ԼՕԽ-ի «Ն.Արտալճեան » մանկապատանեկան գրադարանի գործունէութիւն

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանը իր 2015-2016 տարեշրջանը սկսաւ 17 Սեպտեմբեր 2015-ին: Հոն ամէնօրեայ դրութեամբ կը յաճախեն շրջանի զանազան հայկական վարժարաններէ, մանկապարտէզի ծաղիկ դասարանէն մինչեւ եօթներորդ դասարան, 6-էն 12 տարեկան շուրջ 20 աշակերտներ, որոնք հանդարտ եւ խաղաղ մթնոլորտի մէջ, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն 6:00, յատուկ հոգատարութեամբ կը սորվին իրենց յաջորդ օրուան դասերը հսկողութեամբ երկու ուսուցչուհիներու:

Դասերը ամբողջացնող աշակերտը կը զբաղի ընթերցանութեամբ մինչեւ ծնողքին ժամանումը, ապա ցտեսութիւն ըսելով կը բաժնուի գրադարանէն եւ իր ընկերներէն:

Յարատեւ վերելքի լաւագոյն մաղթանքներ ԼՕԽ-ի գրադարանին: