ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութիւնը եւ հոգածութիւնը վայելող «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի աշակերտները այս ամառ ունեցան ճոխ յայտագրով օժտուած հարուստ գործունէութիւն մը :
Արդարեւ, յատուկ մանուկներու համար ծրագրուած ու պատրաստուած ամառնային երկամսեայ յայտագիրը յաջողութեամբ կիրարկուեցաւ ամէնօրեայ դրութեամբ: Երկամսեայ սոյն յայտագիրը կ'ընդգրկէր արժեւորել հայ գիրքը, աշակերտներուն սիրցնել ընթերցանութիւնը, կատարել անոնց ամառնային դասերը, բազմապատկել ընդհանուր զարգացման գիտելիքները, խաղալ մտային եւ դաստիարակչական խաղեր, գծագրութեան յատուկ պահեր, ձեռային աշխատանքներ , համակարգիչի գործածութիւն ինչպէս նաեւ պտոյտներ Լիբանանի տարբեր տեսարժան վայրեր:
Իրագործուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ գրադարանի յանձնախումբին, Ուրբաթ, 28 Օգոստոս 2015-ին, քսան աշակերտներ այցելեցին «Պիքֆայա»-ի դպրեվանքը, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, յանձնախումբի ընկերուհիներուն եւ պատասխանատուին:
Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ դիտեցին դպրեվանքի նորակառոյց բաժինը: Իւրաքանչիւր արձանի առջեւ նկարուեցան ուր մանրամասն բացատրութիւն տրուեցաւ անոնց դպրեվանքի միաբաններէն՝ հայր Վիգէն-ի կողմէ որ դիմաւորեց զիրենք, ուղղեց դէպի եկեղեցի, աղօթեց եւ բացատրեց հայ ըլլալու արժէքը: Աշակերտները խաչահամբոյրով բաժնուեցան վանքէն եւ մեկնեցան դէպի «Պիքֆայա»-ի քաղաքապետարանի խաղավայրը, ուր ամբողջ օրը խաղացին, կերան, զուարճացան եւ ժամը 4:00-ին վերադարձան գրադարան:
Երկուշաբթի, 31 Օգոստոս 2015-ին տեղի ունեցաւ փակում գրադարանի ամառնային շրջանին : Այդ օրը Գրադարանէն ներս կատարուեցաւ ճոխ յայտագիր մը , խաղեր, կերուխում, նուէրներու բաշխում, ամառնային ձեռայիններու ստանձնում եւ հրաժեշտ:















