Քարոզչական — Լուրեր

ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ՁԵՌՆԱՐԿԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ. ՈՉ ՈՔ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՈՒՆԻ ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԸ ԶՐԿԵԼՈՒ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԷՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ

Ոչ ոք իրաւունք ունի հայ մանուկը զրկելու հայ դպրոցէն, յայտարարեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան` ընդգծելով, որ հայ մանուկին իրաւունքն է հայկական դպրոց յաճախելը: Լիբանանահայ օգնութեան խաչի (ԼՕԽ) քարոզչական յանձնախումբին կողմէ Մանուկներու իրաւունքներու ուխտի օրուան առիթով ՀԿՄ-ի Յովհաննէս Պօղոսեան սրահին մէջ ուրբաթ, 18 մարտի կէսօրին կազմակերպուած ձեռնարկի եզրափակիչ իր խօսքին մէջ առաջնորդ սրբազանը բարձր գնահատեց…

Աւելին
ԼՕԽ-Ի ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ. ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ ՍԱՀԱԿ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԿՈՆԴԱԿԸ

Պատուարժան Շրջանային վարչութիւն Լիբանանի Օգնութեան Խաչի Շրջանային վարչութեանդ 29 մարտ 1939 թուակիր դիմումնագրէն եւ անոր կցեալ 1937 յուլիս 2 – 1938 դեկտեմբեր 31 ժամանակաշրջանի տեղեկագրէն գոհունակութեամբ սրտի տեղեկացանք կազմակերպութեանդ կատարած բարեսիրական, կրթասիրական եւ առողջապահական գործունէութիւնները Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայ կարօտելոց մէջ: Այս մասին Լիբանանի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ գերշ. Տ. Եղիշէ Ս. արք. Կարօեանէն եւս…

Աւելին
«ԿԱՄԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՕՐ»ՈՒԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

Կամաւորներու հսկայական փաղանգէ բաղկացած կառոյց մը միայն կրնայ գիտակցիլ, թէ կամաւորներու օրը որքա՛ն մեծ ու կարեւոր նշանակութիւն ունի, եւ տարեկան դրութեամբ կը նշէ այդ օրը՝ տարբեր ձեռնարկներով եւ նախաձեռնութիւններով։ Կամաւորներու այս հսկայ փաղանգը Հայ օգնութեան միու- թիւնն է, որուն կարեւոր բջիջներէն է ԼՕԽ-ը, ուր տարիներէ ի վեր կամաւորներ լծուած են անսակարկ նուիրումով, ծառայութեան վեհ հոգիով եւ փոխարէնը միայն աղօթք մը կամ ժպիտ…

Աւելին
ՍՏԱՆԱԼ` ՏԱԼՈՎ

Աստուած ստեղծած է մեր երկրագունդը զարմանալի հաշիւներով: Այնպիսի տնօրինում կատարած է, որ իւրաքանչիւր կեանքի կոչուած ստեղծագործութիւն ամբողջացնէ միւսը: Օրինակ՝ մարդ արարածը, անասունը եւ բոյսը զիրար ամբողջացնող գոյութիւններ են, որոնք կը տարբերին իրարմէ եւ միեւնոյն ատեն իրարու նման են. անոնք բոլորն ալ կը ծնին, կը շնչեն, կը սնանին, կը բեղմնաւորուին եւ կը մահանան: Կը տարբերին իրարմէ՝ զգացումներով, հոգեկան վիճակներով…

Աւելին