« Ն. Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարանի Ամանորը

This page is not yet available in this language.

Հովանաւորութեամբ` ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ` ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարանի յանձնախումբին եւ օժանդակութեամբ «Ժպիտ» խմբակին, Շաբաթ, 19 Դեկտեմբեր 2015-ին, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, «Ժպիտ» խմբակի ներկայացուցիչ՝ տիկին Հուրի Գարաճըրճեանի, յանձնախումբի ընկերուհիներուն եւ գրադարանի պատասխանատու ուսուցչուհիներուն, գրադարան յաճախող աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ տօնեցին ամանորի խրախճանքը McDonald’s ճաշարանին մէջ (Տօրա):

Յիսուն փոքրիկներ շուրջ 3 ժամ տեւողութեամբ խաղացին, երգեցին, պարեցին եւ հիւրասիրուեցան: Խանդավառութիւնը հասաւ գագաթնակէտին երբ նուէրներու տոպրակը շալակին ժամանեց Կաղանդ Պապուկը եւ իւրաքանչիւր փոքրիկի յանձնեց նուէր մը:

Փոքրիկները ուրախ տրամադրութեամբ եւ Նոր Տարուան ու Ս. Ծննդեան լաւագոյն մաղթանքներով բաժնուեցան իրարմէ:

Վարձքը կատար բոլորին:

Շնորհակալութիւն «Ժպիտ» խմբակին:

Յարատեւ վերելքի լաւագոյն մաղթանքներ սիրելի «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանին: