Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու կազմակերպած ձեռնարկները միշտ եղած են բազմատեսակ , ինչպէս՝ փոքրերու յատուկ կաղանդ, տարեցներու ամանոր, ճաշկերոյթ, եւայլն....իսկ Պէյրութի «Մեղրի» մասնաճիւղի ամանորը խորհրդանշող ձեռնարկը եղաւ «Աւանդական Պազար» մը, կազմակերպուած ՝վարչութեան ընկերուհիներուն կողմէ, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 26 դեկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, Պէյրութի «Նշան Փալանճեան» կեդրոնին մէջ:
Սեղանները զարդարուած էին հայկական համեղ ճաշատեսակներով, խմորեղէններով ու անուշեղէններով , բոլորը պատրաստուած ընկերուհիներուն ձեռամբ, որոնց աշխատանքը իսկապէս գնահատելի էր: ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու վարչութիւնները նախանձախնդիր են , իրենց ձեռնարկներու ընդմէջէն ,պահելու Հայկական աւանդութիւնները, մշակույթն ու ճաշատեսակները: Մեծ էր վարչութեան ուրախութիւնը, որովհետեւ քանի մը ժամուան ընթացքին կարողացած էին սպառել բոլոր ցուցադրուած համեղ ուտելիքները: Մեծ էր նաեւ գնողին ուրախութիւնը, որովհետեւ հայկական ուտելիքներով պիտի զարդարէր ամանորի իր տան սեղանը:




