Այցելութիւն Տեսարժան Վայրեր

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Սեւան» մասնաճիւղի (Ժիւնի) վարչութեան կազմակերպած պտոյտը դէպի հիւսիսային Լիբանան տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 16 Մայիս 2017-ին:

Առաւօտեան կանուխ պտոյտը ընթացք առաւ: Առաջին հանգրուանը եղաւ «Շամսին» փուռը, ուր նախաճաշելէ ետք, խումբը  ուղղուեցաւ դէպի «Անֆէ» շրջանի «Սայիտէթ Նաթեր Եկեղեցին, ապա՝ «Գաֆրուն»ի «Քասր Ալ Ահլամ» պալատը: Ներկաները, հոն հիւրասիրուեցան վարչութեան կողմէ պատրաստուած սուրճով:

Շարունակելով, խումբը հասաւ «Զահլան» քարայրը: Շրջելէ ետք տեսարժան վայրերով օժտուած  քարայրին մէջ, մասնակցողները շոգեկառքով բարձրացան մինչեւ մայր դուռ:

Պտոյտի վերջին հանգրուանը եղաւ «ժըսր Ռաշիին» Ճաշարանը, ուր տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն:

Ներկաները ուրախ եւ սրտի անհուն գոհունակութեամբ վերադարձան իրենց բնակարանները: