Կաղանդի Ձեռնարկ

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի  կազմակերպած «Կաղանդի Ձեռնարկ»ը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 5 Դեկտեմբեր 2017-ին, ՀՄԸՄ-ի «Աղբալեան» համալիրի «Արա եւ Հուրի Պապիկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ  Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարօ Թազեանի, սրահի բարերար՝ տիկին Հուրի Պապիկեանի, ՀՕՄ-ի նախկին ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարօ Մինասեանի, տիկին Ալիս Պօղոսեանի, քոյր մասնաճիւղերու վարչութիւններու եւ այլ միութիւններու ներկայացուցիչներու,  անդամուհիներու եւ  բարեկամուհիներու:

ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Սալբի Աննայեան իր բացման խօսքը սկասւ Մուշեղ Իշխանի խօսքով, որ կ'ըսէր «Ամէն  մէկը իր ձեւով կ'ապրի կաղանդի իրիկուան խորհուրդը, մանուկները կը շլանան նուէրներու տեսիլքով, մեծերը կը գինովնան վառ յոյսերու արբեցութեամբ»: Ան շարունակեց ըսելով, թէ այս տարի մենք մեր սիրելիներուն նուէրներ ընծայելու կողքին, որոշում առնենք մեր անձերուն նուիրել «ներողամտութիւնը», որ դժուար նուէր է, որովհետեւ նիւթականով գոյացնելիք առարկայ մը չէ, այլ՝ մարդկութեան վսեմագոյն աստիճանը բարձրանալու որոշում. Ներելով՝ մեր հոգիներուն ընծայած կ'ըլլանք «ներքին խաղաղութիւն»: Խօսքի աւարտին ան ըսաւ.-«երբ ըսենք սխալիլը մարդկային է, շարունակենք ըսելով ներելը աստուածային»:

Ապա հրաւիրեց ոսկորի մասնագէտ՝ տոքթ. Վարդան Ճապրայեանը, որ ամփոփ փոխանցումներով օգտակար եղաւ ներկաներուն: Որմէ ետք, Life coach Էլիզա Շամմասեանը, իր կարգին օգտակար գիտելիքներ փոխանցեց, շեշտը դնելով կեանքը միշտ դրական նայուածքով դիտելու կարեւորութեան վրայ:

Ձեռնարկին մթնոլորտը ճոխացուց ջութակահար Լիւսի Շամսարեանը, սիրուած երաժշտութեամբ: Ձեռնարկը առաւել ճոխացաւ Կաղանդ պապուկին ժամանումով:

Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն եւ կատարուեցան նուիրատուութիւններ:

Ձեռնարկի աւարտին, վարչութեան ատենապետուհին շնորհաւորեց բոլորին Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը, մաղթելով անսահման սէր, յոյսերու իրականացում եւ բարիի տիրականութիւն: