“N. Ardaljian” Children’s Library — News & Events

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի  «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանի աշակերտներուն պտոյտը

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանի յանձնախումբին, Ս. Զատկուան տօնին առիթով, Հինգշաբթի, 5 Ապրիլ 2018-ին, կէսօրին, գրադարանի աշակերտները ընկերակցութեամբ գրադարանի յանձնախումբին եւ պատասխանատուին ուղղուեցան դէպի Սիթի Մոլ։ Անոնք միասնաբար ճաշեցին, ապա շրջեցան վաճառատան մէջ, յետոյ մտան շարժապատկերի սրահ ու դիտեցին «Peter Rabbit» մանկական շարժանկարը ու համտեսեցին համեղ կորեկը…

Read more
«Նարօտ Արտալճեան» Գրադարան

Կազմակերպոպթեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան «Նարօտ Արտալճեան» Գրադարանի յանձնախումբին, Երկուշաբթի, 5 Մարտ 2018-ին, գրադարան այցելեց օրդ. Փաթիլ Մկրտիչեան եւ աշակերտներուն ներկայացուց Յովհաննէս Թումանեանը, սկսելով կեսագրականէն: Ան հետաքրքրական մէջբերումներ կատարեց անոր ընտանիքին, ընկերներուն, կեանքին եւ ստեղծագործութիւններուն, շեշտելով մանկական գրականութեան ոլորտը, մասնաւորաբար հեքիաթները: Քանի մը աշակերտներ պատմեցին իրենց…

Read more
ԼՕԽ-ի  «Նարօտ Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարանի Հանդէս

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի ամառնային հանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 16 սեպտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Հանդէսին նիւթն էր «Փոքրիկ Զբօսաշրջիկները»: Աշակերտները սրահը զարդարած էին նիւթին պատշաճ, իրենց կողմէն պատրաստուած գծագրութիւններով եւ ձեռային աշխատանքներով: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, հանդէսի…

Read more
Սուրբ Զատկուան Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի յանձնախումբը, Երկուշաբթի, 11 Ապրիլ 2017-ին, Սուրբ Զատկուան տօնին առիթով կազմակերպեց հաւաքոյթ մը, ներկայութեամբ գրադարանի ուսուցչուհիներուն եւ յանձնախումբի անդամներուն: Ձեռնարկի ընթացքին ընկհ. Մարիա Ինճէեան պատկերազարդ Ս. Գրային գիրքով մը ներկայացուց Աւագ շաբթուան, Ծաղկազարդի եւ Սուրբ Յարութեան տօներու խորհուրդները, ուր աշակերտները հետաքրքրութեամբ…

Read more
Պտոյտ Դէպի Խաղավայր

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի յանձնախումբը, Շաբաթ, 25 Մարտ 2017-ին, գարնան առաջին օրուան եւ Սուրբ Զատկուան զոյգ տօներուն առիթով, «Ժպիտ» բարեսիրական կազմակերպութեան աջակցութեամբ, կազմակերպեց պտոյտ մը դէպի «Zagazoo» խաղավայրը: Առաւօտեան կանուխ պահերէն, աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ հասան գրադարան, ուրկէ քսանհինգ մանուկներ, իրենց գրադարանի ուսուցչուհիներով եւ յանձնախումբի անդամներով…

Read more
Վարդանանց Տօնակատարութիւն

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան «Նարօտ Ալտալճեան» գրադարանի յանձնախումբը Երեքշաբթի, 21 Փետրուար 2017-ին, կազմակերպեց Վարդանանց տօնակատարութիւն գրադարանի աշակերտներուն համար: Ձեռնարկը սկսաւ Եղիշէ պատմիչի «Մահ ոչ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ անմահութիւն է» նշանաւոր նախադասութեան վերլուծումով: Տեղի ունեցաւ զրոյց, որուն ընթացքին աշակերտները փոխանակեցին Վարդանանց պատերազմի մասին իրենց ունեցած տեղեկութիւնները, անդրադառնալով անոր…

Read more
Թարգմանչաց Տօն

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանի յանձնախումբը, Թարգմանչաց տօնին առիթով, Ուրբաթ, 21 Հոկտեմբեր 2016-ին, կազմակերպած էր փոքր հանդիսութիւն մը, գրադարան յաճախող աշակերտներուն համար: Այդ օր, սովորականէն տարբեր մթնոլորտ մը կը տիրէր գրադարանէն ներս: Յանձնախումբի անդամ՝ ընկհ. Մարիա Ինճէեան, փոքրիկներուն հետ զրոյցի ձեւով եւ տեսերիզի ցուցադրութեամբ ներկայացուց Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցը: Խօսեցաւ անոր կեանքի կարեւոր…

Read more
«Նարօտ Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարան

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութիւնը եւ հոգածութիւնը վայելող «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանը իր ամառնային շրջանը սկսաւ Երկուշաբթի, 4 Յուլիս 2016-ին եւ աւարտեց Ուրբաթ, 16 Սեպտեմբեր 2016-ին: Գրադարան յաճախեցին 6-12 տարեկան փոքրիկներ, որոնց համար ծրագրուած էր ամրան յատուկ յայտագիր, որ իրագործուեցաւ ամէնօրեայ դրութեամբ երկուշաբթիէն ուրբաթ օրերը, ժամը 9:00- 1:00: Ամրան յայտագրի թեման էր ծանօթանալ հեքիաթագիր եւ…

Read more
ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարան"-ի Ամառնային Գործունէութիւն

Հինգշաբթի, 26 Մայիս 2016-ին ԼՕԽ-ի «Ն. Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի աշակերտները մեծ ուրախութեամբ հիւրընկալեցին ընկհ. Շաղիկ Մկրտիչեանը, ներկայութեամբ գրադարանի յանձնախումբի ատենապետուհի՝ տիրամայր Էլօ Զուպոյեանի, ընկհ. Մանուշակ Գիզիրեանի եւ գրադարանի պատասխանատուին: Ընկհ. Մկրտիչեան աշակետները ուրախացուց երկու պատմութիւններով, որոնք տարբեր նիւթեր կը բովանդակէին: Առաջինը՝ երեւակայական պատմութիւն մըն էր, որ հաճելի ձեւով…

Read more
Գրադարանի  փոքրիկները դիտեցին  «Kung Fu Panda» ժապաւէնը

Հրաւէրով եւ կազմակերպութեամբ «Ժպիտ» խմբակին, Շաբաթ, 19 Մարտ 2016-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի յանձնախումբի ընկերուհիները, պատասխանատուն եւ 40 աշակերտներ մեկնեցան դէպի «Le Mall», դիտելու փոքրիկներու յատուկ «Kung Fu Panda» ժապաւէնը, համալիրի շաժապատկերի սրահներէն մէկուն մէջ: Ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեան եւ «Ժպիտ» խմբակի…

Read more
ԼՕԽ-ի «Ն.Արտալճեան » մանկապատանեկան գրադարանի գործունէութիւն

ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանը իր 2015-2016 տարեշրջանը սկսաւ 17 Սեպտեմբեր 2015-ին: Հոն ամէնօրեայ դրութեամբ կը յաճախեն շրջանի զանազան հայկական վարժարաններէ, մանկապարտէզի ծաղիկ դասարանէն մինչեւ եօթներորդ դասարան, 6-էն 12 տարեկան շուրջ 20 աշակերտներ, որոնք հանդարտ եւ խաղաղ մթնոլորտի մէջ, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն 6:00, յատուկ հոգատարութեամբ կը սորվին իրենց յաջորդ օրուան դասերը հսկողութեամբ երկու…

Read more
Զատկուան Ձեռնարկ գրադարանէն ներս

Հովանաւորութեամբ` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ `գրադարանի յանձնախումբին, ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանը նշեց Ս. Զատիկը, Շաբաթ, 12 Մարտ 2016-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին գրադարանէն ներս, ներկայութեամբ 40 փոքրիկներու , որոնք ճոխ եւ ուրախ մթնոլորտի մը մէջ դիմաւորուեցան յանձնախումբի ընկերուհիներուն կողմէ: Փոքրիկներուն համար պատրաստուած էր յատուկ յայտագիր մը, որ սկսաւ գրադարանի պատասխանատուին…

Read more
« Ն. Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարանի Ամանորը

Հովանաւորութեամբ` ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ` ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարանի յանձնախումբին եւ օժանդակութեամբ «Ժպիտ» խմբակին, Շաբաթ, 19 Դեկտեմբեր 2015-ին, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, «Ժպիտ» խմբակի ներկայացուցիչ՝ տիկին Հուրի Գարաճըրճեանի, յանձնախումբի ընկերուհիներուն եւ գրադարանի պատասխանատու ուսուցչուհիներուն, գրադարան յաճախող…

Read more
«Donate A Shoe Box» խմբակի այցելութիւնը

Ուրբաթ, 6 Նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարանի յանձնախումբի ընկերուհիներն ու աշակերտները մեծ ուրախութեամբ հիւրընկալեցին «Donate A Shoe Box» խմբակը, որ շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ ներկայ գտնուեցաւ գրադարանէն ներս, փոքրիկները ուրախացնելու համար խաղերով եւ նուէրներով: «Donate A Shoe Box» խմբակին հետ ծանօթանալէն ետք, փոքրիկները պատասխանեցին անոնց պատրաստած հարցումներուն…

Read more
ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի  ամառնային գործունէութիւն (2015)

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութիւնը եւ հոգածութիւնը վայելող «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի աշակերտները այս ամառ ունեցան ճոխ յայտագրով օժտուած հարուստ գործունէութիւն մը : Արդարեւ, յատուկ մանուկներու համար ծրագրուած ու պատրաստուած ամառնային երկամսեայ յայտագիրը յաջողութեամբ կիրարկուեցաւ ամէնօրեայ դրութեամբ: Երկամսեայ սոյն յայտագիրը կ'ընդգրկէր արժեւորել հայ գիրքը, աշակերտներուն սիրցնել ընթերցանութիւնը…

Read more
ԼՕԽ-ի «Ն.Արտալճեան» գրադարանը (2015)

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնն ու հոգածութիւնը վայելող «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանը արդէն իսկ սկսած է իր ամառնային գործունէութեան, որ կը կատարուի խանդավառ առօրեայով: Հոն կը յաճախեն 5-12 տարեկան փոքրիկներ, որոնց համար ծրագրուած է 2015 ամրան յատուկ յայտագիր, որ կ՛իրագործուի ամէնօրեայ դրութեամբ: Յայտագիրը կ՛ընդգրկէ` հայ գիրքի ընթերցանութիւն, ամառնային յատուկ դասեր, ընդհանուր գիտելիքներու փոխանցում…

Read more
Փոքրերու Յատուկ Պտոյտ (2015)

Հովանաւորութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ՝ « Ն. Արտալճեան » մանկապատանեկան գրադարանի յանձնախումբին, Երեքշաբթի 14 Յուլիս 2015-ին գրադարանի փոքրիկները ապրեցան միօրեայ երկար , բացառիկ եւ ճոխ պտոյտի օր մը դէպի «Քսրուան»-ի գիւղերը։ Սոյն պտոյտին ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան գրադարանի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեան, յանձնախումբի ընկերուհիները եւ շուրջ 25 փոքրիկներ ։ Պտոյտը սկսաւ առաւօտեան ժամը…

Read more
Ս. Զատկուան ձեռնարկ (2015)

Հովանաւորութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ՝ «Նարօտ Արտալճեան» Մանկապատանեկան գրադարանի յանձնախումբին, Շաբաթ, 28 Մարտ 2015, կ.ա ժամը 10։30-ին տեղի ունեցաւ Զատկուան յատուկ ձեռնարկ, Արագածի ժողովրդային տան «Սարգիս Գալայճեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, հիւրերու, ծնողներու եւ 85 փոքրիկներու։ Ձեռնարկը սկսաւ յանձնախումբի ատենապետուհի՝ ընկհ. Էլօ…

Read more
Փոքրիկներու Ամանոր

Հովանաւորութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի յանձնախումբին, Շաբաթ, 20 Դեկտեմբեր 2014-ին , կ. առաջ ժամը 10։00-ին, Արագածի ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւ փոքրիկներու կաղանդի ձեռնարկ մը: Գրադարանի յանձնախումբի ատենապետուհի՝ ընկհ. Էլօ Զոպույեան շնորհաւորեց բոլորին Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց «Ժպիտ» յանձնախումբին , որ աշակերտներուն…

Read more
ԼՕԽ-ի  «Ն. Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարանի Ամառնային Գործունէութիւններէն (2014)

Լ.Օ.Խ- ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանը իր դռները բացաւ որպէս ամառնային շրջան Երկուշաբթի 3Օ Յունիս 2014- ին….. Հոն 4Օ փոքրիկներ 6-12 տարեկան ամէնօրեայ դրոթեամբ կը մասնակցին գրադարանի ամառնային դասընթացքներուն : Դասացուցակը կ՝ընդգրկէ՝ Հայերէն գիրքի ընթերցանութիւն Ամառնային Դպրոցական պարտականութիւններ Խաղեր Համակարգիչի գործածութիւն Գծագրութիւն-- ներկ Ձեռային աշխատանք Պտոյտներ Հիւրասիրութիւն Ամէն Ուրբաթ Զարգացման…

Read more
ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարան Զատիկը (2014)

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի յանձնախումբին, շաբաթ, 12 ապրիլ 2014-ի առաւօտուն Արագածի ժողովրդային տան «Սարգիս Գալայճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Զատկուան հաւաքոյթ, որուն ներկայ գտնուեցան գրադարան յաճախող եւ անոր բարեկամ փոքրիկներ: Գրադարանի հիմնադրութեան 20-ամեակին առիթով կազմակերպուած այս ձեռնարկը նախ կը յատկանշուէր անով, որ ներկայ փոքրիկները ԼՕԽ-ի…

Read more
ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարանը Տօնեց Ամանորը

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ գրադարանի յանձնախումբին, շաբաթ, 21 դեկտեմբեր 2013-ին, «Արագած» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Կաղանդի ձեռնարկ` ներկայութեամբ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամներու, յանձնախումբի անդամներու, հիւրերու, ծնողներու եւ 120 մանուկներու: Բարի գալուստի խօսք արտասանեց գրադարանի պատասխանատու Արփի Շարլագեան եւ շնորհաւորեց ներկաները` մաղթելով, որ Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը առողջ եւ…

Read more
«Արտալճեան»-ցիները Կը Գրեն

Փոքր տարիքէս` 5 տարեկանէս կը յաճախեմ ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանը: Անիկա իմ երկրորդ տունս է, ուր կը սորվիմ կարդալ ու զանազան գիտելիքներ կը ստանամ: Հոն նաեւ սորված եմ օգնել ուրիշներուն, ինչպէս նաեւ ինձմէ փոքրերուն, որպէսզի իրենք ալ կարենան զիրար սիրելով օգնել իրարու եւ հաճելի ժամեր անցընել գրադարանին մէջ: ԱՆԱՀԻՏ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ, 13 տարեկան (Շամլեան-Թաթիկեան) 12 տարեկան եմ, շատ կը սիրեմ «Նարօտ Արտալճեան»…

Read more
«Քսան Տարիներ Ետք Նարօտը Եւ Ես»

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Լիբանանահայ գաղութի կազմաւորման եւ հիմնաւորման մէջ իր կարեւոր դերը ունի Լիբանանահայ օգնութեան խաչը, որ շնորհիւ իր կամաւորներու բանակին` աւելի քան ութ տասնամեակներ շարունակ նեցուկ կանգնած է սերունդներուն թէ՛ ֆիզիքական առողջութեան եւ թէ՛ մտային զարգացման, ինչպէս նաեւ ընծայած է այլազան ծառայութիւններ: Այս ծիրին մէջ կ՛իյնայ ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանը: Պուրճ Համուտի հայահոծ թաղերէն մէկուն…

Read more