«Սեւան» մասնաճիւղի Ամանորը

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽի «Սեւան» մասնաճիւղի աւանդական կաղանդի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի 18 Դեկտեմբեր 2014- ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ Ժիւնիի ՀՄԸՄի «Ժան Ապաճեան» շքեղ սրահին մէջ։ Ներկայ էր Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Քարակէօզեան եւ թիւով 70 ընկերուհիներ։

Ձեռնարկին բացման խօսքը կատարեց մասնաճիւղի ատենապետ՝ ընկհ. Սեդա Սաաթճեան։ Օրուան դասախօսուհին էր արուեստագիտուհի՝ Մարալ Փանոսեան, նիւթ ունենալով «փոխ-յարաբերութիւնը»։ Ներկաները լրջօրէն հետեւեցան դասախօսութեան։ Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն։ Ապա ձեռնարկը փակուեցաւ Կաղանդ Պապուկին ժամանումով, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց սրահին մէջ։

Ընկերուհիները գոհունակութեամբ մեկնեցան։