«Համբարձման Տօն»

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Նայիրի» (Անթիլիաս) մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած «Համբարձման Տօն» ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 5 Մայիս 2016-ին, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Լիլիան Օրտողլեանի:

Ձեռնարկին մասնակցողները, նախ այցելեցին ժպէյլի «Սէյիտէթ Քաֆթուն» վանքը, Թռչնոց Բոյնի «Արամ Պէզիկեան» թանգարանը, ապա ողղուեցան դէպի «Հայ Կեդրոն», ուր  դիմաւորուեցան ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ:

Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Վարդուկ Գալայճեան կատարեց բացման խօսքը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Շրջանային Վարչութեան նիրկայացուցիչին, «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան եւ «Հայ Կեդրոն»ի պատասխանատուներուն:Ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ Համբարձման Տօնի տոհմիկ աւանդութիւններուն եւ սովորութիւններուն, որոնք կ'ըլլային երգեր, խմբական պտոյտներ, վիճակախաղեր եւայլն:

Տօնական Մթնոլորտը  ջերմացաւ,  երբ ներկաներուն բաժնուեցան վարչութեան պատրաստած  Համբարձման  քառեակներ:

Տեղի ունեցաւ նաեւ աւանդութիւն դարձած վիճակահանութիւնը, որմէ բախտաւորուեցան ներկաներէն շատեր: Մասնակցողները ուրախ տրամադրութեամբ վերադարձան իրենց բնակարանները: