Զատկուան Ձեռնարկ գրադարանէն ներս

This page is not yet available in this language.

Հովանաւորութեամբ` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ `գրադարանի յանձնախումբին, ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանը նշեց Ս. Զատիկը, Շաբաթ, 12 Մարտ 2016-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին գրադարանէն ներս, ներկայութեամբ 40 փոքրիկներու , որոնք ճոխ եւ ուրախ մթնոլորտի մը մէջ դիմաւորուեցան  յանձնախումբի ընկերուհիներուն կողմէ:

Փոքրիկներուն համար պատրաստուած էր յատուկ յայտագիր մը, որ սկսաւ գրադարանի պատասխանատուին խօսքով, ապա բեմ հրաւիրուեցաւ յանձնախումբի ատենապետուհի՝ Տիրամայր էլօ Զոպուեանը, ուր փոքրիկներուն բացատրութիւններ տուաւ Զատկուան հաւկիթի նշանակութեան մասին:

Այնուհետեւ, փոքրիկները խաղացին խաղեր, ստացան նուէրներ եւ հիւրասիրուեցան: Տեղի ունեցաւ նաեւ հաւկթախաղ: Բոլորը բարձր տրամադրութեամբ բաժնուեցան գրադարանէն: