Ուրբաթ, 6 Նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարանի յանձնախումբի ընկերուհիներն ու աշակերտները մեծ ուրախութեամբ հիւրընկալեցին «Donate A Shoe Box» խմբակը, որ շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ ներկայ գտնուեցաւ գրադարանէն ներս, փոքրիկները ուրախացնելու համար խաղերով եւ նուէրներով:
«Donate A Shoe Box» խմբակին հետ ծանօթանալէն ետք, փոքրիկները պատասխանեցին անոնց պատրաստած հարցումներուն, մասնակցեցան հանելուկ խաղերուն, երգեցին եւ արտասանեցին :
Ապա հատեցին խմբակին կողմէ տրամադրուած կարկանդակը որմէ ետք յիշատակի նկարներ նկարուեցան եւ իւրաքանչիւր փոքրիկ ստանալով տոպրակ մը լեցուն գրենական պիտոյք գոհունակ սրտով հրաժեշտ տուաւ գրադարանին:
Վարձքը կատար «Donate A Shoe Box» խմբակին:









