Լուրեր

ԼՕԽ-ի «Անի» Մասնաճիւղի «Թռչնոց Բոյն» Այցելութիւնը

ԼՕԽ-ի Ժտէյտէի «Անի» մասնաճիւղի վարչութիւնը 10 ապրիլին այցելեց «Թռչնոց բոյն» եւ նիւթական պարգեւ յատկացուց կեդրոնին: ԼՕԽ-ականները ընդունուեցան հաստատութեան տնօրէն Սամուէլ Պոյաճեանի կողմէ, որ ներկայացուց իրենց աշխատանքները, առօրեան, ընթացիկ հարցերու մասին եւս տեղեկութիւններ տալով: Հանդիպումին ընթացքին տնօրէնին յատկացուեցաւ նուիրատուութիւնը: Անկէ ետք ԼՕԽ-ականները այցելեցին եկեղեցի, անոր ետին գտնուող հայ որբերու գերեզմանատուն:

Աւելին
Դասական Երաժշտութեան Նուագահանդէս` «Փիաչեվոլէ» Եռեակին Կատարողութեամբ

Չորեքշաբթի, 9 ապրիլ 2014-ի երեկոյեան, ԼՕ Խաչի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ դասական երաժշտութեան նուագահանդէս` Պէյրութի Ազգային աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ: Բացման խօսքը անգլերէնով արտասանեց Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարալ Յովհաննէսեան` կոչ ուղղելով ներկաներուն թիկունք կանգնելու ԼՕԽ-ին` իր բարեսիրական սրբազան առաքելութիւնը իրագործելու համար, մանաւանդ այս օրերուն, երբ սուրիահայ գաղթականներ նոյնքան…

Աւելին
«Օրէնսգէտ Բժիշկին Դերը» Նիւթով Դասախօսութիւն

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի 2 ապրիլ 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, տեղի ունեցաւ «Օրէնսգէտ բժիշկին դերը» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց օրէնսգէտ տոքթ. Գէորգ Գէօմպէճեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան, որ ներկայացնելէ ետք դասախօսը, նշեց, թէ օրէնսգէտ…

Աւելին
Հայ Մանուկի Օրուան Նշում` Հայկական Վարժարաններու Աշակերտներուն Մասնակցութեամբ

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին, երէկ` ուրբաթ, 21 մարտին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ նշուեցաւ Հայ մանուկներու օրը: Բացման խօսքը արաբերէնով արտասանեց Քլարա Տովլեթեան` Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճէն, որ դիտել տուաւ, թէ մանուկներու օր ճշդուած է` ի պաշտպանութիւն տկար մանուկներուն իրաւունքներուն, որովհետեւ յաճախ եւ ամէնուրեք մեծերուն զոհերը կը դառնան անմեղ մանուկները…

Աւելին
«Սրտի Գործողութի՞ւն, Թէ՞ Դեղ» Նիւթով Դասախօսութիւն

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 19 մարտ 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Սրտի գործողութի՞ւն, թէ՞ դեղ», նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց սրտաբան տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Շաքէ Բարմաքսզեան…

Աւելին
Ընկերային Հանդիպում Միջինքի Առիթով

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ու կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութեան, 20 մարտ 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային կեդրոնի նորակառոյց սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընկերային հանդիպում մը միջինքի առիթով: Լիբանանեան, հայկական եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, ատենապետ Մարօ Թազեան բացուած յայտարարեց ձեռնարկը եւ ներկայացուց օրուան յայտագիրի գլխաւոր…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Անի» Մասնաճիւղի Ձեռնարկ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղին Բարեկենդանի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 21 փետրուար 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ «Սիթատել» ճաշարանին մէջ: Ներկայ էր Շրջանային վարչութեան ատենապետն ու մասնաճիւղին ներկայացուցիչը, նաեւ յանձնախումբերէ, տարբեր մասնաճիւղերէ անդամներ եւ բարեկամուհիներ: Մուտքին բաժնուեցան գոյնզգոյն դիմակներ` ըստ հին սովորութեան: Երեք քայլերգներու…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Աշխէն» Մասնաճիւղ. Բարեկենդանի Հանդիպում

Փետրուար ամսուան վերջին շաբաթը ազգային տօները ոգեկոչելու առիթ ստեղծեց: Աւանդութիւնը պէտք էր յարգուէր, մասնաւորաբար` մեր իգական սեռի ներկայացուցիչներուն կազմակերպութեամբ: Լիբանանահայ օգնութեան խաչի «Աշխէն» մասնաճիւղը (Նոր Մարաշ) կազմակերպած էր Բարեկենդանի ճաշկերոյթ մը, 25 փետրուար 2014-ին, «Սարդարապատ» ժողովրդային տան «Աբօ Աշճեան» սրահին մէջ: Վարչութիւնը հրաւիրած էր իր անդամուհիները, համակիրները` միասնաբար տօնելու ոչ միայն…

Աւելին
Պահքի Ճաշերու Մատուցում

ԼՕԽ-ի «Չաւօ Շանթ» մասնաճիւղը Տիքուանիի իր ակումբին մէջ կազմակերպեց պահքի ճաշերու մատուցման ձեռնարկ մը, որ տեղի ունեցաւ 13 մարտ 2014-ին: Ներկայ էին շուրջ 50 ԼՕԽ-ականներ եւ հիւրեր: ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք վարչութեան ատենապետ Ժագլին Ագըլեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա հրաւիրեց Թորգոմ քհնյ. Չորպաճեանը, որ խօսեցաւ միջինքին եւ պահեցողութեան մասին: Յայտնենք, որ հրամցուած ճաշերը պատրաստած էին վարչութեան…

Աւելին
«Տարեցներու Սննդականոնը» Նիւթով Դասախօսութիւն

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 12 մարտ 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Տարեցներու սննդականոնը» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց սննդագէտ Մարիա Տագէսեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան` նշելով, որ…

Աւելին
Կիներու Միջազգային Օր. «Մեր Գոյութեան, Ինքնութեան Պահպանման Մէջ Հայ Կինը Մեծ Դեր Ունի» Հաստատեց Աւօ Կիտանեան

ազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին, երկուշաբթի, 10 մարտ 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ նշուեցաւ Կիներու միջազգային օրը: ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը ԼՕԽ-ական Նանիկ Գայթանճեանի: Բացման խօսքը արտասանեց Լենա Գալուստեան, որ դիտել տուաւ, որ 8 մարտը…

Աւելին
«Շուշի» Մասնաճիւղի Միջինքի Ձեռնարկին

11 մարտ 2014-ին Զահլէի «Մոնթէ Ալպերթօ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Շուշի» մասնաճիւղի Միջինքի առիթով կազմակերպուած ճաշկերոյթը, որուն ներկայ էին 160 հոգիներ, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը, Այտա Ճորճ Գասարճի, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ Այնճարի Տիկնանց միութիւններու ներկայացուցիչները: Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ձեռնարկին բացումը կատարեց մասնաճիւղի ատենապետ Մարկօ Բարսեղեան: Ան բարի գալուստ…

Աւելին
«Դաշտանադադարը Եւ Անոր Հետեւանքները» Նիւթով Դասախօսութիւն

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի Նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 5 մարտ 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Դաշտանադադարը եւ անոր հետեւանքները» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց կնոջական հիւանդութիւններու մասնագէտ տոքթ Ուալիտ Ղանթուս: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը…

Աւելին
«Թմրամոլութեան Դէմ Պայքար»

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին, շաբաթ՝ 1 Մարտ, 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:00ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ՝ դասախօսութիւն մը՝ տեսաերիզի ցուցադրութեամբ: Դասախօսութեան նիւթն էր «Թմրամոլութեան դէմ պայքար»ը , դասախօսն էր Տիկ. Լենա Արապօղլեան: ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբի անունով բացման խօսքը արտասանեց Տիկ. Ռիթա Քիւսպէքեան: Ան…

Աւելին
Հոգեհանգիստ

ԼՕԽ-ի ննջեցեալ բոլոր հիմնադիրներուն, բարերարներուն եւ ընկերուհիներուն հոգւոյն համար , հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ , կիրակի, 2 մարտ 2014-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի: Եկեղեցւոյ պատարագին հանդիսապետեց եւ քարոզեց Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան : Պատարագէն ետք, հոգեսուրճ հրամցուեաւ, եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերուհիները, ցաւակցութիւններ ընթունեցին ‘’Երջօ Սամուէլեան’’…

Աւելին
Անմիջական Օգնութեան Դասընթացք

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին եւ գործակցութեամբ Այնճարի Քաղաքապետութեան, տեղի ունեցաւ եռօրեայ անմիջական օգնութեան դասընթացք մը «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ, որուն մասնակցեցան գիւղէն խումբ մը երիտասարդներ եւ քաղաքապետութեան ոստիկանները: Դասընթացքը ներկայացուցին Պէքայի օգնութեան խաչի պատասխանատուները: Դասընթացքի աւարտին մասնակիցները ստացան համապատասխան հաստատագրեր:

Աւելին
Բարեկենդանի Առիթով «Ճաշի Պազար»

Շաբաթ, 1 մարտ 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, աշխուժ եռուզեռ մը ստեղծուած էր «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին մէջ: «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի, Բարեկենդանի առիթով կազմակերպուած աւանդական ճաշի պազարն էր: Մասնաճիւղի վարչականները, անդամուհիներ ու բարեկամուհիներ, անվերապահ աջակցութեամբ, իրենց տրամադրած առատ ճաշերով, կարծէք մրցոյթի ելած էին, պահքի յատուկ ճաշերու պատրաստութեամբ ու այլազանութեամբ: Ճաշի պազարը ստացած էր նոր երանգ, նոր…

Աւելին
Այցելութիւն` Զուիցերիոյ Դեսպանատուն

Երէկ` երկուշաբթի, 24 փետրուարին, լիբանանահայ գաղութը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, բաղկացած` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանէ, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ հ. Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեանէ, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանէ, Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Տիգրան Ճինպաշեանէ, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան…

Աւելին
Թէյասեղան-Դասախօսութիւն

ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու վարչութիւնները տարեկան իրենց ծրագրին մէջ անպայման յատուկ տեղ կը տրամադրեն դասախօսութեան մը, ըլլայ այդ մէկը դաստիարակչական կամ առողջապահական: 25 փետրուար 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպեց դասախօսութիւն-ձեռնարկ մը, Ամանոսի Ս. Թէհլիրեան ակումբին մէջ, ուր թէյասեղանի մը շուրջ հաւաքած էր իր ԼՕԽ-ականները եւ շրջանի համակիրները: Տրուած ըլլալով, որ վերջերս լուրջ…

Աւելին
Երկօրեայ Համագումար

Երկուշաբթի ,24 եւ Երեքշաբթի, 25 Փետրուար 2014-ին, Լիբանանի Կ նոջական Խորհուրդը կազմակերպած էր երկօրեայ համագումար մը «Գօրալ Պիչ» ի հանդիսասրահներէն մէկուն մէջ, հովանաւորութեամբ նախկին վարչապետ Նէճիպ Միքաթիի եւ նախագահութեամբ ու ներկայութեամբ՝ Տիկ. Մայ Միքաթիի, մշակոյթի նախարարի, (Լիբանանի, արաբական երկիրներու եւ միջազգային կանանց խորհուրդներու) նախագահներու, 170 բարեսիրական կազմակերպութիւններու՝ ներկայացուցիչներու…

Աւելին
Մարձումի Դրական Ազդեցութիւնը Առողջութեան Վրայ

ԼՕԽ-ի «Հայաշէն» մասնաճիւղի վարչութեան նախաձեռնութեամբ, 13 փետրուար 2014-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը` նիւթ ունենալով «Մարձումի դրական ազդեցութիւնը առողջութեան վրայ»: Ապա ներկաներուն հրամցուեցաւ վարչականներուն կողմէ պատրաստուած ճաշը: Ներկայ էին` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը, կազմակերպչական յանձնախումբի, «Աստղիկ» եւ «Արագած» մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր: Բացման խօսքը…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Կարինէ» Մասնաճիւղի Ձեռնարկը

ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղը Ամանոսի շրջանի «Ս. Թեհլիրեան» ակումբին մէջ կազմակերպեց ձեռնարկ մը` ներկայութեամբ 85 ԼՕԽ-ականներու եւ համակիրներու: Սոյն ձեռնարկին վարչութիւնը հրաւիրած էր իր որդեգրած ծերերը եւ կարիքաւոր պարագաները: Վարչութիւնը պատրաստած էր օրուան հրամցուելիք ուտելիքները, սեղանները զարդարած էր ձեռային աշխատանքներով: ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետ Ժանեթ Հաւաթեան բարի գալուստ մաղթելով…

Աւելին
Ս. Սարգիսի Առիթով Նախաճաշ

Հայկական աւանդութիւններուն, ազգային եւ եկեղեցական տօներուն պահպանումը կը նկատուին ԼՕԽ-ի առաքելութեան մէկ մասը: Սոյն նպատակով այս արժէքներու փոխանցումը ներկայ սերունդին պարտականութիւն եւ պարտաւորութիւն կը նկատուի իւրաքանչիւր ԼՕԽ-ի մասնաճիւղի վարչութեան համար: Այս առաջադրանքէն մեկնած` ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը (Ժիպէյլ), կազմակերպած էր Ս. Սարգիսի տօնին նուիրուած ձեռնարկ-ճաշ մը, 13 փետրուար 2014-ին, առաւօտեան ժամը…

Աւելին
«Հազը Եւ Անոր Պատճառները» Նիւթով Դասախօսութիւն

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 12 փետրուար 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հազը եւ անոր պատճառները» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմնի մասնագէտ տոքթ. Էլի Թաշճեան: Առողջապահական…

Աւելին