28 Մայիս 2013-ին, ԼՕԽ-ի “Անի” մասնաճիւղի (Ժտէյտի) դաշտագնացութիւնը սկսաւ առաւօտեան ժամը 8-ին: Ներկայ էին Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհին եւ “Անի” մասնաճիւղի մօտ Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկերուհիները: Լօխ-ի տարբեր մասնաճիւղերէ ընկերուհիներ, մասնաճիւղի վարչութիւնը, շրջանի ընկերուհիները եւ հիւրեր... Ընդամէնը 55 հոգի:
Առաջին հանգրուանը ՛Հարիսա՛ Աստուածամօր ուխտավայրն էր, ուր եկեղեցին աղօթք կատարուեցաւ: 2-րդ այցելութիւնը Զմմառու վանքն էր, եկեղեցի ու թամբարան, ուր պատասխանատու մը մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց:
Կէսօրուայ ճաշը տեղի ունեցաւ գեղեցիկ եւ օդասուն ‘’Քասր ըլ շարք’’ ճաշարանին մէջ : Համադամ ճաշին հետ զուգահեռ,վարչական ընկերուհիներ հաճելի մթնոլորտ ստեղծեցին՝ երգ, շուրջպար, զուարճալի պահեր: Եղան նուիրատուութիւններ, նաեւ անխուսափելի վիճակահանութիւն: Բախտաւորները ստացան որակաւոր նուէրներ:
Վերադարձի ճամբուն վրայ տեղի ունեցաւ ուխտատեղի ՛Մար Էլիաս՛ այցելութիւնը :
Ներկաները ինչպէս միշտ, լիացած ու գոհ սրտով, շնորհակալական արտայայտութիւններով վերադարձան իրենց տուները:




