Շաբաթ, 5 մայիսի կէսօրուան ժամը 12:00էն 4:00 տարբեր մթնոլորտ կը տիրէր Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ. հոն համախմբուած էին ԼՕԽականներ, մեծ թիւով անձեր, զետեղուած էին հայկական աւանդական ուտեստեղէններու կրպակներ, տիրական էին հայ երգն ու պարը, երաժշտութիւնն ու բարձր տրամադրութիւնը:
Արդարեւ, կազմակերպութեամբ ԼՕԽի Շրջանային վարչութեան, նախագահութեամբ Սալմա Սապունճեանի, գործակցութեամբ Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետերուն տեղի ունեցաւ հայկական աւանդական տոհմիկ օր, որ խանդավառութիւն ստեղծեց շրջանին մէջ:
Նախորդ տարուան ընթացքին նոյնանման նախաձեռնութեան մը արձանագրած յաջողութեան լոյսին տակ, ԼՕԽի Շրջանային վարչութիւնը անգամ մը եւս կազմակերպեց հայկական տոհմիկ օր մը` յոյս ունենալով, որ կարելի կ՛ըլլայ զայն աւանդականի վերածել:
Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ վաճառքի դրուած էին ԼՕԽի մասնաճիւղերուն կողմէ պատրաստուած հայկական աւանդական ուտելիքներ, համեղ ճաշեր եւ անուշեղէններ, ձեռային աշխատանքներ եւ ձեռարուեստի յանձնախումբի գործեր, ԼՕԽի Վ. Տեկիրմենճեան խոհանոցի պատրաստութիւնները եւ Հայ ֆուտի ճաշերը:
Հետաքրքրական էր, որ այս տարի գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին եւ ելոյթ ունեցան Շաքէ Պաղտասարեան, Սեւան Ադամեան եւ Յասմիկ Պերթիզլեան: Լեռնալիբանանի պարի ախոյեանութեան մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերող Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի խումբերը եւս հանդէս եկան պարերով:
Տոհմիկ օրուան փակումը կատարուեցաւ մանուկներու յատուկ յայտագիրով մը, որուն հիմնական անակնկալն էր բոլոր փոքրիկներուն սրտին մօտիկ Ուրախ տարեդարձ խումբին մասնակցութիւնը: Հրապարակին վրայ գտնուող մանուկները պարեցին ու երգեցին խումբի անդամներուն հետ` ուրախութեան եւ գոհունակութեան պահեր ապրելով:
ԼՕԽի գործունէութեան լայն ու բազմաբնոյթ դաշտին մէջ կու գայ աւելնալու այս նախաձեռնութիւնը, որ իր նպաստը կը բերէ Պուրճ Համուտի մէջ հայկական տոհմիկ մթնոլորտ ստեղծելու, մեր աւանդական ճաշերը նաեւ օտարներուն ծանօթացնելու, ինչպէս նաեւ գոյացած հասոյթը ժողովուրդին կարիքները հոգալու նպատակին տրամադրելու աշխատանքին:
