Meghry — News & Events

This page is not yet available in this language.

Աւանդական Տօնավաճառ

ԼՕԽ-ի «Մեղրի» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած տարեկան աւանդական տօնավաճառը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 30 Դեկտեմբեր 2017-ին, Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» կեդրոնին մէջ, Զոքաք Պլաթ: Տօնավաճառին վաճառուեցան հայկական համադամ ճաշատեսակներ եւ անուշեղէններ, որոնք պատրաստուած էին ԼՕԽ-ի աշխատանքին հաւատացող բարերարներու եւ ընկերուհիներու ջանքերով: Այս առիթով վարչութիւնը իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս թէ′…

Read more
Աւանդական Ճաշի Պազար

Հինգշաբթի, 29 Դեկտեմբեր 2016-ին, Պէյրութի «Կոմիտաս» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Մեղրի» մասնաճիւղի կազմակերպած «Աւանդական Ճաշի Պազար»ը: Պազարին վաճառուեցան հայկական համադամ ճաշեր եւ անուշեղէններ: Ձեռնարկը յաջողութիւն արձանագրեց նիւթապէս եւ բարոյապէս: Վարչութիւնը սոյն յաջողութիւնը կը պարտի մասնաճիւղի կամաւոր ընկերուհիներուն, որոնց ձեռամբ պատրաստուած էին յիշեալ ուտեստեղէնները, քաջ գիտնալով, որ իրենց այս աշխատանքը պիտի…

Read more
ԼՕԽ-ի «Մեղրի» Մասնաճիւղի հիմնադրութեան 85-Ամեակի նշում

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Մեղրի» մասնաճիւղի վարչութեան, Շաբաթ, 21 Մայիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 4:00-ին, Պէյրութի «Կոմիտաս» կեդրոնի ժողովասրահէն ներս, տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 85 ամեակի նշում: ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, ձեռնարկի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Մաքօ Ունճեան: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք…

Read more
ԼՕԽ-ի Մասնաճիւղերու Ամանորի Ձեռնարկները (2016)

«Ա. Ազիրեան» (նոր Սիս) Հինգշաբթի, 12 նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազիրեան ակումբի, «Ա. Գապագեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախաճաշի հաւաքոյթ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Վարդուհի Տէվէլեանի, 75 ԼՕԽ-ականներու եւ համակիրներու: Վարչութեան ատենապետ Թալին Պալթարեան բարի գալուստ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք պատուեցին եւ քաջալերեցին ձեռնարկը: Ապա հրաւիրեց երետասարդ երգիչ` Յարութ…

Read more
«Մեղրի» Մասնաճիւղի Ամանորի Աւանդական Պազարը

Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու կազմակերպած ձեռնարկները միշտ եղած են բազմատեսակ , ինչպէս՝ փոքրերու յատուկ կաղանդ, տարեցներու ամանոր, ճաշկերոյթ, եւայլն....իսկ Պէյրութի «Մեղրի» մասնաճիւղի ամանորը խորհրդանշող ձեռնարկը եղաւ «Աւանդական Պազար» մը, կազմակերպուած ՝վարչութեան ընկերուհիներուն կողմէ, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 26 դեկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, Պէյրութի «Նշան Փալանճեան»…

Read more
Աւանդական Պազար

ԼՕԽ-ի Պէյրութ-ի “Մեղրի» մասնաճիւղի վարչութիւնը իր տարեկան աւանդական տօնավաճառը կազմակերպեց 27 դեկտեմբեր 2014-ին, Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» կեդրոնի «Կոմիտաս» ակումբին մէջ, Զոքաք Պլաթ: Տօնավաճառը ուշագրաւ էր իր հայկական համադամ ճաշատեսակներով եւ անուշեղէններով, որոնք կարելի եղած էր պատրաստել ԼՕԽ-ի աշխատանքին հաւատացող բարերարներու եւ ընկերուհիներու ջանքերով: Այս առթիւ վարչութիւնը իր յատուկ շնորհակալութիւնը կը յայտնէ`…

Read more
«Մեղրի» Մասնաճիւղին Գունաւոր Ծաղկեփունջը

ՀԵՐԱ ՆԱՃԱՐԵԱՆ Ուրբաթ, 10 մայիս, Պէյրութի «Մեղրի» մասնաճիւղի ակումբին մէջ շատ համակրելի, տաքուկ, մտերմիկ հաւաքոյթ մը կազմակերպուեցաւ: Սեղաններուն վրայ` գարնան եղանակին բացուող գոյնզգոյն թաղարներ` կարմիր, վարդագոյն, մանիշակագոյնի երանգներով, համով տուրմեր` ամէն մէկ սպասի դիմաց, համադամ ուտելիքներ` ԼՕԽ-ականներուն կողմէ պատրաստուած: Շաղիկ Մկրտիչեանի խանդավառ ներկայութիւնը ինքնին հիւրասիրութիւն մըն էր. ան կարդաց Զ. Խրախունիէն…

Read more