«Քսան Տարիներ Ետք Նարօտը Եւ Ես»

This page is not yet available in this language.

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Լիբանանահայ գաղութի կազմաւորման եւ հիմնաւորման մէջ իր կարեւոր դերը ունի Լիբանանահայ օգնութեան խաչը, որ շնորհիւ իր կամաւորներու բանակին` աւելի քան ութ տասնամեակներ շարունակ նեցուկ կանգնած է սերունդներուն թէ՛ ֆիզիքական առողջութեան եւ թէ՛ մտային զարգացման, ինչպէս նաեւ ընծայած է այլազան ծառայութիւններ: Այս ծիրին մէջ կ՛իյնայ ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանը:

Պուրճ Համուտի հայահոծ թաղերէն մէկուն համեստ շէնքի մը առաջին յարկին մերթ խոնաւ, մերթ կիզիչ տան մը մէջ քսան տարիներ առաջ Նարօտ Արտալճեան «կու գայ» հիմնելու մինչեւ օրս գործող գրադարանը: Տուն կ՛ըսեմ, որովհետեւ այն յարկաբաժինը, ուր կը հաւաքուէինք, ունէր եւ տակաւին ունի տուն հասկացողութիւնը: Կը յիշեմ Նարօտին նկարը` զետեղուած գունաւոր  շրջանակի մը մէջ,  պատին վրայ, առանց հասկնալու տակաւին, թէ ո՞վ է այդ գեղեցիկ մանուկը, որ գիրքերուն եւ այլ զարդարանքներուն կողքին իր յատուկ տեղը ունէր գրադարանին մէջ: Չէի հասկցած այն ժամանակ, թէ Նարօտին շնորհիւ այս պզտիկ յարկաբաժինը պիտի դառնար ամէնէն հարազատ վայրը, ուր պիտի հաւաքուէին աւելի քան տասը սերունդներ: Չէի ըմբռնած, որ Նարօտը պիտի ըլլար մեզ` գիրքերս եւ ընկերներս մէկտեղող գործօնը:

Առաջին անգամ երբ սկսայ յաճախել ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարան, որուն անունը արտասանելը այնքան հոգեհարազատ է, որքան` անոր ձգած յիշատակները, տակաւին նախակրթարանի աշակերտ էի: Կը յիշեմ յարկին հին կահ-կարասիները եւ մոխրագոյն գորգը: Շատ կը սիրէի գրադարանին սենեակները իրարմէ բաժնող դռներուն գունաւոր բռնիչները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր ետեւ կը պահէր տարբեր դասարան եւ տարբեր դասապահ, տարբեր պատմութիւններ եւ տարբեր խաղեր ու մրցումներ: Իւրաքանչիւր դասարան ունէր իրեն յատուկ ծրագիրը, հետեւաբար իւրաքանչիւրին պատը զարդարուած էր իրեն յատուկ ձեռային աշխատանքներով, եւ ես ամէն տարի դասարանի մը աշակերտը ըլլալով` կը յագեցնէի Նարօտին պատրաստած ծրագիրին հաւատացած ըլլալուս ծարաւը: Անհամբեր կ՛ըլլայի նստելու գունաւոր սեղանին շուրջ եւ կարդալու ուզած գիրքս, ապա` ընկերներուս պատմելու այդ օրուան կարդացածս:

Մի՛ զարմանաք, երբ կը յիշեմ ու կը խօսիմ գրադարանին անկիւններուն մասին կամ կահ-կարասիներուն մասին, կամ` գունաւոր բռնակներուն մասին, քանի որ գրադարանիս ֆիզիքական գոյութեան մէջ պահած եմ իմ բոլոր ընկերներուս հետ անցուցած յիշատակներս: Այսօր, երբ կը մտնեմ ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանը, չեմ գտներ նախկին կահաւորումը: Այսօր արդէն իսկ յարկաբաժինը օժտուած է գիրքերու նոր դարաններով, նորոգուած սենեակներով, օդափոխիչով, կերպընկալէ նոր սեղաններով ու աթոռներով: Փոքրիկներուն համար կան նոր հեռատեսիլ, համակարգիչներ ու նոր խաղեր: Այս բոլորին կողքին, սակայն, անխախտ մնացած է «Նարօտ»-ին պարգեւած ընտանեկան եւ ընկերային մթնոլորտը` մեզի այնքան սիրելի Պուրճ Համուտի այս թաղամասին մէջ հաստատուած գրադարանին ընդմէջէն:

Նարօտը այսօր դարձած է քսան տարեկան: Նարօտին հոգին տակաւին կը սաւառնի իր յիշատակին անուանուած գրադարանին մէջ ու ան կ՛օգնէ, որ Լիբանանահայ օգնութեան խաչը կարենայ մնալ յառաջատար իր գործունէութեան մէջ: Անոր երկնային ժպիտին տակ կը շարունակեն հասակ նետել եկող սերունդներն ու ստանալ թէ՛ մտային եւ թէ՛ հոգեկան հարստութիւն` շնորհիւ անոր ընծայած առողջ դաստիարակիչ մթնոլորտին:

Ընտանիք է, որ ես ունեցայ գրադարանին մէջ Նարօտին շնորհիւ ու դարձայ անոր ընտանիքին մէկ մասնիկը: Ուրախ եմ, որ տակաւին կը գործէ այս գրադարանը Պուրճ Համուտի մէջ` Լիբանանահայ օգնութեան խաչի հովանիին տակ: