տրուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կիլիկիա թանգարան, Թարգմանչաց տօնին առիթով: Երկրորդը` Այնթուրայի որբանոցը, իբրեւ ապրիլ 24-ի ոգեկոչման ձեռնարկ, խունկ ու մոմ վառելով 300 որբերու շիրիմին եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարելով անոնց հոգիներուն: Մայիս ամիս, տօներու ամիս…
ԱւելինՄայիս ամիսը մայրութեան նուիրուած խորհրդանիշ ամիսն է: Մեր կնոջական կազմակերպութիւնները ուրախութեամբ կը սպասեն այս առիթով կատարուած հանդիսութիւններու: Լիբանանահայ օգնութեան խաչի գրեթէ բոլոր մասնաճիւղերը կը յարգեն մայիսեան ժամադրութիւնը` ամսուան ընթացքին կազմակերպելով «Մայրերու օր»-ը, իւրաքանչիւրը իր եղանակով: Ոմանք կը նախընտրեն դաշտագնացութիւն մը, ուրիշներ կը կազմակերպեն հանդիպումներ` տարբեր սրահներու մէջ: ԼՕԽ-ի «Աշխէն»…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութեան, երեքշաբթի, 22 մայիսին, «Վիլլա Վերտէ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Մայրերու օրուան նուիրուած տօնակատարութիւն: Սրահի մուտքին մայրերը ստացան հոտաւէտ տուփիկներ եւ մօր նուիրուած քերթուածներ: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետ Արաքսի Գըլըճեան, որ անդրադարձաւ…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի վարչութեան, 22 մայիսին «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Սարգիս Ազնաւորեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մայրերու օրուան նուիրուած ձեռնարկ: Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Պերճուհի Գասպարեան: Ան շնորհաւորեց Մայրերու տօնը` մաղթելով բոլորին երջանիկ եւ բարեբեր տարի մը, որմէ ետք հրաւիրեց օրուան բանախօս Աբգարեան վարժարանի…
ԱւելինԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին երկամեայ ծրագրին մէջ կ՛իյնար արժէքները պահող վայրերու այցելութիւն: Առաջին այցելութիւնը տրուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կիլիկիա թանգարան, Թարգմանչաց տօնին առիթով: Երկրորդը` Այնթուրայի որբանոցը, իբրեւ ապրիլ 24-ի ոգեկոչման ձեռնարկ, խունկ ու մոմ վառելով 300 որբերու շիրիմին եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարելով անոնց հոգիներուն: Մայիս ամիս, տօներու ամիս…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի եւ Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 16 մայիս 2012-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Տարեցներու եւ իրենց շրջապատին միջեւ ծագած տարակարծութիւնները յաղթահարելու միջոցներ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց հոգեբան Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան: Առողջապահական…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Հայաշէն» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 75-ամեակին առիթով կազմակերպուած ճաշկերոյթ-պարահանդէսը տեղի ունեցաւ 12 մայիս 2012-ին, «Եռագոյն» սրահին մէջ: Ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութենէն մասնաճիւղի ներկայացուցիչ Սիւզան Օհանեան եւ Մարալ Հարպոյեան, կազմակերպական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Զարուհի Գալեմքերեան, ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէութեան ներկայացուցիչներ, Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Յովհաննէս քհնյ. Պոյաճեան…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, հինգշաբթի, 10 մայիս 2012-ի առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, Զալքայի «Մշրապիէ» ճաշարանին մէջ փառաշուք հանդիսութեամբ նշուեցաւ ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղին հիմնադրութեան 40-ամեակը: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգները յոտնկայս ունկնդրելէ ետք, մասնաճիւղի ատենապետ Սալբի Թորիկեան բացուած յայտարարեց ձեռնարկը: Բացման խօսքին մէջ ատենապետը հակիրճ ձեւով ներկայացուց ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղին…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան երեքշաբթի, 8 մայիս 2012-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Տըպպայէի «Նախիլ» ճաշարանին մէջ փառաշուք հանդիսութեամբ նշուեցաւ ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 50-ամեակը: «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութեան ատենադպիր Սալբի Աննայեանի բացման խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ 50-ամեակի յանձնախումբէն` Հուրի Միքայէլեանի եւ Լենա Գալուստեանի պատրաստած «Երկիր նայիրեան» խորագիրով տեսերիզը: Տասը վայրկեան…
ԱւելինՇաբաթ, 5 մայիսի կէսօրուան ժամը 12:00էն 4:00 տարբեր մթնոլորտ կը տիրէր Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ. հոն համախմբուած էին ԼՕԽականներ, մեծ թիւով անձեր, զետեղուած էին հայկական աւանդական ուտեստեղէններու կրպակներ, տիրական էին հայ երգն ու պարը, երաժշտութիւնն ու բարձր տրամադրութիւնը: Արդարեւ, կազմակերպութեամբ ԼՕԽի Շրջանային վարչութեան, նախագահութեամբ Սալմա Սապունճեանի, գործակցութեամբ Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետերուն տեղի…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 2 մայիս 2012-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական կեդրոնի Թնճուկեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Բժիշկ-հիւանդ փոխադարձ պարտաւորութիւններ եւ ակնկալութիւններ նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուցին տոքթ. Յակոբ Միսիսեան եւ Մէյրի Արեւեան: Առողջապահական…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան խոհանոցի յանձնախումբին, երէկ` ուրբաթ, 27 ապրիլի առաւօտուն, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ երեք ամիսէ ի վեր ճաշ եփելու դասընթացքի հետեւողներու վկայականաց տուչութեան հանդիսութիւն: Խոհանոցի յանձնախումբին կողմէ բացման խօսքը արտասանեց Շաքէ Գարայեան, որ անդրադարձաւ տարբեր մարզերու մէջ տարբեր բնոյթի աշխատանքներ տանող ԼՕԽ-ի գործունէութեան` կոչ ուղղելով…
ԱւելինՆախագահութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ակնունի» կոմիտէին ու ԼՕԽ-ի «Արազ» մասնաճիւղին, երէկ` ուրբաթ, 20 ապրիլ 2012-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ Պաուշրիէի Հայ կեդրոնի բացման հանդիսութիւնը: ԼՕԽ-ի «Արազ» մասնաճիւղի ատենապետ Լենա Արամ ձեռնարկին բացումը կատարելով ողջունեց ներկաները` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին, որ ընդառաջեցին այս հրաւէրին ու…
ԱւելինԵրանի պատերը բերան ունենային ու խօսէին, պատմէին իրենց տեսած ահաւորութիւններուն մասին, կրկին արտաբերէին իրենց լսած աղաչական կանչերն ու աղիողորմ աղաղակները հայ որբուկներուն, որոնց նկատմամբ կեանքը կրկնակիօրէն անարդար եղաւ... Անկարելի է այս մտորումները չունենալ, երբ ԼՕԽ¬ականներու հսկայ խումբի մը հետ կը շրջագայիս տասնեակ տարիներ առաջ հայ որբերուն համար թրքացման կեդրոն հանդիսացած Այնթուրայի երբեմնի որբանոցին մէջ եւ կը լսես Միսաք…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 11 ապրիլ 2012-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Տարեցներու տեսողութեան խանգարումներ» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց ակնաբուժ տոքթ. Գէորգ Թերզեան: Առողջապահական յանձնախումբին…
ԱւելինՅետադարձ եւ այժմէական ակնարկ մը Լիբանանահայ օգնութեան խաչի 80ամեայ ասպարէզին` բաւ է նշմարելու համար այն ընդարձակ գործունէութիւնը, որ ունեցած է կազմակերպութիւնը եւ անոր ընդմէջէն այն յատուկ դերը, որ խաղացած է հայ կնոջ կեանքին մէջ` սատարելով ոչ միայն դրսեւորելու կնոջ բնազդային բարեսիրական եւ մարդասիրական զգացումները, այլ նաեւ` դառնալով մղիչ ուժը հայ կնոջ դաստիարակման, ինքնազարգացման, փթթումին, մտային կարողութեանց դրսեւորման եւ…
Աւելին
















