Յետադարձ եւ այժմէական ակնարկ մը Լիբանանահայ օգնութեան խաչի 80ամեայ ասպարէզին` բաւ է նշմարելու համար այն ընդարձակ գործունէութիւնը, որ ունեցած է կազմակերպութիւնը եւ անոր ընդմէջէն այն յատուկ դերը, որ խաղացած է հայ կնոջ կեանքին մէջ` սատարելով ոչ միայն դրսեւորելու կնոջ բնազդային բարեսիրական եւ մարդասիրական զգացումները, այլ նաեւ` դառնալով մղիչ ուժը հայ կնոջ դաստիարակման, ինքնազարգացման, փթթումին, մտային կարողութեանց դրսեւորման եւ այդ բոլորին գործնական ներդրումին` ի նպաստ հայ հաւաքականութեան շահերուն եւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի բարելաւման ու զարգացման յառաջխաղացքին:
Յաճախ խօսուած է այն բոլոր բարեսիրական եւ խնամատարական գործունէութեանց մասին, զորս տարած է Լիբանանահայ օգնութեան խաչը` առանց յստակօրէն անդրադառնալու, որ ան լիբանանահայ իրականութեան մէջ եղած է միակ կնոջական այն մեծ համալսարանը, որուն ուսման հետեւած են ամենախո-նարհ գիտութեամբ բաւարարուած կնոջմէն մինչեւ այլ բարձրագոյն ուսման հիմնարկներ կամ համալսարաններ աւարտած անդամուհիներ եւ համակիրներ, ուր ամէնքն ալ դաստիարակուած ԼՕԽ-ական մէկ յայտարարով, դարձած են առաւել ուսումնական անհատներ:
Օգնութեան խաչը իր համալսարանով կը տարբերի միւս բոլորէն յատկապէս այն տուեալով, որ աւելորդապաշտ յաւակնութիւններ չունենալով` իր համալսարանականներուն փոխանցած է լուռ եւ համեստ գործելակերպի ճաշակն ու արժէքը:
Դիտեցէք այն հարիւրաւոր գործիչներու հաշուական գիտութիւնն ու կարողու-թիւնը, որ ճշգրտօրէն կը հետապնդէ կազմակերպութեան նիւթական գործառնու-թիւնը: Դիտեցէք այն հարիւրաւոր պատասխանատուները, որոնք իրենց ընկերա-յին եւ առողջապահական հարցերու մէջ ձեռք բերած հմտութեամբ կարողութիւնը ունին դիմագրաւելու ամենաչնչինէն մինչեւ ամենաբարձր խնդիրները, եւ` մեծ ճարտարութեամբ գտնելու անոնց լուծումները: Ի՛նչ ըսել տակաւին հարիւրաւոր ընկերուհիներու այն շարքերուն, որոնք զբաղեցան հայ կնոջ ընդհանուր զարգացմամբ, ասուլիսներու կազմակերպման ընթացքին զարգացնելով նախ ինքզինքնին, կատարելով ուսումնասիրութիւններ ու ապա այդ հաւաքները օժտելով համալսարանական ամպիոններու դասախօսներով եւ մասնագէտներով՝ գիտութիւն բաշխելով եւ համալսարանական մթնոլորտ ստեղծելով հազարներու հասնող ունկընդիրներուն, ապահովելով անոնց զարգացումը: Երկար է շարքը այն իրագործում-ներուն, որոնք միայն ԼՕԽ-ի համալսարանը կրնար ներշնչել իր անդամուհիներուն, որոնց շարքին են բոլոր դարմանատուները, ընկերաբժշկական կեդրոնները,
Քարոզչական
