ԼՕԽ-ի "Անի" մասնաճիւղի վարչութիւնը Չորեքշաբթի, 30 Մարտ 2022-ին կազմակերպեց Ընկերային հանդիպում մը Ժտէյտիի “Անի” ակումբին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ -ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ` ընկհ. Սեւան Կարապետեան֊Ադամեանի եւ շուրջ 25 ընկերուհիներու ու համակիրներու։ Մասնաճիւղի ատենապետուհի` ընկհ. Լենա Մելքիսեթեան կատարեց ձեռնարկի Բացման խօսքը, բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնելով վարչական ընկերուհիներուն…
Read moreԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի (Ժտէյտի) վարչութիւնը իր 2018 տարուան առաջին ձեռնարկը՝ «Սիրոյ Սեղան» կատարեց Հինգշաբթի, 15 Փետրուարին, «Անի» ակումբին մէջ: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին ակումբի բարերար՝ պրն. Ներսէս Տէտէյեանի յիշատակը: Իր բացման խօսքին մէջ, ատենապետուհի ընկհ. Մարալ Վարդապետեան շեշտը դրաւ հոգեկան խաղաղութեան վրայ: Ապա, Ֆանարի մատրան հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Միքայէլ քհն…
Read moreԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի վարչութիւնը, Երեքշաբթի, 26 Դեկտեմբեր 2017-ին, այցելեց ՔԱՀԼ-ի տարեցներու տունը եւ տեսակցութիւն ունեցաւ հոն ապաստանած ծերունիներուն հետ: Ընկերուհիները ասմունքով ու երգերով հաճելի պահեր ունեցան անոնց հետ եւ նուէրներով ուրախացուցին զանոնք:
Read moreԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած ուխտագնացութիւնը դէպի հարաւային Լիբանան տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 19 Մայիս 2017-ին: Ուխտագնացութիւնը ընթացք առաւ առաւօտեան ժամը 8:30-ին, «Անի» ակումբէն: Առաջին հանգրուանը եղաւ Մաղտուշէի «Սէյիտէդ Ալ Մանդարա» սրբավայրի փառահեղ տաճարը, ուր ուխտագնացները դիմաւորուեցան պատասխանատու կղերականի մը կողմէ, որ բացատրութիւններ տուաւ սրբավայրի մասին: Անոնք այցելեցին նաեւ «Տէյր Մըխալլէս» մատուռը…
Read moreԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի (Ժտէյտէ) վարչութիւնը կազմակերպած էր հաւաքոյթ մը՝ «Brunch», որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2016-ի առաւօտեան, «Անի» ակումբին մէջ: Հաւաքոյթին ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ընկերուհիներէն՝ Հուրի Պաժիկեանն ու Մարալ Յովհաննէսեանը, քոյր մասնաճիւղերէ ընկերուհիներ, հրաւիլեալներ եւ համակիրներ: Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, խօսքը տրուեցաւ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն վկայեալ հիւանդապահուհի՝…
Read moreՇաբաթ, 21 Մայիս 2016-ին, ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի (Ժտէյտէ) վարչութեան կազմակերպած «Խորովածի Երեկոն» տեղի ունեցաւ, «Անի» ակումբի դիմացը գտնուող հանրային պարտէզի ծաղկաստանին մէջ: Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, բացման Խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Հուրի Պաճիքեանը: Ան յիշեց վարդերու ամիս՝ Մայիս ամսուան կարեւոր տօները, ինչպէս մայրերու նուիրուած օր, Համբարձման տօն, Հայաստանի անկախութիւն եւայլն... Ապա հրաւիրեց…
Read moreԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի վարչութիւնը (Նահր Էլ Մոթ )ձեռնարկած է հայկական պարի դասընթացք մը, որ ընթացք առաւ Յունուար 2016-ին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ ներկայ վարչութեան տարեշրջանին աւարտը՝ Մայիս 2016: Դասընթացքը տեղի կ'ունենայ շրջանի ակումբէն ներս, շաբաթական դրութեամբ, հինգշաբթի օրերը, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն 5:00, պարուսոյց ունենալով Օրդ. Հուրի Գալայճեանը: Դասընթացքին կը մասնակցին 16 ընկերուհիներ, որոնք շատ հաճելի եւ ուրախ…
Read moreՍուրբ Սարգիս Զօրավարի Տօնը Այնճարի Մէջ Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի սրահը ուրբաթ, 22 յունուար 2016ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին լեցուած էր ընկերուհիներով եւ ԼՕԽ-ի համակիրներով` միասնաբար նշելու Սուրբ Սարգիս Զօրավարի անուանակոչութեան տօնը: Մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբի անդամ Անի Տիւքենճեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք օրուան պատգամը տուաւ Այնճարի նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանը…
Read moreԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի վարչութեան (Ժտէյտի) կազմակերպած «Բարեկենդանի Հանդիպում»-ը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 11 Փետրուար 2016-ի առաւօտեան, «Անի» ակումբի սրահին մէջ: Ներկայ էին Շրջանային Վարչութենէն, մասնաճիւղերէ, յանձնախումբերէ ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ, համակիրներ եւ հրաւիրեալներ: Տարրալուծարանի մասնագէտ եւ ԼՕԽ-ի առողջապահական յանձնախումբի տարիներու գործօն անդամուհի՝ ընկհ. Շաքէ Բարմաքսըզեան հրաւիրուած էր դասախօսելու, նիւթ ունենալով…
Read more«Ա. Ազիրեան» (նոր Սիս) Հինգշաբթի, 12 նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազիրեան ակումբի, «Ա. Գապագեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախաճաշի հաւաքոյթ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Վարդուհի Տէվէլեանի, 75 ԼՕԽ-ականներու եւ համակիրներու: Վարչութեան ատենապետ Թալին Պալթարեան բարի գալուստ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք պատուեցին եւ քաջալերեցին ձեռնարկը: Ապա հրաւիրեց երետասարդ երգիչ` Յարութ…
Read moreՇաբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2015-ին, Ժտէյտէի հանրային պարտէզին մէջ, տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի (Նահր էլ մոթ ) վարչութեան կազմակերպած «Խորովածի Երեկոյ» ձեռնարկը: Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, ատենապետուհի՝ ընկհ. Հուրի Պաժիքեան իր բացան խօսքով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ անդրադարձաւ ԼՕԽ-ի առաքելութեան եւ «Ժողովուրդէն՝ Ժողովուրդին» բնաբանին: Երեկոն ընթացաւ ճոխ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ: Գեղարուեստական յայտագրով իրենց…
Read moreՀովանաւորութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան , Ժտէյտիի «Անի» մասնաճիւղին Brunch-ը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 5 Մայիս 2015-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11։00-ին «Outdoor» ճաշարանին մէջ Տըպպայյէ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեն ներկայացուցիչ ընկհ. Վարդուհի Տուլեանի, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հիւրերու: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄի քայլերգներէն ետք ,վարչութեան ատենապետուհի՝ Հուրի Պաժիքեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու…
Read moreԼՕԽ-ի Ժտէյտիի «Անի» մասնաճիւղի Ամանորի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 19 Դեկտեմբեր 2014- ին, շրջանի «Անի» ակումբին մէջ։ Վարչութեան ատենապետուհի՝ընկհ. Հուրի Պաճիքեան խօսք առնելով իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց եւ անդրադարձաւ ԼՕԽ-ի հսկայ գործունէութեան եւ աշխատանքներուն մասին, ինչպէս նաեւ ներկայացուց ամանորի կիրարկուող աւանդութիւններու եւ սովորութիւններու մասին տեղեկութիւններ։ Կաղանդ մաման ուրախ մթնոլորտ ստեղծեց իր…
Read moreՀինգշաբթի 23 Հոկտեմբեր 2014-ին, Ժտէյտէյի ԼՕԽի «Անի» մասնաճիւղի նախաճաշի ձեռնարկն էր, առաւօտեան ժամը 10:00-ին «Անի» ակումբին դիմացի հանրապարտէզին մէջ։ Ներկայ էին Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչը, յանձնախումբերէ եւ ԼՕԽ-ի տարբեր մասնաճիւղերէ ընկերուհիներ եւ հիւրեր։ Մեղմ կլիման ու հայկական երգերու մթնոլորտը պարտէզին մէջ հաճելի էր։ Վարչութեան ատենապետուհին բացման խօսքով նշեց, թէ «Եղեռնի 100 ամեակի նախօրեակին ենք, հայուն…
Read moreԼիբանանահայ օգնութեան խաչի Ժտէյտէի «Անի» մասնաճիւղին վարչութիւնը սրտի պարտք համարեց, որ իր այցելութիւններուն առաջինը ըլլայ ՔԱՀԼ-ի կեդրոն` մեր սիրասուն մամիկներուն, անսալով Արամ Ա. վեհափառի կոչին, որ 2014 տարին «Տարեցներու տարի» հռչակեց եւ պատգամեց յատուկ հոգածութիւն ցուցաբերել ծերին: Ուստի, վարչութիւնը ուրբաթ, 28 մարտ 2014-ի առաւօտուն ՔԱՀԼ այցելեց` օրուան մը ճաշի ծախսը ստանձնելով: Նախապէս որոշուած կարգադրութեամբ, աւելի քան…
Read moreԼՕԽ-ի Ժտէյտէի «Անի» մասնաճիւղի վարչութիւնը 10 ապրիլին այցելեց «Թռչնոց բոյն» եւ նիւթական պարգեւ յատկացուց կեդրոնին: ԼՕԽ-ականները ընդունուեցան հաստատութեան տնօրէն Սամուէլ Պոյաճեանի կողմէ, որ ներկայացուց իրենց աշխատանքները, առօրեան, ընթացիկ հարցերու մասին եւս տեղեկութիւններ տալով: Հանդիպումին ընթացքին տնօրէնին յատկացուեցաւ նուիրատուութիւնը: Անկէ ետք ԼՕԽ-ականները այցելեցին եկեղեցի, անոր ետին գտնուող հայ որբերու գերեզմանատուն:
Read moreՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղին Բարեկենդանի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 21 փետրուար 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ «Սիթատել» ճաշարանին մէջ: Ներկայ էր Շրջանային վարչութեան ատենապետն ու մասնաճիւղին ներկայացուցիչը, նաեւ յանձնախումբերէ, տարբեր մասնաճիւղերէ անդամներ եւ բարեկամուհիներ: Մուտքին բաժնուեցան գոյնզգոյն դիմակներ` ըստ հին սովորութեան: Երեք քայլերգներու…
Read moreՀինգշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2013-ին ԼՕԽ-ի Ժտէյտէի «Անի» մասնաճիւղի Ամանորի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ «Անի» ակումբին մէջ: Երեք քայլերգներու (Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի) յոտնկայս ունկնդրելէ ետք, վարչութեան ատենապետ Հուրի Պաժիքեան արտասանեց բացման խօսքը: Ան ներկայացուց վարչութեան գործունէութիւնը: Ան ողջունեց ներկաները, որոնց շարքին էին երկու հիմնադիր անդամներ` Պայծառ Գլընճեան եւ Շուշան Արսլանեան, ինչպէս նաեւ Շրջանային վարչութեան…
Read moreԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղին վարչութիւնը, որպէս 2013-2014 տարեշրջանի առաջին ձեռնարկ, ուզեց սովորականէն տարբեր բան մը յաջողցնել: Ուստի ծրագրեց, աշխատեցաւ եւ ի գին դժուարութիւններու կրցաւ իրականացնել խորովածի երեկոյ մը, Ժտէյտէի քաղաքապետութեան հանրային պարտէզին մէջ,19 հոկտեմբեր 2013-ին: Ներկայ եղան շուրջ 70 անձեր` կոմիտէութենէն, «Անի» ակումբի վարչութենէն, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութենէն, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան յանձնախումբերէն…
Read more28 Մայիս 2013-ին, ԼՕԽ-ի “Անի” մասնաճիւղի (Ժտէյտի) դաշտագնացութիւնը սկսաւ առաւօտեան ժամը 8-ին: Ներկայ էին Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհին եւ “Անի” մասնաճիւղի մօտ Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկերուհիները: Լօխ-ի տարբեր մասնաճիւղերէ ընկերուհիներ, մասնաճիւղի վարչութիւնը, շրջանի ընկերուհիները եւ հիւրեր... Ընդամէնը 55 հոգի: Առաջին հանգրուանը ՛Հարիսա՛ Աստուածամօր ուխտավայրն էր, ուր եկեղեցին աղօթք կատարուեցաւ: 2-րդ այցելութիւնը…
Read moreՈւրբաթ, 14 դեկտեմբեր 2012-ին «Անի» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի ձեռնարկը: Ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչները, ԼՕԽ-ի տարբեր մասնաճիւղերէ, յանձնախումբերէ ընկերուհիներ, ԼՕԽ-ի բարեկամուհիներ, մօտ` 60 հոգի: «Անի» ակումբը կը պսպղար Նոր տարուան յատուկ փայլուն ու գունագեղ զարդարանքներով: Հրաւիրուած էր Սիլվա Գանգրունի-Մուրատեան` Կաղանդ պապայի դերը կատարելու: Վարչութեան ատենապետ Սեւան Ադամեան իր հմուտ…
Read moreՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, հինգշաբթի, 10 մայիս 2012-ի առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, Զալքայի «Մշրապիէ» ճաշարանին մէջ փառաշուք հանդիսութեամբ նշուեցաւ ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղին հիմնադրութեան 40-ամեակը: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգները յոտնկայս ունկնդրելէ ետք, մասնաճիւղի ատենապետ Սալբի Թորիկեան բացուած յայտարարեց ձեռնարկը: Բացման խօսքին մէջ ատենապետը հակիրճ ձեւով ներկայացուց ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղին…
Read moreԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած էր ձեռնարկ մը, Նահր Մոթի ակումբին մէջ, հինգշաբթի, 24 մարտ 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին: Սեղանները շատ գեղեցիկ զարդարուած էին պահքի համեղ ճաշերով` պատրաստուած շրջանի վարչական ընկերուհիներուն կողմէ: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք վարչութեան ատենապետ Սալբի Թորիկեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հրաւիրեց օրուան դասախօսուհին` Յասմիկ Գէորգեանը, որ փոխանցէ մեր…
Read more




















