Sevan — News & Events

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի "Սեւան" մասնաճիւղի նախաճաշ

ԼՕԽ-ի "Սեւան" մասնաճիւղի վարչութիւնը Երեքշաբթի, 29 Մարտ 2022-ին կազմակերպեց նախաճաշ մը Ճիւնիի ՀՄԸՄ-ի սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ -ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ` ընկհ. Մարալ Երէցեանի եւ շուրջ 80 ընկերուհկներու եւ համակիրներու։ Մասնաճիւղի ատենապետուհի` ընկհ. Սիլվա Խաչերեան 2 լեզուներով կատարեց ձեռնարկի Բացման խօսքը,բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնելով վարչական ընկերուհիներուն, որոնք մասնակից…

Read more
Այցելութիւն Տեսարժան Վայրեր

ԼՕԽ-ի «Սեւան» մասնաճիւղի (Ժիւնի) վարչութեան կազմակերպած պտոյտը դէպի հիւսիսային Լիբանան տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 16 Մայիս 2017-ին: Առաւօտեան կանուխ պտոյտը ընթացք առաւ: Առաջին հանգրուանը եղաւ «Շամսին» փուռը, ուր նախաճաշելէ ետք, խումբը ուղղուեցաւ դէպի «Անֆէ» շրջանի «Սայիտէթ Նաթեր Եկեղեցին, ապա՝ «Գաֆրուն»ի «Քասր Ալ Ահլամ» պալատը: Ներկաները, հոն հիւրասիրուեցան վարչութեան կողմէ պատրաստուած սուրճով: Շարունակելով, խումբը հասաւ…

Read more
ԼՕԽ-ի «Սեւան» Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 75 Ամեակ

Լ.Օ.Խ.-ի «Սեւան» մասնաճիւղի վարչութիւնը, Հինգշաբթի, 16 Մարտ 2017-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ժիւնիի «Ժ. Ապաճեան» սրահին մէջ, նշեց մասնաճիւղի հիմնադրութեան 75 ամեակը, նախագահութեամբ Հասթաճեան քոյրերուն: Ձեռնարկին ներկայ էին Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարալ Մխճեան եւ մասնաճիւղի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեան: Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ եւ ձեռնարկը խանդավառեց երգիչ՝ Րաֆֆի Կէօվօղլանեան: Մասնաճիւղի…

Read more
Շրջապտոյտ Դէպի Լիբանանի Հարաւային Շրջան

ԼՕԽ-ի «Սեւան» մասնաճիւղի (Ժիւնիէ) վարչութիւնը կազմակերպած էր շրջապտոյտ մը դէպի Լիբանանի հարաւային շրջանը, որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 20 Սեպտեմբեր 2016-ին, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչին, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ համակիրներու: Շրջապտոյտը ընթացք առաւ դէպի Սայտա, ուր «Ալ Քնաան» Ճաշարանին մէջ ներկաները կատարեցին իրենց նախաճաշը, շարունակելով իրենց ճամբան այցելեցին «Տէյր Մխալլէս» եւ Մաղտուշէի «Սէյիտէթ Ալ…

Read more
Այցելութիւն  Ժպէյլի «Թռչնոց Բոյն»-ի «Արամ Պէզիկեան» թանգարան

Հայոց Ցեղասպանութեան 101 ամեակի առիթով Ուրբաթ, 22 Ապրիլ 2016-ին, ԼՕԽ-ի «Սեւան» մասնաճիւղի (Ժիւնի) վարչութիւնը կազմակերպած էր ուխտագնացութիւն մը դէպի ժպէյլի «Թռչնոց Բոյն»ի «Արամ Պէզիկեան» թանգարանը եւ այլ սրբավայրեր: Ուխտագնացութեան մասնակցեցան 25 ընկերուհիներ, որոնք թանգարան այցելելէ ետք, ուղղուեցան Պաթրունի «Մար Իսթֆէն» եկեղեցին, ապա՝ Գաֆթուն շրջանի մէջ գտնուող հրաշալի եւ 900 տարուան «Մար Սարգիս» եկեղեցին: Շարունակելով…

Read more
ԼՕԽ-ի Մասնաճիւղերու Ամանորի Ձեռնարկները (2016)

«Ա. Ազիրեան» (նոր Սիս) Հինգշաբթի, 12 նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազիրեան ակումբի, «Ա. Գապագեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախաճաշի հաւաքոյթ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Վարդուհի Տէվէլեանի, 75 ԼՕԽ-ականներու եւ համակիրներու: Վարչութեան ատենապետ Թալին Պալթարեան բարի գալուստ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք պատուեցին եւ քաջալերեցին ձեռնարկը: Ապա հրաւիրեց երետասարդ երգիչ` Յարութ…

Read more
Ամանորի Ձեռնարկ + Դասախօսութիւն (2015)

ԼՕԽ-ի «Սեւան» մասնաճիւղի վարչութիւնը Հինգշաբթի, 3 Դեկտեմբեր 2015-ին, Ժիւնիի ՀՄԸՄ ակումբի, «Ժան Ապաճեան» սրահին մէջ, համախմբած էր շուրջ 85 ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ, համակիրներ, եւ հիւրեր, տօնական օրերու սեմին միասնաբար ուրախ եւ հաճելի ժամանակ անցընելու ակնկալութեամբ: Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Շրջանային վարչութենէն ընկերւհիներ : Ձեռնարկը սկսաւ ԼՕԽ-ի քայլերգով, որմէ ետք վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Սեդա Սաաթճեան բացման խօսքով…

Read more
ԼՕԽ-ի «Սեւան» Մասնաճիւղի պտոյտը (2015)

ԼՕԽ-ի «Սեւան» Մասնաճիւղը, 23 Սեպտեմբեր 2015-ին, կազմակերպած էր դաշտագնացութիւն մը, դէպի Լիբանանի տեսարժան զանազան վայրեր: Առաւօտեան ժամը 8:30-ին, 26 ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ ու համակիրներ ճամբայ ելան ուղղուելով դէպի Մրուժ գիւղը, ուր սուրճի կարճ դադարէ մը ետք այցելեցին «Մար Թաքլա» եկեղեցին, շարունակեցին դէպի Զահլէի «Սէյիտէթ Զահլէ» եկեղեցին, «Քըֆրայա» գինիի գործարանը, ապա Պեքաայի ճաշարաններէն մէկուն մէջ ճոխ ու հաճելի մթնոլորտի…

Read more
Մասնաճիւղերու Ձեռնարկներ

ԼՕԽ-ի մարդասիրական, առողջապահական, կրթական, ընկերային, քարոզչական եւ այլ գործունէութեանց հետ զուգահեռ, իր հիմքը հանդիսացող խարիսխը` իր մասնաճիւղերը, իրենց տարեկան ծրագիրներուն մէջ կը ներառեն այնպիսի ձեռնարկներ, որոնք կը նպաստեն անդամուհիներուն եւ համակիրներուն հոգեկան խաղաղութեան, առիթ կը ստեղծուի իրենց մոռնալու առօրեայի տառապանքները, երկրի աննպաստ պայմաններու պատճառով ստեղծուած տագնապները եւ որպէս մարդ` իրաւունքը ունենալու…

Read more
Ճաշկերոյթ  ( 2015)

ԼՕԽ-ի «Սեւան» մասնաճիւղի (Ժիւնի) կազմակերպած ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ 29 Մարտ 2015-ին, Կիրակի կէսօրուան ժամը 1։00-էն սկսեալ , Գլայաաթի «Ալ Նասամաթ» ճաշարանին մէջ, ներկայութեամբ շրջանի Ազգ. կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներուն, ընդամէնը 250 հոգի։ Ձեռնարկին նախագահութիւնը ստանձնած էին Տէր եւ Տիկ. Աւօ եւ Տալիտա Ռճըղալեանները, որոնք անձամբ ներկայ էին։ Ճաշկերոյթին բացումը կատարեց ընկհ. Սեդա Սաաթճեան՝ վարչութեան ատենապետուհին։ Ան…

Read more
«Սեւան» մասնաճիւղի Ամանորը

ԼՕԽի «Սեւան» մասնաճիւղի աւանդական կաղանդի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի 18 Դեկտեմբեր 2014- ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ Ժիւնիի ՀՄԸՄի «Ժան Ապաճեան» շքեղ սրահին մէջ։ Ներկայ էր Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Քարակէօզեան եւ թիւով 70 ընկերուհիներ։ Ձեռնարկին բացման խօսքը կատարեց մասնաճիւղի ատենապետ՝ ընկհ. Սեդա Սաաթճեան։ Օրուան դասախօսուհին էր արուեստագիտուհի՝ Մարալ Փանոսեան, նիւթ ունենալով «փոխ-յարաբերութիւնը»…

Read more
ԼՕԽ-Ի ՍԵՒԱՆ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ 70-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի Սեւան (Ժունիէ) մասնաճիւղի 70-ամեակի նշման ձեռնարկ մը` ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետին, մասնաճիւղի ներկայացուցիչին, Լիբանանեան բանակի հրամանատարի ներկայացուցիչ զօր. Ժաք Ապու Անթունի, շրջանի կոմիտէութեան, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ եղբօր, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ համակիրներու: Մասնաճիւղի ատենապետ Սեդա Ճուպանեան բարի…

Read more