ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի յանձնախումբը, Շաբաթ, 25 Մարտ 2017-ին, գարնան առաջին օրուան եւ Սուրբ Զատկուան զոյգ տօներուն առիթով, «Ժպիտ» բարեսիրական կազմակերպութեան աջակցութեամբ, կազմակերպեց պտոյտ մը դէպի «Zagazoo» խաղավայրը:
Առաւօտեան կանուխ պահերէն, աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ հասան գրադարան, ուրկէ քսանհինգ մանուկներ, իրենց գրադարանի ուսուցչուհիներով եւ յանձնախումբի անդամներով մեկնեցան խաղավայր, ուր անցուցին շատ հաճելի եւ ուրախ պահեր:
Մանուկները խաղացին, ճաշեցին, ապա խանդավառ ժպիտներով եւ անմոռանալի յիշատակներով վերադարձան իրենց տուները:






