Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 12 փետրուար 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հազը եւ անոր պատճառները» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմնի մասնագէտ տոքթ. Էլի Թաշճեան:
Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան: Ան ներկայացնելէ ետք դասախօսը նշեց, որ հազը ընդհանրացած երեւոյթ է ներկայիս, եւ անոր պատճառները այլազան են: Պէտք չէ անտեսել եւ թեթեւի առնել հազը, անիկա կրնայ նախանշանը ըլլալ շատ լուրջ հիւանդութեան, որ պէտք է դարմանուի` յետ բժշկական քննութեան:
Տոքթ. Էլի Թաշճեան դասախօսութեան սկսաւ սահմանելով հազը` նշելով, որ ատիկա հիւանդութիւն չէ, այլ ախտանշան ուրիշ հիւանդութիւններու:
Հազը մարմնի եւ օրկանիզմի հակազդեցութիւն է տարբեր հիւանդութիւններու: Անիկա թոքերէն դուրս ուղղուող նշան մըն է: Հազի ճամբով թոքերէն դուրս կու գան տարբեր օտար մարմիններ:
Հազի տեսակները նկատի առնելով պէտք է ըսել, որ կայ կարճատեւ սուր հազ, ինչպէս նաեւ երկարատեւ քրոնիկ հազ:
Գլխաւորաբար հազի տեսակները կարելի է բաժնել երկուքի.
1.- Արտադրութեամբ հազ
2.- Չոր հազ
Նախքան հազի վերոյիշեալ տեսակներուն մանրամասնութիւնները ներկայացնելը, տոքթ. Էլի Թաշճեան սահիկներու օժանդակութեամբ բացատրեց շնչառական համակարգը եւ անոր աշխատանքային մանրամասնութիւնը:
Այնուհետեւ, դասախօսը յաջորդաբար բացատրեց հազի վերոյիշեալ տեսակները:
1.- Արտադրութեամբ հազ:
Այս հազը այն է, երբ թոքերէն դուրս կու գայ խորխը` իբրեւ արտադրութիւն: Խորխը կրնայ ըլլալ անգոյն, դեղնագոյն, սրճագոյն կամ պարունակել արիւն. այս բոլորը կը պարզեն զանազան հիւանդութիւններու վիճակներ: Խորխի արտադրութեան պատճառները տարբեր են, որոնց գլխաւորները կը կազմեն ժահրային հիւանդութիւնները: Տարբեր ժահրեր կրնան ախտահարել շնչառութեան համակարգի տարբեր բաժիններ` պատճառելով զանազան բորբոքումներ եւ հիւանդութիւններ: Այս բաժինով պէտք է անպայման նշել թոքախտը:
Արտադրութեամբ հազը կրնայ ունենալ աւելի երկար եւ լուրջ հետեւանքներ` հասնելով մինչեւ վիճակի մը, որ կը կոչուի պրոնշներու քրոնիկ եւ մնայուն ջղաձգութիւն (քրոնիք օպսթրաքթիւ փուլմընարի տիզիզ): Այս պայմաններուն ներքեւ հազը կը վերածուի քրոնիկ վիճակի:
2.- Չոր հազը:
Սուր պրոնշիթի գլխաւոր ախտանշանը յաճախակի հազն է, կը սկսի չոր հազով եւ զարգանալով կը վերածուի խորխի արտադրութեամբ հազի: Հիւանդը կրնայ ունենալ ջերմութեան թեթեւ բարձրացում, ընդհանուր թոյլ վիճակ, նաեւ թոքերէն լսուող սուլոցներ եւ ցաւ կրծքավանդակին վրայ:
Երբ վերոնշեալ վիճակը տարուան ընթացքին քանի մը անգամ կրկնուի, կը վերածուի քրոնիկ պրոնշիթի` հասնելով մինչեւ պրոնշներու քրոնիկ եւ մնայուն ջղաձգութեան (քրոնիք օպսթրաքթիւ փուլմընարի տիզիզ) վիճակին:
Վերջին բաժինով տոքթ. Էլի Թաշճեան խօսեցաւ բուժումներու մասին` բացատրելով, թէ հազի տեւողութիւնը եւ յաճախականութիւնը կը ճշդեն ախտաճանաչման ու բուժման միջոցները:
Աւարտին դասախօսը պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն` զանազան օրինակներ եւ բացատրութիւններ տալով:

