Քարոզչական — Լուրեր

Կամաւոր Հայ Խաչուհի

Դուն կամաւոր հա՛յ խաչուհի, Անվարան ծառայող կարօտեալին, Դուն շտապ հասնող չքաւորին, Պնակ մը ճաշի կամ դարմանումի: Դուն աստուածահաճոյ գործին զոհուած, Անսակարկ նուիրուած ես ժողովուրդին, Դուն փարոսն ու յոյսը տարեցին ու փոքրին, Միշտ նեցուկ կանգնող աղքատին: Դուն բարեսէր հայուհի, Որքա՜ն բարի եւ զոհուած, Սիրայօժար ամէն անգամ Ժպիտով կը բախես դուռը օգնելու համար: ՅԱՍՄԻԿ ՀԱՆԷՇԵԱՆ (ԱՖԱՐԵԱՆ)

Աւելին
Այդ Մենք Ենք

Մենք ենք կամաւոր խաչուհիներ ուխտաւոր Դաշտին մէջ տանջանքի – հոգեմաշ քաղցի – Տենչանքով լեցուն վաղուան գալիքի Տեսիլքով գունեղ սփոփանք որպէս ահեղ զրկանքի պապակն յագեցնող Ապրելու համար մաքառող մամիկներ Ուսման ծարաւի մատղաշ բողբոջներ Յանուն մարդկութեան սաւառնող թեւեր Գրկաբաց պատրաստ կամաւոր քոյրեր բերկրալի վշտի, կսկիծի որպէս բալասան – կանայք գթութեան – Մենք ենք կամաւոր անխախտ տեսլականով Յանուն գալիքի բարւոք օրերու արշալոյսին բիլ…

Աւելին
Երդումը` Ծառայելն Է

Ամէնօրեայ աշխարհի լուրերը այնքան կը ճնշեն մեզ, որ մենք յաճախ կը դառնանք անկարող` մարդկութեան տառապանքին ձեռք երկարելու: Քանի մը ամիս առաջ էր տակաւին, սուրիացի փոքրիկ տղուն (Օմրանին) պատկերը մեր յիշողութեան մէջ դրոշմուած է` արիւնլուայ, ցնցուած վիճակի մէջ, անորոշութեան ուրուականը աչքերուն մէջ, գամուած էր աթոռին, կորսնցուցած ընտանիքը, ապահովութիւնը եւ ամէն բան: Ան կը ներկայացնէր աշխարհի այս օրերուն իրավիճակը: Անապահով, անարդար…

Աւելին
Կամաւոր Հայ Խաչուհին՝ Մշտավառ Կանթեղը Հայուն

1910-ին հիմնադրուեցաւ Հայ օգնութեան միութիւնը, որով առաւել իմաստաւորուեցաւ կամաւոր բառը: 1930-ին հիմը դրուեցաւ ԼՕԽ-ին, որ հետզհետէ ընդարձակեց իր աշխատանքային դաշտը` 26 մասնաճիւղերուն ընդմէջէն: Անիկա ո՛չ միայն լծուեցաւ ժողովուրդին ծառայութեան, այլ նաեւ անոր մէջ վառ պահեց պահանջատիրական ոգին: Պարման տարիքիս` 1975-ին, կը յիշեմ, որ տարուան ընթացքին տարբեր առիթներով դուռը կը թակէին գեղադէմ տարեց ու երիտասարդ կիներ, որոնք ժպտուն…

Աւելին
«Կամաւորին Վարձքը Կատար»

Ամէն տարի դեկտեմբերի առաջին շաբաթը կը նշուի Օգնութեան խաչի կամաւորներու օրը: Այդ հանդիսութիւնը կու գայ անգամ մը եւս հաստատելու, թէ հայ ժողովուրդը որքա՛ն մօտ կը զգայ այս մեծ կազմակերպութեան, որ ծնած է իր իսկ գաղութէն, հասակ նետած` մեր գուրգուրանքով եւ ուռճացած` տարուէ տարի ընդարձակելով իր գործունէութեան դաշտը: Կամաւորներու օրը նշելով` Օգնութեան խաչը իսկական արժէքը կու տայ այդ անձնուէր գործունէութեան ծառայող անդամուհիներուն…

Աւելին
Հոգեպէս Հարստանանք Բարի Գործերով

«Եսական եւ այլամերժ ախորժակներով գերյագեցած մարդկային ընկերութեան մէջ, իսկական մխիթարանքի եւ սիրոյ յուսատու շող մըն է, ծառայութեան եւ նուիրումի նման շարժում մը», իր կամաւորներով: ԼՕԽ-ականներս ամէն տարի կը տօնենք կամաւորներու օրը, որպէսզի առիթ ընծայենք մեզի` խորհելու, մտածելու կամաւորական աշխատանքի մասին, վերանորոգելու համար մեր կենսունակութիւնն ու եռանդը եւ մենք մեզ հաշուեյարդարի հրաւիրելու եւ խոկալու մեր կատարած սխալներուն…

Աւելին
Միայն Կամաւորը Արքայ Կ'ըլլայ

Կամաւորը անուն չունի, անոր վեհութիւնը կ՛ընդգրկէ բոլոր անունները: Յաճախ խօսուած է «կամաւոր»-ի գործի արժէքին մասին, այդ գործին արդիւնքին, չափին մասին, թէ կամաւոր աշխատանք մը որքանո՞վ եւ ի՞նչ տարողութեամբ իր ազդեցութիւնը ձգած է անհատի մը, հաւաքականութեան մը, կամ նոյնիսկ համամարդկային արժէքի մը վրայ: Շրջենք պատկերը: Կամաւոր աշխատանքով մը որքա՞ն ճիգ թափուած է ազդեցութիւն մը, կամ փոփոխութիւն մը կատարելու: Ճի՞շդ է այն վարկածը, որ…

Աւելին
Մեր Ընկերուհիներուն Ճամբա՛յ Բացէք

Կամաւոր աշխատանքը ազնուական եւ առողջ ընկերութեան մը ազդանշանն է: Այն ընկերութիւնը, որ ունի իրենց անձնական կեանքերը, շահերը, փառքերը եւ հաշիւները մէկդի դրած անդամներ, որոնք կը լծուին միութենական եւ կամաւոր աշխատանքի, կ՛ապացուցէ հաւաքականութեան մը պատուական ըլլալը: Միութենական աշխատանքը անշուշտ ինքնանպատակ չ՛ըլլար: Կը ձգտի աւելի լաւ, արդար եւ հաւասար ընկերութեան մը: Աւելի՛ն. միութենական կեանքը կրնայ ռազմավարական կարեւորութիւն…

Աւելին
ԼՕԽ-ի 2017-ի Օրացոյցը` Լիբանանահայ Արուեստագիտուհիներու Դրոշմով

Արդէն հրապարակի վրայ է ԼՕԽ-ի 2017-ի օրացոյցը, որուն մէջ այս անգամ տեղ գտած են լիբանանահայ արուեստագիտուհիներուն ստեղծագործութիւններն ու գեղանկարները: Քարոզչական յանձնախումբին կողմէ կատարուած այս աւանդական նախաձեռնութեամբ ԼՕԽ-ը կը միտի 2017-ի օրացոյցին մէջ մեր արուեստագիտուհիները յարգել ու մեծարել, անոնց գործերը հայ թէ օտար ընտանիքներու տուներէն ներս ներկայութիւն դարձնել: Իւրաքանչիւր ամիս կը կրէ արուեստագիտուհիի մը դրոշմը…

Աւելին
Աշակերտները Կ՛արձագանգեն

Այս տարի հինգերորդ դասարանի դասընկերներուս հետ ես ալ առիթը ունեցայ ներկայ գտնուելու ԼՕԽ-ի կազմակերպած մանուկներու օրուան յայտագրին: Յայտագրի նախորդող օրերուն մենք մեր փոքրիկ լումաներով մասնակցած էինք ԼՕԽ-ի հանգանակութեան եւ ուրախ ու գոհունակ կը զգայինք, որ որպէս մանուկներ մենք ալ կրցած էինք բաժին բերել եւ օգտակար դառնալ կազմակերպութեան մը, որ կ՛օգնէ բոլորին: Մանուկներու օրուան յայտագիրը շատ հետաքրքրական էր ինծի համար…

Աւելին
«Ազատօրէն Արտայայտուինք ԼՕԽ-ի Պաստառին Վրայ»

ՌՈԶԻՆ ՄՈՒՂԱԼԵԱՆ Հոգեբան Մանուկներու միջազգային օրուան առիթով ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, «Ազատօրէն արտայայտուինք ԼՕԽ-ի պաստառին վրայ» թեմայի ներքեւ հայկական վարժարաններու աշակերտութիւնը առիթը ունեցաւ գծագրութիւններով եւ կարճ նախադասութիւններով արտայայտուելու ԼՕԽ-ի կողմէ պատրաստուած պաստառներու վրայ: Այս առիթով յատուկ պաստառներ ուղարկուեցան հայկական բոլոր վարժարաններուն, ուր առաջին…

Աւելին
Մանուկներու Միջազգային Օրուան Առիթով` «Ձեզ Դիտելով Ես Ձեր Մէջ Կը Տեսնեմ Մեր Ժողովուրդի Ապագան» Ընդգծեց Շահէ Եպս. Փանոսեան

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին, երկուշաբթի, 21 մարտ 2016-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ նշուեցաւ Մանուկներու միջազգային օրը` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Լիբանանի Մանուկներու ազգային մարմինի նախագահ դոկտ. Նուր Սալմանի եւ հայկական վարժարաններու աշակերտութեան ու անոնց ընկերակցող ուսուցիչներուն: Լիբանանի, Հայաստանի եւ…

Աւելին
Երիտասարդ Նկարիչը Եւ ԼՕԽ-ի 2016-ի Օրացոյցը

Սեդա Մանկասարեան: Օգոստոսին արդէն ԼՕԽ-ի քարոզչական յանձնախումբը աշխատանքի լծուած էր պատրաստելու ԼՕԽ-ի 2016-ի օրացոյցը: Միասնաբար որոշեցինք, որ այս տարի Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն ետք, նոր հարիւրամեակի սեմին նոր շունչով լիբանանահայ երիտասարդ նկարիչներ զարդարեն օրացոյցին էջերը: Քաջ կը հաւատանք, որ երիտասարդութիւնը պէտք է ներառենք մեր շարքերուն մէջ, որովհետեւ ան իր հմտութիւններով, ստեղծագործ միտքով պիտի նպաստէ մեր…

Աւելին
Այդ Օրը ԱՊԸԲ Կեդրոնի «Թնճուկեան» Սրահին Երեւոյթը Տարբեր Էր

Ն. ԱՒԱԳԵԱՆ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբը, որուն պարտականութիւնն էր պատրաստել կազմակերպութեան օրացոյցը, խորհրդածութիւններէ ետք յարմար նկատած էր, որ 2016-ի օրացոյցին էջերուն պատկերազարդման համար դիմէ լիբանանահայ երիտասարդ արուեստագէտներու, զանոնք քաջալերելու, տաղանդներ յայտնաբերելու եւ Ցեղասպանութենէն 100-ամեակ մը ետք նոր ու երիտասարդ միտքերով ներկայանալու համար հանրութեան: Յանձնախումբին առաջարկով մեծաթիւ…

Աւելին
Կամաւորներու Օր  (2015)

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին, շաբաթ, 28 նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կամաւորներու օր»-ուան հանդիսութիւնը: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, քարոզչական յանձնախումբին անունով խօսք առաւ Սեդա Մանկասարեան, որ անդրադառնալով ԼՕԽ-ին…

Աւելին
Մանուկներու Միջազգային Օր»-ուան Հանդիսաւոր Նշում ( 2015)

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի մարդասիրական գործունէութիւնը չի սահմանափակուիր միայն ընկերային եւ բժշկական ծառայութիւն մատուցելով հայ ազգի զաւակներուն, աւելի՛ն, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը իր յանձնախումբերուն ճամբով կը միտի հասնիլ բոլոր խաւերուն, յատկապէս` մանուկներուն: Այդ նպատակով ալ, ուրբաթ, 20 մարտ 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ քարոզչական յանձնախումբին…

Աւելին
«Հայ Երիտասարդը Եւ Կամաւոր Հասարակական Գործը» Նիւթով Սեմինար

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին, շաբաթ, 7 մարտ 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդական միօրեայ սեմինար մը: Նախաձեռնութեան նպատակն էր շեշտել հայ երիտասարդին դերակատարութիւնը կազմակերպութիւններուն եւ համայնքին մէջ, ինչպէս նաեւ անդրադառնալ կամաւոր ծառայութեան ունեցած դրական…

Աւելին
Մեր Խօսքը` Տօներու Վաղորդայնին` Վերանորոգ Ոգիով Ու Յանձնառութեամբ

Տագնապներով լեցուն արդի աշխարհին մէջ մեր ժողովուրդին համար անհրաժեշտ են նոր հոգի ու նորոգեալ կամք, որպէսզի կարենանք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով յիշել մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները եւ պատիւ ընծայել նաեւ անոնց, որոնք ի սփիւռս աշխարհի եւ ի խնդիր հայրենիքի ու ազգութեան լինելութեան, հաւատարմութեամբ կը պահեն մեր անմահ նահատակներուն կտակը ու վճռակամութեամբ կը շարունակեն պահանջել մեզմէ խլուածն ու յափշտակուածը: ՇԱՀԷ…

Աւելին
«Կամաւորներու Օր» Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Քարոզչական Յանձնախունբին

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին, շաբաթ, 6 դեկտեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կամաւորներու օր»-ուան հանդիսութիւնը: Լիբանանեան, հայկական եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք, քարոզչական յանձնախումբին անունով Սեդա Մանկասարեան բացուած յայտարարեց ձեռնարկը, ներկաները…

Աւելին
Հայ Մանուկի Օրուան Նշում` Հայկական Վարժարաններու Աշակերտներուն Մասնակցութեամբ

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին, երէկ` ուրբաթ, 21 մարտին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ նշուեցաւ Հայ մանուկներու օրը: Բացման խօսքը արաբերէնով արտասանեց Քլարա Տովլեթեան` Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճէն, որ դիտել տուաւ, թէ մանուկներու օր ճշդուած է` ի պաշտպանութիւն տկար մանուկներուն իրաւունքներուն, որովհետեւ յաճախ եւ ամէնուրեք մեծերուն զոհերը կը դառնան անմեղ մանուկները…

Աւելին
Բարի Տարի Ըլլայ Բոլորին Եւ ԼՕԽ-ին

ՀԵՐԱ ՆԱՃԱՐԵԱՆ Ազգային արժէքներով հարուստ տասներկու էջեր այս օրերուն կը մտնեն ամէն հայու տուն: Հպարտօրէ՛ն: Գունագեղ էջեր կը տողանցեն: Կը տողանցեն մե՛ր հայկական ձեռագործները, մեր մանրանկարչութիւնը, մե՛ր զարդերը, մե՛ր սքանչելի գորգերը, մե՛ր երաժշտական գործիքները, մե՛ր դրամները, մե՛ր ոսկեղինիկը, մե՛ր տարազները, մե՛ր հնատիպ իրերը, մե՛ր խաչքարերը… Ցուրտ ամիսները կ՛անցնին` տեղի տալով տաք ամիսներուն, ջերմացնելով մե՛ր սրտերը: Պզտիկ…

Աւելին
«Սրտով Աշխատինք, Սիրտ Մաշեցնենք, Սիրտ Տանք Գործին, Որպէսզի Թափ Եւ Թռիչք Առնէ Անիկա» Ըսաւ Յակոբ Լատոյեան

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին, շաբաթ, 7 դեկտեմբեր 2013-ին` առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ արժանաւոր կերպով նշուեցաւ Կամաւորներու օրը: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը 25 տարի առաջ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին պատճառով…

Աւելին
Անձնուրաց ԼՕԽ-ականներ

ՆԱՆԻԿ ԳԱՅԹԱՆՃԵԱՆ ԼՕԽ-ի կամաւորներու անձնուրաց աշխատանքը հիացում եւ հմայք կը պատճառէ արտաքին աշխարհին եւ ազգիս: Կը հոգայ մեր ժողովուրդին կարիքները, կը պահպանէ սովորութիւնները, ինչպէս նաեւ կը ջանայ զարգացնել ժողովուրդի մէջ մեր մշակոյթի դաստիարակութիւնը, որ շնորհակալ աշխատանք մըն է: Կը գնահատենք բոլոր կամաւորները, որոնք հոգւով եւ սրտով կ՛աշխատին եւ մեծ յարգանքի արժանի են: Կը մնանք հաստատ այն տեսակէտին վրայ, թէ կամաւոր աշխատանքը…

Աւելին
Նուիրեալ Փաղանգն Այս

ԱԶՆԻՒ Գ. ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Գոհունակութեան դոյզն ապրումով Պատրաստ է նուիրական աշխատանքի, Իր խիղճին ձայնին անսալով` Հովասուն հանգստութիւն, խանդն է անկարին: Հոգետանջ նայուածքներու հառաչող Յուսատու փարոսն է ծիածան Ներդրումն իր կու տայ յօժարակամ Կարկաչող երջանկութիւն տկարին: Ծառայութեան դաշտերը անսակարկ Քաղցրանուագ բերկրանքով մեղրածոր Սրբազան աշխատանքն է կամաւոր Պատարագուող հոգիներու սեղանին: Նուիրական էակներու փաղանգն այս Գուրգուրացող…

Աւելին