Ամանորի Ձեռնարկ + Դասախօսութիւն (2015)

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Սեւան» մասնաճիւղի վարչութիւնը Հինգշաբթի, 3 Դեկտեմբեր 2015-ին, Ժիւնիի ՀՄԸՄ ակումբի, «Ժան Ապաճեան» սրահին մէջ, համախմբած էր շուրջ 85 ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ, համակիրներ, եւ հիւրեր, տօնական օրերու սեմին միասնաբար ուրախ եւ հաճելի ժամանակ անցընելու ակնկալութեամբ: Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Շրջանային վարչութենէն ընկերւհիներ :

Ձեռնարկը սկսաւ ԼՕԽ-ի քայլերգով, որմէ ետք վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Սեդա Սաաթճեան բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն ըսելով՝ «ձեր ներկայութեամբ պատուեցիք եւ առաւել եւս ծաղկեցուցիք, տօնական առիթով ծաղիկներով զարդարուած այս սրահը», ապա ներկայացուց օրուան դասախօսուհի՝ տօքթ. Սիրուն Վարդապետեանը որու դասխօսութեան նիւթն էր «Մեր զաւակներուն սպառնացող վտանգները»:

Դասախօսուհին փոխանցեց արկածներու, արհեստագիտութեան (technology) հետ առնչուած (բջիջային հեռախօս, համակարգիչ,.... ) եւ ընկերային միջավայրէ եկած վտանգներու տեսակները եւ անոնց նախազգուշական միջոցները, շեշտը դնելով ծնողքի դերակատարութեան եւ պարտաւորութեան պահպանելու հայկական վարքն ու բարքը եւ հայկական արժէքները:

Ան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով՝ «եկէ'ք, սիրելիներ ձեռք-ձեռքի տալով՝ տուն, դպրոց եւ կազմակերպութիւններ, փրկենք մեր զաւակները, որովհետեւ մեր զաւակները մեր գանձերն են»:

Դասախօութիւնը մեծ հետաքրքրութեամբ ունկնդրուեցաւ եւ գնահատուեցաւ ներկաներուն կողմէ որուն աւարտին ան ներկաներուն բաժնեց ԼՕԽ-ի առողջապահական յանձնախումբի պատրաստած «Զաւկիդ Համար» խորագրով թերթիկներ:

Գեղարուեստական յայտագրին մասնակցեցան Շանթ Պաղտասարեան, եւ երիտասարդ երգիչ՝ Նժդեհ Պոտրումեան որ գաւառական, ժողովրդային ու սիրային երգերով եւ մէջ ընդ մէջ ծիծաղելի մանրավէպեր պատմելով խանդավառեց եւ բարձր պահեց ներկաներուն տրամադրութիւնը:

Վարչական ընկերուհիները շրջեցան սեղանները եւ վաճառեցին կաղանդը խորհրդանշող զանազան զարդեղէններ, որոնց վրայ կցուած էին վիճակահանութեան տոմսերը:

Մթնոլորտը առաւել եւս ճոխացաւ օրուան անակնկալ՝ կաղանդ պապուկին ժամանումով, որ իր ձեռքով բաժնեց վիճակաձգութենէն բախտաւորուած ներկաներուն նուէրները: Խանդավառ մթնոլորտէն քաջալերուած կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ :

Ներկաները ուրախ եւ բարձր տրամադրութեամբ բաժնուեցան, դարձեալ հանդիպելու ակնկալութեամբ: