ԼՕԽ-ի "Նայիրի" մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած ընկերային հանդիպումը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 29 Մարտ 2022-ի, "Աղբալեան" Համալիրի "Հուրի Պապիկեան" սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ` ընկհ. Թալին Ուրիշեանի։ Օրուան պատգամը փոխանցեց ճիւնիի "Սուրբ Յարութիւն" եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ` Տէր Սարգիս Աւագ քահանայ Սարգիսեան, որ ներկայացուց Մեծ Պահոց շրջանի նպատակը, ապա օրհնեց ձեռնարկի ճաշը։ Տեղի ունեցան…
Read moreԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած «Մայրերու Օր»ուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 22 Մայիս 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Քահուաթ Ալսըթ» ճաշարանին մէջ (Անթիլիաս), ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարօ Թազեանի, տիկին Ալիս Պօղոսեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, հիւրերու եւ անդամուհիներու: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան…
Read moreԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի կազմակերպած «Կաղանդի Ձեռնարկ»ը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 5 Դեկտեմբեր 2017-ին, ՀՄԸՄ-ի «Աղբալեան» համալիրի «Արա եւ Հուրի Պապիկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարօ Թազեանի, սրահի բարերար՝ տիկին Հուրի Պապիկեանի, ՀՕՄ-ի նախկին ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարօ Մինասեանի, տիկին Ալիս Պօղոսեանի, քոյր մասնաճիւղերու վարչութիւններու եւ այլ միութիւններու ներկայացուցիչներու…
Read moreԼՕԽ-ի «Նայիրի» (Անթիլիաս) մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած շրջապտոյտը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 29 Օգոստոս 2017-ին, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարօ Թազեանի, անդամուհիներու եւ հիւրերու: Պտոյտը ընթացք առաւ առաւօտեան ժամը 8:00-ին դէպի Ժպէյլի «Շամսին» փուռը, ուր մասնակիցները ունեցան իրենց նախաճաշը: Ապա շարունակեցին դէպի Թաննուրին վայելելու Պալուու Պալաա բնական տեսարժան վայրը, Տումայի՝ հին շուկան եւ…
Read moreԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի (Անթիլիաս) կազմակերպած «Մայրերու Օր»ուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 2 Մայիս 2017-ին, Via Venue ճաշարանին մէջ: Ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարօ Թազեան, «Աղբալեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ, քոյր մասնաճիւղերու նեկայացուցիչներ եւ հիւրեր: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգերու ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Սալբի Աննայեան, բարի գալուստի խօսքը…
Read moreԼ.Օ.Խ.-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի կազմակերպած Պահքի Աւանդական Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 28 Փետրուար 2017-ին, «Աղբալեան» համալիրի «Պապիկեան» սրահին մէջ: Հանդիպման ներկայ էին` ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարօ Թազեան, քոյր մասնաճիւղերու վարչութիւններու եւ այլ միութիւններու ներկայացուցիչներ, անդամուհիներ եւ բարեկամուհիներ: Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ…
Read moreԿազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի (Անթիլիաս) վարչութեան, Երեքշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2016-ին, տեղի ունեցաւ «Ամանորի Ընկերային Հանդիպում»ը «Աղբալեան» համալիրի «Պապիկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարօ Թազեանի, քոյր մասնաճիւղերու ու միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ յարգելի հիւրերու: ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Սալբի Աննայեան վարչութեան…
Read moreՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ Անթիլիասի «Նայիրի» մասնաճիւղի նորակազմ վարչութեան, Երեքշաբթի, 6 Սեպտեմբեր 2016-ին տեղի ունեցաւ պտոյտ մը դէպի Պէքաա, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ բազմաթիւ հիւրերու: Առաւօտեան ժամը 8:00-ին, փոխադրակառքերը ուղղուեցան դէպի Պաալպէք, «հանգստեան» ճաշարանին մէջ կատարեցին իրենց նախաճաշը, ապա շարունակեցին իրենց ճամբան դէպի Պաալպէքի բերդ, «Սէյիտէթ Պըշուէթ»…
Read moreԼՕԽ-ի «Նայիրի» (Անթիլիաս) մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած «Համբարձման Տօն» ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 5 Մայիս 2016-ին, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Լիլիան Օրտողլեանի: Ձեռնարկին մասնակցողները, նախ այցելեցին ժպէյլի «Սէյիտէթ Քաֆթուն» վանքը, Թռչնոց Բոյնի «Արամ Պէզիկեան» թանգարանը, ապա ողղուեցան դէպի «Հայ Կեդրոն», ուր դիմաւորուեցան ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ: Մասնաճիւղի վարչութեան…
Read moreՍուրբ Սարգիս Զօրավարի Տօնը Այնճարի Մէջ Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի սրահը ուրբաթ, 22 յունուար 2016ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին լեցուած էր ընկերուհիներով եւ ԼՕԽ-ի համակիրներով` միասնաբար նշելու Սուրբ Սարգիս Զօրավարի անուանակոչութեան տօնը: Մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբի անդամ Անի Տիւքենճեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք օրուան պատգամը տուաւ Այնճարի նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանը…
Read moreԼՕԽ-ի «Նայիրի» (Անթլիաս) մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած ընկերային հանդիպումը՝ «Պահքի Ձեռնարկ» տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 16 Փետրուար 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Աղբալեան» մարզամշակութային համալիրի «Արա եւ Հուրի Պապիկեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Լիլիան Օրտողլեանի, քոյր մասնաճիւղերէ ներկայացուցիչներու, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ բարեկամուհիներու: Մասնաճիւղի ատենապետուհի՝…
Read more«Ա. Ազիրեան» (նոր Սիս) Հինգշաբթի, 12 նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազիրեան ակումբի, «Ա. Գապագեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախաճաշի հաւաքոյթ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Վարդուհի Տէվէլեանի, 75 ԼՕԽ-ականներու եւ համակիրներու: Վարչութեան ատենապետ Թալին Պալթարեան բարի գալուստ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք պատուեցին եւ քաջալերեցին ձեռնարկը: Ապա հրաւիրեց երետասարդ երգիչ` Յարութ…
Read moreԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութիւնը (Անթիլիաս) քանի մը ամիս բացակայութենէ ետք, Երեքշաբթի, 15 Դեկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, ունեցաւ ընկերային հանդիպում մը, «Աղբալեան» մարզամշակութային համալիրի «Արա եւ Հուրի Պապիկեան» սրահէն ներս (Մըզհեր), ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Լիլիան Օրտողլեանի եւ շուրջ 45 ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հիւրերու: Նորակազմ վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Վարդուկ…
Read moreՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութեան, մայրերու յատուկ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 26 մայիս 2015-ի կէսօրէ առաջ, ՀՄԸՄ-Աղբալեան մարզամշակութային համալիրի «Արա եւ Հուրի Պապիկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհի` ընկհ. Թալին Գլպաշեանին, Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Լիլիան Օրտողլեանին, հրաւիրեալներու, ԼՕԽ-ականներու եւ ԼՕԽ-ի…
Read moreՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, «Նայիրի» մասնաճիւղի կազմակերպած ընկերային հանդիպումը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 3 մարտ 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ՀՄԸՄ-ի «Ն. Աղբալեան» մարզամշակութային համալիրի նորակառոյց ժողովասրահին մէջ, ներկայութեամբ մեծ թիւով ԼՕԽ-ականներու եւ բարեկամներու: Լիբանանեան, հայկական եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետ Շաքէ Գարայեան ողջունեց ներկաները եւ…
Read moreԿազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութեան (Անթիլիաս) ,Երկուշաբթի 5 Յունուար, 2015-ի երեկոյեան ժամը 9:30-էն սկսեալ ,Ս. Ծնունդի խթման առիթով տեղի ունեցաւ պարահանդէս «Kerket Al Haj »ճաշարանին մէջ: Ճաշարանի մուտքին ներկաները հիւրասիրուեցան տուրմով եւ ստացան նուէրներ տրամադրուած տարբեր հաստատութիւններու կողմէ: Բացման խօսքը կատարեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի ընկհ.Շաքէ Գարայեան: Ան ողջունեց ներկաները եւ Նոր…
Read moreԼ.Օ.Խ.-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութեան այս տարուան ընկերային Բ. Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 3 Նոյեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ, «Աղբալեան» մարզամշակութային համալիրէն ներս, ներկայութեամբ 90 ընկերուհիներու: Բացման խօսքին մէջ ատենապետուհի՝ ընկհ. Շաքէ Գարայեան, անդրադարձաւ ԼՕԽ-ականներու կամաւոր ծառայութեան, շեշտելով, որ անոնց գործն է որ կը խօսի: Ձեռնարկին գեղարուեստական բաժինով հանդէս եկաւ դերասան…
Read moreՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ նախաձեռնութեամբ ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութեան, շաբաթ, 22 մարտ 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ Մզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի լսարանը, ներկայութեամբ մասնաճիւղի անդամներուն եւ ԼՕԽ-ի բարեկամներու: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ներկաները ողջունեց մասնաճիւղի ատենապետ Մարօ Թազեան: Ձեռնարկին զրուցավարն…
Read moreՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ու կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութեան, 20 մարտ 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային կեդրոնի նորակառոյց սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընկերային հանդիպում մը միջինքի առիթով: Լիբանանեան, հայկական եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, ատենապետ Մարօ Թազեան բացուած յայտարարեց ձեռնարկը եւ ներկայացուց օրուան յայտագիրի գլխաւոր…
Read moreԴեկտեմբեր ամիսը յատուկ իմաստ մը ունի հայութեան համար: 7 դեկտեմբերի աղէտալի երկրաշարժին պատճառած սուգին ու կսկիծին առընթեր, այս ամսուան ընթացքին կը նշենք նաեւ հայ ժողովուրդի սուրբերէն Սուրբ Յակոբի տօնը: Ան նաեւ առիթ մըն է` Քրիստոսի ժամանումը աւետող օրհնաբեր նախաձեռնութեանց կազմակերպումին համար: Այս իմաստով, համայն աշխարհին ու յատկապէս քրիստոնեաներուն եւ հայութեան կողմէ կը կազմակերպուին Կաղանդի յատուկ ցուցահանդէս-վաճառքի…
Read moreՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղին վարչութիւնը իր ընկերային առաջին հանդիպումը կազմակերպեց երեքշաբթի, 22 հոկտեմբեր 2013-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին նորակառոյց սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Մարինա Նորամանեանի: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք ատենապետ Մարօ Թազեան բացուած յայտարարեց ձեռնարկը` ողջունելով բոլորը եւ ներկաներէն խնդրեց մէկ…
Read moreԱմանորի առիթով, մեր պապիկներն ու մամիկները տօնական օրերու ուրախ մթնոլորտէն անմասն չձգելու նպատակով, ԼՕԽ-ի Անթիլիասի «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութիւնը ՔԱՀԼ-ի ծերանոց այցելեց: Յունուար 9-ին մասնաճիւղի երկու ընկերուհիներու կողմէ տրամադրուած հարիւր անձեռոցները, անուշեղէնը եւ սուրճը առնելով` վարչութիւնը անձամբ ներկայացաւ մեր սիրելի ծերունիներուն ու անոնց յանձնեց նուէրները: Մենք ուրախացուցինք զիրենք ու նուազագոյն պարտականութիւն մը…
Read moreՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան երեքշաբթի, 8 մայիս 2012-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Տըպպայէի «Նախիլ» ճաշարանին մէջ փառաշուք հանդիսութեամբ նշուեցաւ ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 50-ամեակը: «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութեան ատենադպիր Սալբի Աննայեանի բացման խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ 50-ամեակի յանձնախումբէն` Հուրի Միքայէլեանի եւ Լենա Գալուստեանի պատրաստած «Երկիր նայիրեան» խորագիրով տեսերիզը: Տասը վայրկեան…
Read more26 հոկտեմբերին Աղբալեան-ՀՄԸՄ մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի Նայիրի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած դասախօսական ձեռնարկը, որուն նիւթն էր հայ կիներուն առողջութիւնը։ ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետ Վարդուհի Գալայճեան, որ լուսարձակի տակ առաւ նման ձեռնարկի մը կայացման նպատակը, ինչպէս նաեւ ծանօթացուց օրուան բանախօսը՝ դոկտ. Թամար Գապաքեան-Հաշէօղլեան, որ դասախօս է…
Read more




















